ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հայ մշակոյթի պահպանման եւ գոյատեւման մէջ առանցքային դեր ունի երաժշտութիւնը: Ան առհասարակ կը ներկայացնէ ժողովուրդի մը յոյզերը, ապրումները, կենցաղը: Ան իր կախարդական ազդեցութիւնը ունի միաժամանակ, որուն միջոցով մարդը կ՛անջատէ իր առօրեայ կեանքէն, մտահոգութիւններէն եւ կը փոխադրէ այն մաքրամաքուր աշխարհը, ուր իւրաքանչիւր անհատ կը տենչայ ապրիլ, եւ պապակ հոգիներուն ծարաւը կը յագեցնէ: Մէկ խօսքով, երաժշտութեան դերը հաւաքականութեան եւ ի մասնաւորի մարդուն կեանքին մէջ իր ներգործօն ազդեցութիւնը ունի: Ինչ կը վերաբերի հայկական երաժշտութեան, կասկածէ վեր է, որ հայ ժողովուրդի փոթորկալից, տառապալի եւ ուրախութեան պահերուն որքա՜ն կենսական դեր ունեցած է երաժշտութիւնը: Հայ մեծանուն երաժիշտներ, երաժշտահաններ եւ երգ մշակողներ ի՜նչ երախտարժան աշխատանք կատարած են եւ իրենց անմնացորդ լուման ներդրած` հայ երաժշտութեան գանձարանին մէջ այն խոր համոզումով, որ հայ երգը կազդուրիչ բալասան է մարդոց հոգիներուն եւ հոգիները դէպի երկինք սլացնող ոսկեպատ (լուսաւոր) ճանապարհ: Սակայն արդեօք բաւարա՞ր է գանձը ունենալ եւ չունենալ զայն ճիշդ ձեւով մեկնաբանող, ապրեցնող, մէկ խօսքով, ոգեղէն ներկայութիւն դարձնող երաժիշտներ ու երգիչներ:
Լիբանանահայ իրականութեան մէջ այս առումով վերջին քանի մը տարիներուն, արուեստասէրները ականջալուր եւ ականատես դարձան Սուրիոյ պատերազմի արհաւիրքէն Լիբանան կայք հաստատած բազմաշնորհ ու բազմատաղանդ երիտասարդ, հայ հարազատ երգի մեկնաբանողի մը` յանձինս Յակոբ Մկրտիչեանի, որուն ձայնային կարողութիւնն ու կատարումները արժանացան մեծ գնահատանքի: Արդարեւ, լիբանանահայութեան սիրտը համարուող Պուրճ Համուտի «Նոյ» ճաշարանին մէջ Յակոբ Մկրտիչեանին ելոյթները պատճառ դարձան, որ հայ երաժշտութիւնը սիրողներ, արժեւորողներ մնայուն յաճախականութեամբ փութան հոն` ունկնդրելու հայ երգերու ճոխ եւ հարազատ ընտրանի:
Իր տեսակին մէջ եզակի եւ անձնական նախաձեռնութեամբ մը Յակոբ Մկրտիչեանը կիրակի,16 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան համերգով հանդէս եկաւ արուեստասէր հանրութեան դիմաց:
Քրիստոնէական յատուկ պատգամ յղող այս համերգը սկսաւ նուագախումբին հնչեցուցած «Ամանորի զնգուն զանգեր» եւ Արա Գէորգեանի եղանակի կատարումներով: Ապա բեմին վրայ յայտնուեցաւ Յակոբ Մկրտիչեանը եւ մեկնաբանեց «Գիշերն իջաւ», «Երնէկ թէ այս Նոր տարին» երգերը: Եւ ահա հայկական երգերու մեկնաբանը իր կեանքի վկայութիւնը տուաւ Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի պատերազմին ընթացքին կեանքի ու մահուան իրականութեան մէջ Աստուծոյ ներգործութեան եւ այս առիթով իր իսկ կողմէ գրուած «Աստուած սէր է անսահման» երգը: Ապա մեկնաբանեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան բազմալեզու երգեր, ինչպէս` «Ծափ զարկ աշխարհ», «Ուի ուիշ եու», «Ֆելիս նաւիտատ»: Դարձեալ հեղինակային «Վերելք» երգով հանդէս եկաւ, որ նուիրուած էր իր կեանքի դժուարութիւնները Աստուծոյ օգնութեամբ յաղթահարելու ճիգին եւ յաջողութեան: Յայտագիրին առաջին մասը վերջ գտաւ իր կնոջ` Զուքա Մկրտիչեանի արաբերէն «Եա թըֆըլ ըլ նէյէմ» երգով:
Յայտագիրին երկրորդ բաժինը սկսաւ դարձեալ նուագախումբի կողմէ «Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար» երգի իւրայատուկ մատուցմամբ: Յակոբ Մկրտիչեանը երգեց «Կարծում էի թէ», «Ձիւնը եկաւ շատ առատ», «Լուռ գիշեր» երգերը: «Խաչին մօտ» երգի կատարման ժամանակ բեմին վրայ զետեղուեցաւ Քրիստոսի մեծ խաչափայտը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ կենդանի պատկեր` ներկաներուն հոգիներուն մէջ դրոշմելու խաչին զօրութեան խորհուրդը: Հուսկ, Յակոբ Մկրտիչեանը «Զանգակներ» բազմալեզու երգով եւ միաժամանակ հայկական մեկնաբանութեամբ եզրափակեց իր տեսակին մէջ իւրայատուկ Ս. Ծննդեան համերգը: Անշուշտ այստեղ պէտք է ընդգծել, որ համերգին ընթացքին հնչող երգերուն մեծամասնութիւնը կատարուեցան երաժշտական նոր ու հայկական գործիքաւորումով: Անուրանալի է դերը նաեւ նուագախումբի իւրաքանչիւր անդամին, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս համերգի յաջողութեան եւ կայացման հոլովոյթին մէջ: Նուագախումբը կը բաղկանար հետեւեալ վաստակաւոր անձերէ. երգեհոնի վրայ, ինչպէս նաեւ մելոտիա եւ կիթառ` Յարութ Մկրտիչեան, տրամզ` Վիգէն Ճինիշեան, պաս կիթառ` Յովսէփ Քէօշկէրեան, սոլօ կիթառ` Գէորգ Տէր Սարգիսեան, տուտուկ եւ քլարինեթ Արամ Աւետիսեան: Ձայնի եւ լոյսի մասնագիտական եւ կատարեալ սարքաւորումը ըրած էր «Միուզիք փիփըլ»:
Հարկ է նշել, որ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեանին այս համերգը տարբեր բնոյթ կը կրէր: Ան իր հայկական, աշուղական, գաւառական երգացանկէն տարբեր յայտագիր մը պատրաստած էր` յիշեցնելով ներկաներուն, որ իբրեւ քրիստոնեաներ` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդը հայկական ճոխ սեղաններու շուրջ միայն կերուխումի նպատակով հաւաքուելու առիթ չէ: Ս. Ծնունդը ներողամտութեան, սիրոյ եւ ինքնագիտակցութեան առիթ է, եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է վստահի Աստուծոյ գոյութեան եւ Անոր ամենակարող զօրութեան, ինչ որ երգիչը զգացած է իր կեանքին մէջ` թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ մասնաւորաբար Հալէպի պատերազմին դժնդակ պայմաններուն, նաեւ` Լիբանանի մէջ կայք հաստատելէն ետք դիմագրաւած դժուարութիւններուն ընթացքին:
Յիշարժան համերգի մը ներկայ գտնուելու ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը ապրեցաւ արուեստասէր հանրութիւնը: