Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի խօսքով` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է յաջողցնել, որպէսզի անոնք ծնունդ տան համահայկական ռազմավարական ուժի մը: Ան նշեց, որ ատիկա Դաշնակցութեան քաղաքական հայեցակարգն է:
«Թերթ»-ը Մուրատ Փափազեանին կարծիքը առած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ սփիւռքի նախարարութեան հաւանական լուծարման վերաբերեալ: «Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնականութիւնը մեր գլխաւոր պաշարն է: Զօրացնել սփիւռքը, զօրացնել Հայաստանը, զօրացնել Հայաստան-սփիւռք իրականութիւնը, որպէսզի դառնայ մէկ միաւոր, որպէսզի վերջապէս իրականութիւն դառնայ Դաշնակցութեան` «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» տեսլականը: Համոզուած չեմ, որ լուծարելով սփիւռքի նախարարութիւնը` դրական նպատակի պիտի հասնինք», ըսաւ ան:
Մուրատ Փափազեանի համաձայն, սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ կայ երկխօսութեան, մտքերու փոխանակման կարիք, կարիք կայ նաեւ, որ սփիւռքի կողմէ հասկնալի դառնայ, թէ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանը ո՛ւր կը տանի: Պէտք է համաձայնիլ, որ սփիւռքն ալ պէտք է առիթ ունենայ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացնելու իր 100 տարուան պատմութեան ճամբորդութիւնը, այսօրուան եւ վաղուան հրամայականները, նպատակները, ռազմավարութիւնը»:
Ան ընդգծեց, որ ճիշդ է, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նշանակուած սփիւռքի նախարարը շատ չհետաքրքրուեցաւ սփիւռքով: «Ֆրանսայի օրինակը շատ հետաքրքրական է: Երբ եկաւ Ֆրանսա, չդիմեց գոյութիւն ունեցող հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին, որ պաշտօնապէս կը ներկայացնէ հայկական կազմակերպութիւնները թէ՛ ֆրանսական, թէ՛ հայկական կառավարութիւններուն մօտ:
«Արդեօք նախարարի եզրայանգումներու հիման վրա՞յ Նիկոլ Փաշինեանը որոշած է լուծարել սփիւռքի նախարարութիւնը: Չհասկցանք որոշումին իմաստը, չհասկցանք այդ որոշումին առաւելութիւնը: Չհասկցանք նաեւ, թէ ի՛նչ պատճառով այս որոշումը կրնայ իրականացուիլ առանց սփիւռքի հետ խորհրդակցութեան», ըսաւ ան:
Փափազեան կոչ ուղղեց վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին, որ նկատի ունենայ բոլոր տարբերութիւնները իբրեւ հարստութիւն` ի նպաստ ժողովուրդին, երկրին եւ ազգին: «Այսօր համաձայն ենք, որ յեղափոխութիւնը պէտք է շարունակուի` երկիրը տանելով դէպի ժողովրդավարութիւն, այսինքն` դէպի բոլոր տարբերութիւններուն նկատմամբ յարգանք եւ զարգացում: Պէտք չէ ուրախանանք, որ ընտրութիւնները աւարտեցան ստալինեան արդիւնքներով: Ընդունինք նաեւ, որ դրական չէ երկրին համար խորհրդարանին մէջ ընդդիմութիւն չունենալը: Յետյեղափոխական մթնոլորտը շատ բնական է, ինչ որ երկրորդեց Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր դաշինքի յաղթանակը: Այս մթնոլորտին մէջ ընդդիմութեան գաղափարը, բնականաբար, վարկաբեկուած է», ըսաւ ան:
Իսկ թէ ինչու վարկաբեկուած է, ըստ Մուրատ Փափազեանի, որովհետեւ ժողովուրդի խանդավառութիւնը այդ արդիւնքը կը ստեղծէ: «Այդ մթնոլորտին մէջ Դաշնակցութիւնը որոշած է ստանձնել ընդդիմադիր կուսակցութեան դերը: Դաշնակցութիւնը, այո՛, քաջ կուսակցութիւն է: Բայց այդ որոշումը փակեց իր առջեւ դռները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ եթէ Դաշնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ ըլլար, շատ աւելի դրական պիտի ըլլար Հայաստանի պատկերը միջազգային հարթակին վրայ:
«Պայքարը երկրի ժողովրդավարացման համար շատ կարեւոր է ապագային համար: Պէտք է այդ պայքարը քաջութեամբ շարունակել, դժբախտաբար, խորհրդարանէն դուրս: Պէտք չէ սխալիլ. ի նպաստ Հայաստանի շահերուն պէտք է պայքարինք: Պէտք է ո՛չ միայն ընդունիլ, այլ նաեւ քաջալերել որեւէ ընդդիմութեան կազմաւորում, որ փաստօրէն կը ներկայացուի Դաշնակցութեան շուրջ: Նիկոլ Փաշինեանի ջախջախիչ յաղթանակը իրեն կու տայ շատ կարեւոր պատասխանատուութիւններ, մեծ յոյսեր եւ մտահոգութիւններ:
«Այսօրուան պատմական առիթը, որ ունի վարչապետը, պարտաւոր է վերածել յաջողութեան: Երկու անգամ չի կրնար նման պատմական առիթ ըլլալ: Հետեւաբար, առիթ կայ կեդրոնանալու երկրի, ժողովուրդի եւ ազգի առաջնահերթութիւններուն վրայ: Պէտք է փայլուն ապագայ ապահովենք միասին, եւ պէտք է ամբողջովին ոչնչացնել սեւ անցեալի սատանաները», ըսաւ ան: