Քննարկումներ կամ քննական մտածողութիւն քաջալերելու «Ազդակ»-ի փորձերը ակնկալուած արդիւնքը չտուին: Լսարաններուն հետեւած բաժինը առաւելաբար հարցում-պատասխանի ձեւաչափով ընթացաւ, մինչ յօդուածագրական բանավէճը բացակայեցաւ մեր էջերէն: «Նամականի»-ի սիւնակով տրուած գրութիւնները մնացին պարագայականութեան սահմաններուն մէջ: Առաւելաբար կայքին թէ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած յօդուածներու մեկնաբանութեան մէջ երեւցան գրառումներ, որոնք կարելի չէ մամուլի քննարկումի տարողութեամբ բանաձեւել:
Քննադատութիւններ հնչեցին որոշ յօդուածներ չտպելու, այլ նիւթերէ որոշ բաժիններ զեղչելու եւ ոմանց պարագային ալ ընկերակցող խմբագրական նոթ նշելու խմբագրական միջամտութիւններու երեւոյթին դէմ:
Հազուագիւտ են այն յօդուածները, որոնք խմբագրութեան որոշումով չեն տպուած: Անոնք այնպիսի յօդուածներ էին, որոնք ուղղակի հակադրուած էին կուսակցութեան որդեգրած քաղաքական վարքագիծին: Մինչ բնական կը նկատենք եւ օրինաչափ, որ խմբագրական միջամտութիւններ կատարուին` արծարծուած միտքը պահելով ոճային փոփոխութիւններ բերելու կամ միջազգային լրատուութեան կանոններուն համաձայն խմբագրական նոթ կցելու:
Այս բոլորով հանդերձ, ազատ բեմի կամ քննարկումի մամուլի առաքելութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող ակնկալութիւնները չենք կրցած իրականացնել: Գիտակցելով, որ նման մշակոյթի մը բացակայութեան պատճառները բացառապէս մամուլի պատասխանատուներուն չեն վերաբերիր, այսուհանդերձ անդրադարձած ենք, որ մեր բաժինը լիարժէք չէ աշխատած այս պարագային:
Այսօրուան համակարգը բազմակարծութիւն կը քաջալերէ, ի՛նք առիթ կու տայ որեւէ նիւթ հաւնելու կամ չհաւնելու դրոյթով ինքնադրսեւորուելու եւ իւրաքանչիւր նիւթին տակ իր մեկնաբանութիւնը գրառելու: Տպագիրը հասկնալիօրէն այնքան արագ չի կրնար գործել: Չի կրնար նաեւ խօսակցական բնոյթի եւ շատ յաճախ ոճի պատշաճութիւնները չյարգող արտայայտութիւններու տեղ տալ, այսուհանդերձ ընթերցողը կրաւորական կարգավիճակէն ներգործօն դարձնելու առաջադրանքը ունի եւ անհրաժեշտ է որ համապատասխան քայլերու դիմէ:
Բանավէճեր, աւելի ճիշդը զրոյց-քննարկումներ կազմակերպելու առաջադրանքը աստիճանաբար գործադրելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք: Այդ քննարկումները նաեւ ուղղակի ընկերային ցանցերով սփռելու եւ այդ սփռումի ընթացքին հետեւողներուն արձագանգները նաեւ արձանագրելու եւ հրապարակելու:
Տպագիր մամուլը, այդ քննարկումին մասին թղթակցային անդրադարձ կատարելով սկսելու համար որոշակի առումով կ’արտացոլացնէ քննարկումի ընթացքին հնչած տարբեր տեսակէտները:
Նախատեսելի է, որ բազմաձայն զրոյցի մը թղթակցային անդրադարձը տպագիրի էջերուն հրաւիրէ ընթերցողներու նոր համրանք մը:
Այս գաղափարը պարզապէս ձեւերէն մէկն է տպագիր տարբերակին կենսունակութիւն ապահովելու եւ կրաւորական ընթերցողը ներգործօն տարրի վերածելու մղումէն մեկնած: Ուղղակի քննարկումներու կայացման նպատակին չի վերաբերիր անշուշտ, սակայն պէտք է նշել նաեւ, որ կարեւորութիւն կը տրուի մեր կողմէ «Մեր ընթերցողները կը գրեն» սիւնակով քաջալերելու, որ ընթերցողները արտայայտուին, տեսակէտ յայտնեն, յօդուածագրութեան փորձի դիմեն: Ընթերցող-թերթ կապի սերտացման նպաստող քայլ կրնայ նկատուիլ այս սիւնակին տակ տեղադրուող նիւթերու յաւելեալ յաճախականութեամբ երեւնալը:
Քննարկումներն ու քննական միտքը անպայման կը ծառայեն միտքերու արտադրութեան: Միտքերու հանրայնացումը մամուլի գործառոյթներուն մաս կը կազմէ: