ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, երէկ` երկուշաբթի, 3 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ողջերթի ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, որուն առաքելութիւնը աւարտեցաւ Լիբանանի մէջ, եւ ան նշանակուեցաւ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան:
Դեսպանին տարած աշխատանքը եւ ցուցաբերած համագործակցութեան բարձր ոգին ու պատրաստակամութիւնը բարձր գնահատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ անոր հետ գործող միաւորներուն համար դեսպանը հանդիսացած է ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչ, այլ նաեւ Լիբանանի գաղութին մէջ իր ներկայութեամբ եղած է գործօն, ուստի անոր ունեցած ներդրումը միշտ ալ կարեւոր յիշողութիւն պիտի մնայ լիբանանահայութեան մտքին մէջ:
«Իսկապէս Լիբանանի մէջ ձեր դիւանագիտական առաքելութեան տարիներուն մեր յարաբերութիւնը չեղաւ այնպէս, որ դուք Հայաստանի դեսպանն էք միայն, այլ եղաւ այնպէս, որ մենք` իբրեւ հայեր, իբրեւ նոյն նպատակին հաւատացող երկու էութիւններ, իբրեւ նոյն սլացքն ու թռիչքը ունեցող կազմակերպութիւն եւ անձնաւորութիւն, այս պարագային դուք կը ներկայացնէք մեր պետութիւնը, կրնամ ըսել առանց չափազանցութեան, որ եղանք մէկ: Չենք յիշեր, որ նուազագոյն տարակարծութիւն իսկ ունեցանք», հաստատեց Յ. Բագրատունի` լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ դեսպանը լաւապէս ճանչցաւ գաղութը, ըմբռնեց տարբերութիւնները` իւրաքանչիւրին նկատմամբ համապատասխան յարգանք եւ արժեւորում ցուցաբերելով: Անոր համաձայն, դեսպան Մկրտչեանի մեկնումով Լիբանանի մէջ կը կորսնցնենք ո՛չ միայն դիւանագիտական զգայութիւն ունեցող բարձրաստիճան անձնաւորութիւն մը, այլ նաեւ իրաւ բարեկամ մը` վստահաբար զայն վերագտնելու համար այլ տեղեր:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Լիբանանը տարիներ շարունակ արիւնատար երակը եղած է սփիւռքի տարբեր գաղութներուն, որոնց մարդուժ հասցուցած է լիբանանահայութիւնը. ուստի մեծ ուրախութիւն է, որ դեսպան Մկրտչեան ծառայեց Լիբանանի մէջ, ներկայացուց Հայաստանը եւ աւելիով զօրացած պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը այլ երկրի մը մէջ: Անոր համաձայն, «մեզ իրար կապողը ո՛չ թէ վարժութիւնն էր, այլ իրաւ գործակցութիւնը», մանաւանդ որ դեսպանը շատ արագ կրցաւ ընկալել լիբանանահայութիւնը եւ գործակցեցաւ անոր հետ: Աւարտին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յաջողութիւն, ուժ, կարողութիւն եւ յաւելեալ կորով մաղթեց դեսպան Մկրտչեանին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով յուշանուէր մը յանձնելով անոր:
Շնորհակալութիւն յայտնելով` դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ըսաւ, թէ մեծապէս զգացուած է նման արտայայտութիւններ լսելով, ինչ որ զինք աւելի մեծ պատասխանատուութեան տակ կը դնէ նոյն մօտեցումով եւ ոգիով շարունակելու իր առաքելութիւնը: Ան ըսաւ, թէ իր փափաքն էր աւելի երկար մնալ Լիբանանի մէջ, ուր մեծ աշխատանք կայ տանելիք` թէ՛ Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններու առումով, եւ թէ լիբանանահայութեան հետ գործակցութեան:
Դեսպանը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին բազմաթիւ բացայայտումներ կատարեց, գիտցաւ, որ Հայաստան-սփիւռք հակադրութիւնները, խնդիրները արհեստածին են եւ կը ստեղծուին որոշակի նպատակներու համար, ուստի անոնք իսկութեան մէջ գոյութիւն չունին, մանաւանդ հաւաքական գիտակցութեամբ առաջնորդուելու պարագային: Անոր համաձայն, Լիբանանի մէջ փորձած է առաջնորդուիլ այդ սկզբունքով եւ մօտեցումով` աշխատելով տարբեր կառոյցներու հետ: Ս. Մկրտչեան հաստատեց, որ ինք կը զգայ, թէ մէկ մասնիկն է սփիւռքի, յատկապէս լիբանանահայութեան` աւելցնելով, որ Աւստրալիոյ եւ Պելճիքայի մէջ իր նախորդ առաքելութեան ընթացքին նոյն կարելիութիւնները չկային, ինչպէս Լիբանանի մէջ: «Ես կրցայ, իրօք, իմ մէջս ունենալ լիբանանահայութեան ոգին եւ հայապահպանութեան նկատմամբ անոր հաստատակամութիւնը` անկախ բոլոր դժուարութիւններէն եւ մարտահրաւէրներէն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի հայութիւնը ընդհանրապէս եւ լիբանանահայութիւնը յատկապէս», դիտել տուաւ ան` յայտնելով, որ իր համոզումն է, որ սկիզբ առած աշխատանքը պէտք է ունենայ տրամաբանական աւարտ` հեռու հակասութիւններէ: «Լիբանանէն կը հեռանամ ոգեւորութեամբ, ձեռքբերումներով եւ մարդկային ջերմութեամբ ու աջակցութեամբ, զորս ցուցաբերած են հոս գտնուողները, որոնք նեցուկ կանգնած են թէ՛ մեր առօրեայ աշխատանքներու, եւ թէ՛ անձնական խնդիրներու լուծման: Ասիկա հարստութիւն է, մարդկային մտերմութիւնները կը մղեն զիս կրկին վերադառնալու Լիբանան որեւէ այլ կարգավիճակով, որպէսզի կրկին վայելենք այդ ջերմութիւնը, որուն արժանացանք անցնող աւելի քան երկու տարիներուն», ըսաւ դեսպանը:
Դեսպանը նշեց, թէ լիբանանահայութիւնը այն կորիզն է, որ իր ներդրումը ունեցած է ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ աշխարհասփիւռ հայութեան տարբեր օճախներուն մէջ հայապահպանութեան, սփիւռքի կառոյցներու ստեղծման մէջ, եւ Լիբանանի մէջ ձեռք բերած իր փորձառութիւնը, կառոյցներուն հետ իր գործակցութիւնը լաւագոյնս պիտի ծառայեցնէ Լեհաստանի երիտասարդ համայնքի կազմակերպման եւ հետագայ գոյատեւման:
Խօսքերուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն: