Հասկնալիօրէն տպագիրի եւ թարմացուող կայքի հրապարակած լրատուութիւններու կշռոյթները համընթաց չեն: Ընթերցողները պէտք է յաճախ նկատած ըլլան, որ լուրի մը հրատապութիւնը կը պարտաւորեցնէ նախքան թերթին մէջ հրատարակուիլը տեղադրուիլ կայքին վրայ: Այստեղ արագութիւնը կրնայ լեզուական որոշ բացթողումներու տեղի տալ: Բնականաբար տպագիրի նման, յատկապէս շտապ լուրերու պարագային, յաւելեալ խմբագրման, սրբագրման, վերասրբագրման ընթացակարգէն անպայման չեն անցնիր նիւթերը` լրատուութիւնը հրապարակելու ոչ անպայման մրցավազքին հետ քայլ պահելու, այլ հրատապ լուրը կայքաւորելու համար:
Նիւթը կայքին վրայ զետեղուելուն առընթեր, անոր կապը արագօրէն կը տեղադրուի «Ազդակ»-ի ընկերային ցանցի էջերուն եւ խումբերուն վրայ` արագօրէն բազմապատկելով «Ազդակ»-ի կայքի այցելուներուն համրիչի ցոյց տուած թիւերը:
Հրատապ լուրերու հրապարակման համար այս գործողութիւններուն առընթեր շարունակեց գործել «Ազդակ»-ի էփլիքէյշընի ճամբով արագ լրահոսը: Հիմնականին մէջ լիբանանեան եւ հայրենի հրատապ լուրեր փոխանցող այս դրութիւնը հետզհետէ նոր բաժանորդներով կը համալրուի: Էփի ճամբով ամբողջ թերթի բովանդակութեան հասանելի կը դառնայ էնտրոյտի, Էփփըլի օգտատէրը` կարելիութիւն ունենալով հետեւելու արագ լրահոսին: Թէեւ Էփը արդէն չորս տարիէ ի վեր համախմբած է հազարաւոր հետեւողներ, այսուհանդերձ նկատելի է Էփի քարոզարշաւի թերի կողմը: Անպայման պէտք է զանգուածայնացնել «Ազդակ»-ի Էփը:
Էփի արագ լրահոսը լիարժէք ծառայեց իր նպատակին, երբ ինչպէս Լիբանանի երեսփոխանական, այնպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, կանուխ ժամերէն մինչեւ քուէատուփերու փակուիլն ու նախնական արդիւնքներու հրապարակումը` գրեթէ շուրջօրեայ դրութեամբ գերարագ կշռոյթներով ապահովեց լրատուութիւնը: Նկատելի էր քանի մը անգամ, որ երկու ընտրութիւններուն պարագային «Ազդակ»-ի հրապարակումները արագութեան տեսակէտէն անզիջելի էին այլ մրցունակ լրատուամիջոցներու:
Եթէ յատուկ առիթներու Էփի աշխատակիցները գերազանցեցին լուր հրապարակելու արագութիւնը, ապա երբեմն մեզի հասան դժգոհութիւններ ոչ աշխատանքային օրերու Էփի համեմատաբար ոչ միեւնոյն աշխատունակութիւնը ցուցաբերած իրավիճակին մասին: Կէտ մը, որ մեր հետագայ աշխատանքային ծրագրումներուն մէջ անպայման նկատի կ՛ունենանք:
Եթէ «Ազդակ»-ի դիմատետրի էջերը դրսեւորեցին աշխուժութիւն, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել «Ազդակ»-ի Թուիթըրի եւ Ինսթակրամի էջերուն մասին: Երկուքը յատուկ աշխատանքի կը կարօտին աշխուժանալու, հետեւորդներ ապահովելու եւ Ֆէյսպուքի առընթեր «Ազդակ»-ի նիւթերը տարածելու ուղղութեամբ:
Ելեկտրոնային լրատուամիջոցի արդի միտումները առաւելաբար կեդրոնացած են համացանցային հեռարձակումներու դրոյթներուն վրայ: Կը թուի, որ այս ուղղութիւնը տակաւին զարգանալու տեղ ունի: Առ այս պահը «Ազդակ», զուտ լրատուական, թղթակցային հասկացողութեամբ չ՛օգտագործեր ուղիղ եթեր հեռարձակումներ կատարելու տրամադրութիւնը: Այս կարելիութիւնը կրնայ օգտագործուիլ հարցազրոյցներու, լսարաններու, թէ ձեռնարկներու պարագային:
Այս անմիջական կարելիութեան առընթեր հաւանաբար պէտք է նախապատրաստել համացանցային հեռատեսիլի նախագիծ մը: Վիճակագրական տուեալները սկսած են ցոյց տալ, որ դասական հեռատեսիլը պիտի զիջի համացանցային հեռատեսիլին կողմէ գրաւուող հասանելիութեան:
Գրեթէ անհրաժեշտ է աշխատանքային բաժանում կատարելը թերթի եւ կայքի բովանդակութեան: Նոյնքան անհրաժեշտ` ընկերային ցանցերու գերաշխուժացումն ու համացանցային հեռարձակումներով զբաղող երիտասարդ խմբակի յառաջացումը:
Լրատուութիւնը, մանաւանդ այսօրուան օրէ-օր արագութեան նոր մրցանիշներ արձանագրող լրատուական համակարգին մէջ գերարագ մրցավազք է: Պատասխանատուութիւնն ու հաւաստիութիւնը պահելով մենք գերարագ կշռոյթներուն հետ քայլ պահելու անզիջելի առաջադրանք ունինք: Ետ մնալը որեւէ ձեւով չ՛արդարացուիր: