Ինչո՞ւ Մեր Անին… Մերը Չէ
Ժամանակակից պատմութեան ամէնէն անճիշդ, ամէնէն անբնական դասաւորումներէն մէկն է այն իրողութիւնը, որ Արարատը մեր հայրենիքի սահմաններուն մէջ չի գտնուիր…
Կա՛յ Հայաստանի զինանշանին վրայ` իբրեւ խորհրդանշանը յաւիտենական հայութեան ոգիին, անջնջելիօրէն դրոշմուած է համայն հայութեան մտքին ու հոգիին մէջ` իբրեւ խորհրդանշանը յաւիտենական Հայաստանի էութեան, ներկայ է մեր հոգեկան սահմաններուն մէջ, բայց հեռու է մեր հայրենիքի աշխարհագրական սահմաններէն:
Ներկայիս մեր սրբազան լեռը գերած բարբարոս խուժանին աչքերը շատ երկար յառած մնացին անոր «լոյս կատարին»:
Հայրենաբնակ հայը ամէն առաւօտ, երբ կ՛արթննայ եւ կը տեսնէ Արարատի ձիւնապատ կատարը, որ մշտնջենական դրօշի մը պէս կը շողայ անհաս բարձունքի մը վրայ, սրտին խորէն դառնութեան հառաչ մը կ՛արձակէ` զգալով իրեն հանդէպ գործուած պատմական ամենամեծ անարդարութիւնը: Նոյն զգացումը կ՛ունենայ տարագիր հայը, ամէն անգամ որ աչք մը նետէ Հայաստանի քարտէսին վրայ կամ մտաբերէ դառն իրողութիւնը:
Պատմական ամէնէն անըմբռնելի եւ տարօրինակ անկանոնութիւններէն մէկ ուրիշն է այն, որ մեր Անին մեր սահմաններէն դուրս կը գտնուի…
Մեր Անին` միջնադարեան Հայաստանի հոյակապ մայրաքաղաքը, որ դեռ հազարամեակ մը առաջ իր փառքի գագաթնակէտին հասած էր` դառնալով աշխարհի ամէնէն շքեղ, ամէնէն փարթամ ու նաեւ ամէնէն գեղեցիկ քաղաքներէն մէկը, նախանձը գրգռելով բոլոր աշխարհակալներուն, այսօր գրկաչափ մը միայն հեռու է մեր հայրենիքի սահմաններէն, գրկաչափ մը միայն, բայց եւ այնպէս հեռու է…
Եթէ Արարատը խորհրդանիշն է յաւիտենական հայութեան ոգիին, Անին անոր միտքն է, ստեղծագործ հանճարին արտայայտութիւնն է, ամէնէն քաղաքակիրթ ազգերու շարքը դասուելու անձնագիրն է:
Փռուած` Ախուրեանի արեւմտեան եզերքին, «հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաքը» իր կիսափուլ պարիսպներով եւ սարսռազդեցիկ աւերակներով պէտք էր ներկայացնէր Հայաստանի անցեալը, մեր սահմաններուն մէջ, ներկային խորհրդանշումը վերապահուած ըլլալով Երեւանի, որ պարծանքն է մեր ժամանակներու հայութեան, եւ որ մշակութային ու գիտական մարզերուն մէջ հաւասար քայլ կը նետէ արդի քաղաքակրթութեան հետ:
Պատմական իրողութիւնը պէտք էր այսպէս ըլլար, բայց եկուր տես, որ հիմա Անիի աւերակներով թուրքը կը հպարտանայ… Զբօսաշրջիկներուն ցոյց տալով անցեալ փառաւոր քաղաքակրթութեան մը հետքերը` թուրքն է, որ կը պարծի, թէ անոնք կը ցոլացնեն իր նախահայրերուն մեծագործութիւնները:
Ճակատագրի ի՜նչ դառն հեգնանք…
Բայց ինչո՞ւ այսպէս… Ինչո՞ւ մեր Անին մեր սահմաններուն մէջ չէ… Ձեռնարկներ չեղա՞ն պատմութեան սխալը ուղղելու:
Այս հարցումներուն պատասխանը կարելի է ունենալ կարդալով Կարսի 1921-ի խորհրդաժողովին ատենագրութիւնները, ուր յստակ կերպով կը պարզուի, որ Հայաստան ջանացած է արժեցնել իր իրաւունքները Անիի վրայ, բայց բախած է Անգարայի կառավարութեան բացարձակ մերժումին:
Կարսի խորհրդաժողովը գումարուեցաւ 1921 սեպտեմբեր 26-ին եւ աւարտեցաւ նոյն տարուան հոկտեմբեր 13-ին, Թուրքիոյ եւ անդրկովկասեան երեք խորհրդային հանրապետութեանց եւ Խորհրդային Ռուսիոյ միջեւ կնքուած դաշնագրով, որ կը ճշդէր, բազմաթիւ այլ հարցերու կարգին, Խորհրդային Հայաստանի ներկայ արեւմտեան սահմանները: Խ. Հայաստանի ներկայացուցիչն էր Ասքանազ Մռաւեանը:
Խորհրդաժողովի երկրորդ նիստին մէջ խորհրդային պատուիրակութեանց նախագահ Գանեցկի ներկայացուց երկու սահմանագծային պահանջներ: Առաջինը կը վերաբերէր Անիի աւերակներուն, «որոնք հայերուն համար ունին պատմական եւ գիտական մեծ արժէք», դիտել տուաւ Գանեցկի: Երկրորդ պահանջը կը վերաբերէր Կողբի, որ «իր աղահանքերով կը ներկայացնէր համակովկասեան նշանակութիւն»:
Երրորդ նիստին թրքական պատուիրակութեան նախագահ Քարապեքիր փաշա, իր կարգին, պահանջներ ներկայացուց Պաթում քաղաքին վերաբերեալ:
Թրքական այս պահանջը քննելէ ետք, Գանեցկի յայտարարեց, որ Թուրքիա պէտք է Պաթումի նաւահանգիստէն ազատօրէն օգտուելու իրաւունք ունենայ, բայց աւելցուց, որ թրքական առաջարկին միւս մասերը կը հակասեն Մոսկուայի դաշնագրին, որուն հիման վրայ տեղի կ՛ունենային Կարսի բանակցութիւնները:
Ամէն պարագայի մէջ, Թուրքիա իր կարգին մերժեց Անիի աւերակներուն վերաբերեալ խորհրդային պահանջները:
Անիի վերաբերեալ իր մերժումը բանաձեւելով` թրքական պատուիրակութիւնը դիտել տուաւ, որ Անին Ախուրեանի արեւմտեան եզերքը կը գտնուի, հետեւաբար զայն հայերուն տալով` խախտած կ՛ըլլայ Մոսկուայի դաշնագրին սկզբունքը:
Երբ Գանեցկի յայտարարութիւն մը ընելով` անդրկովկասեան պատուիրակութեան յուսախաբութիւնը յայտնեց թուրքերու անզիջողութեան առթիւ, Քեազիմ Քարապեքիր փաշա, յայտնապէս նեղուած, հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ.
«Անիի մասին մեր մերժումը Մոսկուայի դաշնագիրը չխախտելու սկզբունքին մէջ կը կայանայ: Այսուհանդերձ, ամէն ապահովութիւն կը տրուի այնտեղ ապրողներու եւ գիտական աշխատանքներ կատարողներու համար»:
Իսկ Կողբի վերաբերեալ պահանջի մերժումին առթիւ ըսաւ, որ այս շրջանի աղահանքերը առաջուան պէս պիտի գոհացնեն Անդրկովկասի պահանջը:
Այսպէս կամ այնպէս, Կարսի խորհրդաժողովը զրկեց Հայաստանը Անիէն եւ Կողբէն, որովհետեւ թուրք փաշային ձայնը աւելի ազդու էր, քան` Հայաստանի կամ Անդրկովկասի ներկայացուցիչներուն ձայնը:
Արդէն այս խորհրդաժողովը ամէն կերպով նպաստեց Թուրքիոյ: Այս տպաւորութիւնը կը ստացուի խորհրդաժողովի արդիւնքէն եւ, մանաւանդ, կարդալով Գանեցկիի հետեւեալ յայտարարութիւնը Հայաստանի հեռագրական գործակալութեան` «Արմենտա»-ի ներկայացուցիչին, Կարսի դաշնագիրը ստորագրուելէն քանի մը օր ետք:
«Խորհրդաժողովին ամենամեծ արդիւնքը եղաւ այն, որ կնքուած դաշնագրից յետոյ Թուրքիայի թշնամիները կ՛ըմբռնեն ու կը զգան, որ թուրքերը այլեւս Արեւելեան ճակատ չունին: Այս տեսակէտից Կարսի խորհրդաժողովը խոշոր միջազգային նշանակութիւն ունի»:
Եւ իսկապէս, այս դաշնագրէն ետք Հայաստանի արեւմտեան եւ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանները մնացին անփոփոխ:
Այդ շրջանին, նաեւ հիմա, Հայաստանի «պաշտպաններ»-ուն աչքին Թուրքիոյ բարեկամութիւնը շատ աւելի մեծ արժէք ունէր, քան` Հայաստանի շահերը:
Է՜հ, ի՛նչ ըսել, քաղաքականութիւն է…
ՀԱՅԿ