ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Աշխատանքային գետնի վրայ մտիկ ըրէք ձեր շուրջիններու խորհուրդներն ու խրատները: Ձեր նիւթական գործերը յաջող պիտի ընթանան: Ձեր կորսնցուցած գումարը պիտի գտնէք եւ գնահատական մը պիտի ստանաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր մէկ ազգականին հետ միացեալ ծրագիր մը իրականացնելու մասին կը մտածէք: Պիտի պատահին կարեւոր դէպքեր, որոնց ընթացքին դուք պիտի յաջողիք յառաջ երթալ: Ձեր ուզած տեղեկութիւնները պիտի ստանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Գնումներ կատարելու համար ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Հանդարտ եւ հանգիստ մնացէք: Ձեր ժամանակը կարգաւորեցէք եւ հոգ տարէք ձեր շուրջը գտնուող մարդոց, որոնք պէտք ունին ձեզի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր պայմանները կը պահանջեն, որ արագ որոշումներ տաք եւ առանց պատասխան սպասելու` գործի անցնիք: Ձեր սիրտը պիտի տրոփէ մէկը տեսնելով: Զգացական գեղեցիկ պահեր պիտի ապրիք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մինչեւ տարեվերջ բախտի նոր դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Նոր հորիզոններ պիտի բացուին, եւ դուք պիտի յաջողիք ձեր բոլոր հարցերը լուծել: Ձեր ընկերային կեանքը պիտի ամրապնդուի զգալի առումով:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Յառաջիկայ օրերը նուազ բացասական պիտի ըլլան ձեզի համար: Չնախատեսուած խնդիրներ պիտի ծագին: Անհասկացողութեան մը զոհ պիտի երթաք: Պիտի հաշտուիք կողմի մը հետ: Առաջ քալեցէք` առանց կարծիք հարցնելու:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Նոր երկիր մը պիտի ճամբորդէք: Պիտի գործակցիք ձեր ընկերներուն հետ: Մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք: Զգացական գետնի վրայ նոր իրադարձութիւններ պիտի պատահին ձեր կեանքին մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Նիւթական հարցեր պիտի յաջողիք լուծել վերջապէս: Գնահատական մը պիտի ստանաք յառաջիկայ օրերուն: Զգացական պահեր պիտի ապրիք, բայց գաղտնի պիտի պահէք զանոնք: Սիրով պիտի լեցուիք անձի մը հանդէպ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ինքնավստահ յառաջ պիտի երթաք: Պիտի իրականացնէք ձեր երազանքները: Անձնական եւ աշխատանքային գետնի վրայ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Լուսարձակները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Արկածախնդրութիւններով եւ նորութիւններով լեցուն օրեր պիտի ապրիք: Ձեր կեանքը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Պէտքը կը զգաք առանձնանալու եւ ընթերցանութեամբ զբաղելու:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Բախտաւոր օրեր պիտի ապրիք: Նիւթական գետնի վրայ դիւրութիւններ պիտի ունենաք: Պիտի տրուին ձեզի առիթներ, որոնք օգտագործեցէք ձեր նպատակները իրականացնելու համար:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Խնդիրներ եւ արկածախնդրութիւններ պիտի ունենաք յառաջիկային: Աշխատանքային գետնի վրայ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Կարգ մը պատասխանատուներու հետ կապի մէջ պիտի ըլլաք: Ժամանակ տրամադրեցէք տնեցիներուն: