Մեր աշխատանքը ուսումնասիրութեան առարկայի օրինավիճակ մը կ՛ընծայէ հայ գրականութեան կեդրոնի մը, ըսենք` Փարիզին, ուր սփիւռքեան այս փորձառութիւնը ամէնէն խոր կերպով արձանագրուած է եւ յատուկ է սերունդի մը որ ծնած է դարուն սկիզբը, պատմական Հայաստանի, կամ Կ. Պոլսոյ մէջ: Ֆրանսահայ գրականութիւնը եզակի է, այն իմաստով որ զանցելով պարզ միգամածի փուլը, յանկարծակի բիւրեղացումով մը դիմած է դէպի «հնոց» մը, դառնալու համար «յառաջապահ» հոսանք: Ան առած է այն ընդհանուր համածիրը որ Յ. Օշական «Փարիզի դպրոցը» կը կոչէ. հարկ չկայ այս արտայայտութեան տալու միատարր խմբակի մը իմաստը, որ յօրինէր ու հռչակէր որոշ գեղագիտութիւն, մշակէր գրական ստեղծումի օրէնքներ ու չափանիշեր: Հաւանօրէն, պարզ դիպուածով մը չէ որ Փարիզի մէջ իսկ քով քովի եկած են տասնեակ մը երիտասարդ գրագէտներ, դիմագրաւած` աքսորը, ինքնութեան տագնապը, կամ յայտնաբերած երկակի պատկանելիութիւնը:
Վարկածաբար կարելի է ըսել. հոն ուր արեւմտեան աշխարհին հետ առճակատումը ամէնէն սաստիկն է, այդ առճակատումը համարկելու ջանքը եւ ինքն իր անձին հարցադրումը ամէնէն արդիւնաւէտը եղած են: Հատումը վերածուած է ինքնութեան եւ երկերու ստեղծիչի:
Ինչպէս անունը կը նշէ, ֆրանսահայ գրականութիւնը ծնած է աքսորի կամ/ եւ հիւրընկալ հողի վրայ: Ան մասնաւորապէս հետաքրքրական պարագայ մը կը կազմէ, ոչ միայն գրական դիտանկիւնէն, այլ նաեւ ազգագրական, ընկերաբանական, հոգեվերլուծական տեսանկիւններէն. որովհետեւ հարցը կը վերաբերի հողային հաւանական կամ անհրաժեշտ կապերէ ձերբազատ եւ խորհրդանշական վայր մը գտնելու հետամուտ արտադրութիւններու ամբողջութեան մը: Այս իրողութիւնը զառանցանքի նկարագիր մը տուած պիտի ըլլար տրամասութեան (discours), եթէ յիշողութիւնը որ կը ծնի իր հետ, չունենար իր ստոյգ յղումները անցեալի դէպքերուն եւ շրջապատի աշխարհին առօրեայ իրականութեան: Մեր գործը աղէտէ մը ճողոպրածներու պատկանող գրականութեան մը հետ է: Հողազուրկ գրականութիւն մը` որ աղէտի ենթախորքին վրայ կը յայտնուի եւ ատով կրնայ բնութագրուիլ իբրեւ «յետաղէտեան»: Պարզելով աքսորի եւ օտարութեան հայկական փորձառութիւն մը, որ մարդիկ ապրած են իրենց կեանքի գնով, այդ կեանքը երբեմն վտանգելու աստիճան, այդ գրականութիւնը այս փորձառութենէն կը հանէ օտար աշխարհի տեսութիւն մը եւ ինքնութեան ըմբռնում մը, առաւել կամ նուազ գիտակցուած ու թեմայացուած, որ հարկ պիտի ըլլայ բացայայտել: Սակայն, սփիւռքեան այս փորձառութիւնը որուն առանձնաշնորհեալ վկան ու թատերաբեմն է գրականութիւնը, կը հետաքրքրէ այն բոլոր մարդիկը որոնք այս դարուն ամենատարբեր աղէտներով փշրուած են եւ քշուած` անելանելի աքսորի մը ճամբաներուն վրայ:
Սփիւռքի այս գրականութիւնը կրնայ «իտէալ» նիւթ մը նկատուիլ բաղդատական գրականութեան համար: Այն որ զարգացած է Ֆրանսայի մէջ կը համապատասխանէ ֆրանսական գրականութեան ամէնէն ճոխ շրջաններէն մէկուն որ 1920-ական թուականներու գերիրապաշտութենէն կ՛երկարի 1970-ականներու կառուցապաշտութիւնը, անցնելով` դիմադրական, ապա յանձնառու գրականութենէն, գոյապաշտութենէն ու «Նոր վէպ»-էն: Գրական շարժումներու նման յաջորդականութիւն չէր կրնար անդրադարձներ չունենալ Փարիզի հայ գրողներուն մօտ: Յղումները, մէջբերումները, փոխմիջնորդումները, փոխանակումները մեծաթիւ են ու սերտ, նոյնիսկ երբ հազուադէպ են թարգմանութիւնները: Ֆրանսական ներազդումը (prégnance) տեւական ծածկակայուն ներկայութիւն է, որ հարկ է պահել ուշադրութեան կեդրոնին: Մեր ուսումնասիրութեան շրջանակը չ՛արտօներ զբաղիլ խորապէս անոնցմով: Ա. Ժիդին, Պ. Վալերիին, Գ. Ապոլինէրին, Բ. Սանդրարին, կամ գերիրապաշտներուն, գոյապաշտութեան, կամ «Նոր վէպ»-ին դրոշմը քննել անհրաժեշտ ու մեծապէս հետաքրքրական աշխատանք մըն է, որ սակայն լայնօրէն կը զանցէ մեր նախանշած սահմանները: Սակայն եւ այնպէս, պիտի յիշատակուին այս փոխմիջնորդումները, ստէպ-ստէպ եւ ոչ համակարգային կերպով:
Արդարեւ` եթէ կը բացառենք մանրամասն բաղդատականներ ընել, որոշ նմանութիւններ ընդգծելով հանդերձ, պատճառը այն է, որ մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռենք ուղղիչ կարգ մը սխեմաներու. զօդերը, ագոյցները, շփումները, որոնք մեր հեղինակները յաճախ կը կոչեն «պատուաստ», «ներածում», «ներմուծում», կամ պարզապէս «թարգմանութիւն», այսինքն` փոխադրում, բայց ո՛չ միայն լեզուական: Այս մոթիւներուն տակ գտնուածը թէ՛ գոյութեան գետնին վրայ Այլին հետ յարաբերութեան հարցն է, թէ՛ գրական կամ մշակութային գետնի վրայ այլութեան հետ յարաբերութիւնը:
Հասկնալի է որ հարցը երբեք չի վերաբերիր աւանդական դարձած «ազդեցութիւններու» որոնումին, որ գրականութեան պատմութեան աշխատաւորներուն համար յաճախանքի մը բնոյթն ունէր ատենօք: Վաղուց է որ բաղդատական մեթոտը խնդրականացուցած է «ազդեցութիւն» յղացքը, հրաժարած միուղի ազդումի գաղափարէն, անոր տեղ դրած «շփում», «փոխադարձ շաղկապում», «անցք», «փոխադրութիւն-վերստեղծում» եւ այլ յղացքներ, որոնք երկու գրութիւններու միջեւ գտնուող յարաբերութիւնը չեն վերածեր կրաւորական ստացումի, սոսկական կապկումի, առանց հակազդեցութեան, վերաձեւաւորումի, խթանի:
Վերջապէս, լման ուսումնասիրութիւն մը կայ կատարելիք Ֆրանսայի մէջ գրական հայերէնի զարգացման նիւթով. բառապաշարին եւ մասնաւորաբար «երկլեզու» կամ զուգահեռ գրութեան մասին որ նախ` վէպերու մէջ որպէս «տեղական գոյն», յետոյ` հետզհետէ մնայուն ջանքի ձեւով կը կազմաւորէ գրական խօսքն ու տրամասութիւնը: Ֆրանսերէնը կ՛ընկերանայ հայերէնին եւ ի յայտ կու գայ հանգուցային կէտերու վրայ, որպէս յղումի լեզու: Խորհրդանշական կարգին մէջ` Այլը նաեւ լեզուախօսութիւն մըն է (langage):
Մեթոտի Մասին
Մեր նպատակը կրկնակ է. մէկ կողմէ` գրականութեան «պատմութիւն» մը, միւս կողմէ` մեծ թեմայի մը ուսումնասիրութիւնը: Պիտի փորձենք ցոյց տալ որ այդ թեման եւ պատմութիւնը կ՛ընդելուզուին, կ՛արձագանգեն իրարու, պատմութեան հարցը կապուած ըլլալով օտարութեան մէջ արմատաւորումի մը, այդ պատմութիւնը ինքն իսկ յաճախ ըլլալով գրականութեան ատաղձը:
Փորձել պատմութիւնը գրել անկայուն, խուսափուկ առարկայի մը եւ ձեռնարկել թեմայի մը ուսումնասիրութեան, մարտահրաւէր մըն է, որ կ՛առաջադրենք դիմագրաւել: Նոյնէն Այլին հարցին ուսումնասիրութիւնը անկարելի կ՛ըլլար եթէ պատմութիւնը ուրուագծուած չըլլար: Արդէն անոնց յարաբերութեան զարգացումը պտուղն է պատմական հոլովոյթի մը որ չենք կրնար անգիտանալ, նոյնիսկ եթէ չենք յաւակնիր ամբողջական հասկացողութեան մը: Միւս կողմէ, ընթերցողին անծանօթ երկերու մեծ թիւը կը ներկայացնէ վտանգը թեմային վերլուծումը յղումներէ եւ յստակ շրջարկէ զուրկ նիւթի մը վերածելու: Գրականութեան պատմութիւնը այդ շրջարկի դերը կը կատարէ հոս:
Գլխաւոր Փուլերը
1922-էն 1970-ական տարիներու սկիզբը, խորհրդանշականօրէն Ն. Սարաֆեանի մահուան թուականը (1972) երկարող ժամանակաշրջանի մը համար` պարտադիր էր փուլերու բաժանում մը կատարել: Եթէ մեկնակէտը մեծ հարցեր չի ստեղծեր, համապատասխանելով դէպի Ֆրանսա գաղթի յորձանքին, յանգման կէտը կրնայ կամայական թուիլ:
Ինչպէս ընթերցողը պիտի անդրադառնայ, 1930-ական թուականներու սերունդէն որոշ գրողներ, որոնք ապրած են մինչեւ 1980-ականներու սկիզբը, մեր ուսումնասիրութեան մէջ տեղ գտած են 1972-էն ետքի իրենց գործերուն ուսումնասիրութեամբ: Զանոնք բացառել մեր առարկան անդամահատելու համազօր պիտի ըլլար, ինչպէս աւելորդ` չափազանց խստօրէն սահմանափակուելու ի վերջոյ խորհրդանշական սահմանագիծով մը:
Իրականութեան մէջ, մեր ուսումնասիրութիւնը կը պարագրկէ շուրջ յիսուն տարուան շրջան մը որ կը համապատասխանէ գրական շարժումին զարգացումին. 1922-ի շուրջ Ֆրանսա հաստատուած ու 1972-ի շուրջ անյայտացած «սերունդ»-ի մը վերելքին եւ վայրէջքին: Ինչ որ շրջանին միութիւնը կը կազմէ, գրագէտներու կեանքի ժամանակն է ուրեմն ամէնէն առաջ եւ է նաեւ անոնց երկերուն սկիզբն ու աւարտը:
Այսուհանդերձ, այս միութիւնը ինքն իսկ կը գտնուի սփիւռքեան փորձառութեան մէջ, որուն մասին խօսեցանք. փորձառութիւն, որ խումբերուն, հեղինակներուն եւ երկերուն ցրւումով, քիչ մը անոնց ծանրութեան կեդրոնը կը կազմէ: