Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Գահիրէ
Հայաստանի Անկախութեան Եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Նշում
24 նոյեմբերին Գահիրէի «Ինթերքոնթինենթըլ» պանդոկի «Սարայա» սրահին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ի զոյգ հարիւրամեակները:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Նանոր Գասարճեանը:
Շրջանի ներկայացուցիչ տոքթ. Արմէն Մազլումեանը իր խօսքին մէջ վեր առաւ առաջին հանրապետութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ հիմք Խորհրդային Հայաստանին յաջորդած արդի անկախ Հայաստանին: ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի ատենապետ Լեւոն Դելփեանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին դերը աշխարհի տարածքին` բարձր պահելով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանէն հրաւիրուած սուրիահայ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեանը:
Սուրիա
Համազգայինի 90-ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Դամասկոսի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 23 նոյեմբերին «Ամինեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Համազգայինի 90-ամեակը:
Վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Մարալ Գաթըգլեանը, որ յայտնեց, թէ երբ ճանչնանք մեր մշակոյթը, զայն աւելի կը սիրենք ու կ՛անդրադառնանք անոր արժէքներուն, աւելցնելով, որ մեր մշակոյթը հարուստ է, գեղեցիկ ու հաճելի, պէտք է գուրգուրանք ցուցաբերել անոր` իբրեւ համամարդկային արժէք, որ կը հարստացնէ համայն մարդկութեան մշակութային կեանքը: Գաթըգլեանը շեշտեց, որ մշակոյթը մեր ժողովուրդի գոյութեան հիմքն է, իսկ Համազգայինը անոր ջատագովը եւ միջոց մը` զայն պահելու, զարգացնելու ու տարածելու:
Օրուան բանախօս Եսայի Հաւաթեանը անդրադարձաւ Համազգայինի հիմնադրութեան եւ 90 տարիներու իրագործումներուն` նկատել տալով, որ մտաւորականներ` Լեւոն Շանթ, Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ, որոնք Հայաստանի անկախութեան կերտիչներու սերունդէն էին, քաջ կը գիտակցէին, որ հայ ժողովուրդը սփիւռքի տարածքին կարիքը ունէր պահելու իր ազգային ինքնութիւնը` մշակոյթը, օտար մշակոյթներու խառնարանին մէջ: Այդ հրամայականէն մեկնած` անոնք ծնունդ տուին Համազգայինին, որուն առաքելութեան առանցքը եղաւ կառչած պահել հայ ժողովուրդը իր մշակոյթին ու հայրենիքին: Եզրափակելով իր խօսքը` Հաւաթեանը հաստատեց, որ մեծ դերակատարութիւն վերապահուած է Համազգայինին` շարունակելու իր առաքելութիւնը եւ մանաւանդ ներգրաւելու երիտասարդութիւնը իր գործունէութեան մէջ, վստահութիւն եւ առիթ ընծայելով անոնց` գործելու ներկայ մարտահրաւէրներուն համահունչ:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Վերաշինութիւն` Հայ Երեք Եկեղեցիներու
Հայ երեք համայնքապետներ` Շահան արք. Սարգիսեանը, Պետրոս արք. Միրիաթեանը, վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը եւ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանը 7 նոյեմբերին, վերականգնումի եւ վերաշինութեան ծրագիրներու շրջագիծին մէջ, ստուգման եւ օրհնութեան յաջորդական այցելութիւններ տուին հայ համայնքի երեք եկեղեցիներուն` Էմմանուէլ եկեղեցի (Մունշիէ), Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի (Սալիպէ) եւ Մայր գթութեանց աթոռանիստ եկեղեցի (Թիլել):
Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին վերոնշեալ երեք եկեղեցիներն ալ, այլ եկեղեցիներու եւ համայնքային կառոյցներու կարգին, վնասներ կրած էին: Վերաշինութեան աշխատանքներու ընթացքին ծանօթանալու եւ իրազեկ ըլլալու անհրաժեշտութենէն մեկնելով` անոնք նախ այցելեցին Հայ աւետարանական վերանորոգուող եկեղեցի, ուր վերապատուելի Սելիմեան բացատրեց գործին ընթացքը: Ապա անոնք մատուցեցին միասնական օրհնութեան աղօթք: Այցելութեան յաջորդ վայրը Հայ առաքելական մայր եկեղեցին էր, ուր առաջնորդ սրբազանը իր կարգին ներկայացուց նորոգութեան գործընթացը, եւ նոյնպէս կատարուեցաւ աղօթքի մատուցում: Այնուհետեւ անոնք այցելեցին Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցի, ուր Պետրոս արք. Միրիաթեանը լուսաբանութիւններ տուաւ նոր սկսած վերաշինութեան աշխատանքներուն մասին: Ապա դարձեալ կատարուեցաւ յատուկ արարողութիւն եւ աղօթք:
Այս եզակի այցելութիւններուն առիթով համայնքապետներն ու հիւպատոսը մաղթեցին, որ խաղաղութիւնը վերահաստատուի երկրին մէջ, ու բարիով աւարտին հասնին վերականգնումի ծրագիրները:
Քանատա
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը Այցելեց «Հորիզոն»-ի Խմբագրատուն
ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս Քանատա ժամանած ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը 28 նոյեմբերին այցելեց «Հորիզոն»-ի խմբագրատուն: «Հորիզոն»-ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը «Հորիզոն»-ի 40-ամեայ պատմական առաքելութեան մասին տեղեկացնելէ ետք հարցազրոյց կատարեց Գ. Մկրտիչեանին հետ: Զրոյցին առանցքը հանդիսացան միութեան 100-ամեայ յոբելեանին հետ կապուած նախաձեռնութիւնները, միութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ զանոնք շրջանցելու նպատակով ի գործ դրուած մարտավարութիւնները:
Հարցազրոյցի աւարտին հանդիպման ներկայ ՀՄԸՄ Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիոնի Սարմազեանը եւ վարչութեան անդամ Պերճ Աթոլիկեանը յատուկ յուշագիրով մը պատուեցին «Հորիզոն»-ը` հայ գիր ու գրականութեան տարածման մէջ անոր երկարամեայ առաքելութեան համար:
ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան Դաստիարակչական Սեմինարը
Վերջերս Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան 2018-2019 տարեշրջանի միջվարչական խորհրդակցական ժողովն ու նորագիր անդամներու դաստիարակչական երկօրեայ սեմինարը` ներկայութեամբ Քեպեքի, Օնթարիոյի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի շրջաններէն ժամանած վարչական կազմերուն ու յանձնախումբերու պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ` դաշնակցական նորագիր երիտասարդականներու մեծաթիւ փաղանգի մը:
Սեմինարի ընթացքին վարչական կազմերն ու յանձնախումբերը ներկայացուցին իրենց տարեկան ծրագիրները, ապա անդամները ունկնդրեցին դասախօսութիւններ` ղեկավարի պատասխանատուութիւններուն եւ Քանատայի Երիտասարդական միութեան գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու կարելիութիւններուն մասին: Քննարկուեցան նաեւ Քանատայի երիտասարդական միութեան իրավիճակն ու անոր բարելաւման համար եղած առաջարկները:
Միացեալ Նահանգներ
«Խաչատուրեան» Երգչախումբի Հիմնադրութեան 40-ամեակ
18 նոյեմբերին, հանդիսապետութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, ներկայութեամբ` Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի հայոց թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` «Խաչատուրեան» դպրաց դասի երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակին առթիւ:
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ներկայութիւնը Արցախի նախագահին` ընդգծելով, որ ան նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ ծառայած է Արցախի հզօրացման, եւ անոր մաղթեց ուժ ու կորով:
Օրուան պատարագիչ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանը խօսեցաւ աղօթքի կարեւորութեան մասին:
Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Արցախի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ «Խաչատուրեան» երգչախումբի հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:
«Խաչատուրեան» դպրաց դասի երգչախումբի հիմնադրութեան առիթով կազմակերպուած էր նաեւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Առաջնորդը իր շնորհաւորութեան խօսքը ուղղեց երգչախումբին, որ երգի եւ երաժշտութեան ճամբով հայ մշակոյթ ու բարձրորակ հայ արուեստ ջամբեց հանրութեան` պատարագներու եւ տարբեր հանդիսութիւններու ընթացքին, մաղթելով, որ անկոտրում կամքով շարունակէ իր առաքելութիւնը:
Ռէյչըլ Նաճարեան` Հայ Կիներու Միջազգային Միութեան Գործավար
Հայ կիներու միջազգային միութեան վարչութեան անդամ Ռէյչըլ Նաճարեանը վերջերս ստանձնեց կազմակերպութեան գործավարի պաշտօնը, զոր 2016-2018 տարիներուն վարած էր Ճենիֆըր Ֆիլփսը:
Նշանակումը կու գայ այն միջոցին, երբ Հայ կիներու միջազգային միութիւնը կը ջանայ ընդարձակել Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին իր գործունէութիւնը` հասնելու համար առաւելագոյն թիւով հայ կիներու աջակցութեան:
Յայտնենք, որ Նաճարեանը մօտաւորապէս 25 տարիներու փորձառութիւն ունի շուկայադրման եւ դրամահաւաքի ոլորտներուն մէջ եւ ղեկավար պաշտօններ ստանձնած է շարք մը ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւններու մէջ: Ան գործարարութեան մէջ մագիստրոսի վկայականը ստացած է Պոսթընի համալսարանէն եւ ներկայիս կ՛ապրի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ:
Պոլիս
Լոյս Տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի «Մարդիկ, Որոնք Անցան Կեանքիս Մէջէն» Շարքին Երրորդ Հատորը
Վերջերս «Մարմարա»-ի տպարանէն լոյս տեսաւ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Մարդիկ, որոնք անցան կեանքիս մէջէն» շարքին երրորդ եւ վերջին հատորը:
Ռ. Հատտէճեան այս շարքով կը յաւերժացնէ յիշատակը բազմաթիւ անձերու, որոնք չկան այլեւս, որոնք սակայն հետք մը թողուցին հեղինակին կեանքին մէջ: Հեղինակը կը հաւատայ, որ ապրողներուն հետ կը շարունակեն ապրիլ մեռեալները եւս:
Ինչպէս նախորդ երկու հատորները` այս հատորը եւս իր էջերուն մէջ տեղ կու տայ յիշուած անձերէն ոմանց մեծահասակ դիմանկարներուն, որոնք տարբեր կենդանութիւն մը կու տան յիշատակուած անուններուն: Հատորին մէջ յիշատակուած են` Պետի Զիվէր, Կարպիս Ուղուրլեան, Ասպետ Էրմէն, Պերճ Շիկահեր, Արփիկ Միսաքեան, Գրիգոր Համբարձումեան, Յակոբ Առատ, Շապուհ Չոլաքեան, Յակոբ Ասլանեան, Յովհաննէս Շիրազ, Ալեք Մանուկեան, Վազգէն Ա. հայրապետ, Պոզապալեան սրբազան, Լեռ Կամսար, Հրանդ Մաթեւոսեան եւ տակաւին ուրիշ բազմաթիւ համայնքային կամ ազգային դէմքեր:
Հեղինակը բոլորին հետ իր հանդիպումներէն կը բերէ հետաքրքրական յիշողութիւններ, որոնք կը դադրին միայն հեղինակին յիշողութիւնը ըլլալէ, եւ որոշ տեղեկութիւններ կ՛անմահացնեն մեր ազգային պատմութեան էջերուն համար: