ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Անձնական փորձառութիւն մը պիտի ունենաք: Պիտի զրուցէք համաձայնութեան կամ պայմանագիրի մը մասին: Պիտի համակերպիք նոր ու տարբեր պայմաններու:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Որոշում մը տալու պատճառով ձեր տան մէջ քիչ մը իրարանցում տեղի պիտի ունենայ, բայց շուտով խաղաղութիւն պիտի տիրէ: Կարեւոր տեղեկութիւններ պիտի ստանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հանդարտեցուցէք մթնոլորտը եւ հարազատներու հետ վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք: Համբերութիւն ունեցէք: Խնդիրներ մի՛ ունենաք նաեւ ձեր ընկերներուն հետ, որոնց պէտք կրնաք ունենալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ապահով պիտի զգաք եւ նորութիւններու հետ պիտի վարուիք հեշտութեամբ ու ճկունութեամբ: Նոր յարաբերութիւններ պիտի մշակէք: Ընկերային գետնի վրայ պիտի փայլիք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պէտք ունիք հանդարտ մթնոլորտի, որպէսզի կարենաք թօթափել ձեր յոգնութիւնը: Նախանձոտ մարդիկ նեղութիւն պիտի տան ձեզի, բայց դուք պէտք չէ անոնց վրայ ուշադրութիւն դարձնէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Աշխատանքային կամ ընկերային գետնի վրայ կարեւոր դերակատարութիւն մը պիտի ունենաք: Եթէ ամուրի էք, պիտի ունենաք սիրային հանդիպում մը, որ պիտի լեցնէ ձեր ապրած պարապութիւնը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Թշնամական կեցուածքներէ հեռու կեցէք: Ձեր հարազատներէն մէկուն հարցով պիտի մտահոգուիք: Պիտի հրաժարիք յարաբերութենէ մը: Ձեր սիրեցեալը տարբեր երկիր պիտի ճամբորդէ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Այս օրերուն պիտի զգաք ձեր ուժին եւ կարողութիւններուն մասին: Դուք կրնաք ձեր տիրապետութեան տակ առնել ձեր շրջապատը: Կատարուածներուն պատճառով անակնկալի մի՛ գաք եւ իրար մի՛ անցնիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր շուրջիններուն վերաբերմունքին մասին բացատրութիւն կը պահանջէք եւ ձեր ուղղած հարցումներուն` արագ պատասխան: Փորձեցէք հանդարտ մնալ` հակառակ բոլոր պայմաններուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր ընտանիքին, սիրեցեալին եւ հարազատներուն հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: Տարուան վերջաւորութեան նոր ու գեղեցիկ ծրագիր մը պիտի մշակէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հարցերու մանրամասնութեամբ պիտի զբաղիք: Պիտի ստանաք այն, ինչ երկար ատեն սպասած էք: Նոր յոյսերով պիտի աւարտէք տարին ու նորը դիմաւորէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Զգացական գետնի վրայ ձեր յարաբերութիւնները շատ լաւ կ՛երեւին: Հաճելի անակնկալներ պիտի ունենաք: Ուշադիր եղէք, ամէն տեղ ձեր կարծիքը մի՛ տաք եւ վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք: