Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Յատկապէս քաղաքականութեան մէջ տարածուած սովորութիւն մըն է հռչակաւոր աստղեր` երգիչներ, դերասաններ մասնակից դարձնել ընտրական քարոզարշաւին, մանաւանդ` բազմամարդ հաւաքներուն, յաւելեալ քուէներ «որսալու» նպատակով: Այս միջոցին արդիւնաւէտ ըլլալը կը մնայ հարցական: Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան ընթացքին այս երեւոյթին անդրադարձած է բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»-ի կայքը:
Ն.
Աստղերը Իսկապէս Կ՛ազդե՞ն
Քուէարկողներուն Վրայ
Երբ ընտրութեան ժամանակը կու գայ, միշտ կը յայտնուին աստղեր, որոնք կ՛աջակցին իրենց նախասիրած թեկնածուներուն եւ կը յուսան, որ իրենց համակիրները կը հետեւին իրենց` դէպի քուէատուփերը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան մէջ, այսուհանդերձ, բազմաթիւ հռչակաւոր աստղեր, որոնք հրապարակաւ աջակցութիւն ցուցաբերած էին թեկնածուներու, յուսախաբ էին:
Ուրեմն աստղերու զօրակցութիւնը որքանո՞վ իսկապէս կ՛օգնէ:
Պիոնսէի վերջին պահու աջակցութիւնը ծերակոյտի դեմոկրատական թեկնածու Պեթօ Օրուրքին, որ նոյնպէս կը վայելէր Թրաւիս Սքոթի, Լին-Մանուէլ Միրանտայի եւ այլոց աջակցութիւնը, չկրցաւ անոր օգտակար ըլլալ` յաղթելու Թեքսասի հանրապետական մրցակից Թետ Քրուզին:
Ֆլորիտայի մէջ Ռիհաննայի ներկայութիւնը եւ կոչերը բաւարար չէին, որպէսզի դեմոկրատական Էնտրիւ Կիոմ դառնար նահանգի ափրիկեան ծագումով առաջին կառավարիչը:
Օփրա Ուինֆրի, Տիտի եւ Ուոլ Ֆերեր շարքին էին այն աստղերուն, որոնք կ՛աջակցէին Ճորճիայի կառավարիչի պաշտօնին ձգտող դեմոկրատական Սթէյսի Ապրամսին, որ ետ մնացած էր հանրապետական Պրայըն Քեմփէն:
Թէյլըր Սուիֆթը, թերեւս, ամէնէն հռչակաւոր աստղն էր, որ մասնակցեցաւ նախընտրական քարոզարշաւին: Ան խզեց քաղաքականութեան մասին իր լռութիւնը եւ հրապարակեց իր եւ մօրը լուսանկարը` Միացեալ Նահանգներու դրօշները ծածանելու ատեն, կանգնած` ծերակոյտի դեմոկրատական թեկնածու Ֆիլ Պրետեսենի մեծ նկարը կրող յայտարարութեան տախտակի կողքին:
Պրետեսեն պարտուեցաւ, եւ հանրապետական մեկնաբանները վայելեցին այդ ձախողութիւնը:
Թէեւ Սուիֆթը որոշ չափով բախտաւոր եղաւ. Ներկայացուցիչներու տան համար Ճիմ Քուփըրի թեկնածութեան զօրակցեցաւ, եւ ան ընտրուեցաւ:
100 տարուան պատմութիւն
Նախընտրական քարոզարշաւներուն հռչակաւոր աստղերու մասնակցութիւնը շուրջ 100 տարուան պատմութիւն ունի:
Ուորըն Հարտինկը նուաճեց 1920 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրարշաւը` այդ օրերու շարժապատկերի հռչակաւոր դերասաններու աջակցութեամբ:
1960-ին Ճոն Ֆ. Քենետին կը վայելէր աջակցութիւնը «Ռաթ փաք»-ի անդամներ Սեմի Տէյվիս Կրտսերի եւ Տին Մարթինի:
Մերիլենտ համալսարանին կողմէ պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ պատկերասփիւռի աշխարհահռչակ հաղորդավարուհի Օփրա Ուինֆրին աւելի քան մէկ միլիոն քուէ ապահոված է Պարաք Օպամային, 2008 թուականին, Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Դեմոկրատական կուսակցութենէն թեկնածու ընտրուելու հոլովոյթին մէջ:
Ընկերներ եւ հարազատներ` աւելի ազդեցիկ, քան` աստղեր
Սակայն 2004 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութենէն ետք ուսումնասիրութիւն մը պարզած է, որ երիտասարդ քուէարկողներուն վրայ ընկերներն ու ընտանիքը աւելի ազդեցիկ են, քան` աստղերը:
«Հռչակաւոր աստղերը կրնային գեղեցիկ տեսք ունենալ, բայց անոնք այնքան ազդեցիկ չեն եղած առաջին անգամ քուէարկող երիտասարդներուն վրայ», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:
Օհայոյի մէջ 2016 թուականին պատրաստուած հետազօտութիւն մը կը հաստատէ, որ նախընտրական քարոզարշաւին հռչակաւոր աստղերու մասնակցութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած է քուէարկողներուն մեծամասնութեան վրայ, այդ տարի տեղի ունենալիք նախագահական մրցավազքին մէջ, եւ որոշ աստղեր իրականութեան մէջ մարդոց վրայ հակառակ ազդեցութիւնը ունեցած են:
Պիոնսէի մասնակցութիւնը, ըստ երեւոյթին, ամէնէն մեծ ձախողութիւնն էր:
Աստղերու ազդեցութեան երկու տեսակ
Համալսարանի դասախօս Սքոթ Լուքասը ըսաւ, որ աստղերու ազդեցութեան երկու տեսակ կայ:
Մարդիկ աւելի հաւանական է, որ լսեն Օփրայի, Ճորճի եւ Ամալ Քլունիի նմանները, քանի որ քաղաքականութեան, քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան գործունէութիւնը զանոնք աւելի հռչակաւոր, վստահելի եւ ազդեցիկ կը դարձնէ:
«Ես կ՛առանձնացնեմ այդ տեսակ աստղերու ազդեցութիւնը, ըսենք, Ռոպըրթ Տի Նիրոն լսելէն, որովհետեւ ան կը հարուածէ նախագահը: Կը կարծեմ, որ դուք պէտք է աւելի շատ կարեւորութիւն տաք շինիչ մօտեցումի:
Քանիէ Ուեսթը թէեւ վերջերս հեռու մնաց քաղաքականութենէ, ան այլ անձ մըն է, որ «կառուցողական» դասակարգի մէջ չէ:
Երգիչը եղած է նախագահ Թրամփի ձայնաւոր հիացողը` զարմացնելով իր բազմաթիւ համակիրները եւ այլ աստղեր:
«Եթէ Քանիէն ըսած ըլլար բան մը, որ ընդունելի, հասկնալի եւ իմաստալից էր, Քանյէն ներդրում մը ունեցած կ՛ըլլար», կ՛ըսէ Լուքասը:
«Բայց երբ Քանիէն կ՛ընէ այն, ինչ որ ըրաւ, կը դառնայ ծիծաղելի գործիչ, եւ Հանրապետական կուսակցութեան բոլոր անդամները բաւական ուրախ էին, որ ան դուրս եկաւ քաղաքականութենէն, ինչ ալ որ նշանակեց ատիկա»:
Քաղաքագիտութեան դասախօս Ճոն Քըրթիսը, կը կարծէ, որ մինչ աստղերը կ՛ապահովեն մեկնաբանութեան արտադրութեան միջոց մը եւ հաւանաբար կ՛օգնեն քաղաքական գործիչի պատգամի տարածումին, սակայն ատոնք կրնան ըլլալ թերութիւններով:
Ան կ՛ըսէ, որ Բրիտանիոյ մէջ դասական օրինակ մըն է, երբ 1983-ին Պահպանողական կուսակցութեան խորհրդաժողովին ատեն կատակերգակ Քեննի Էվերեթ յայտնուեցաւ Մարկրեթ Թաչըրի կողքին եւ կոչ ըրաւ «ռմբակոծել Ռուսիան» եւ կից զարնել Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Մայքլ Ֆութի ձեռնափայտին:
Այս խօսքը հաւանաբար այն չէր, որ վարչապետը կը յուսար:
«Հռչակաւոր աստղերը լաւ են, քանի տակաւին անոնք կը ստեղծեն բարենպաստ քարոզչութիւն, ծանուցում», կ՛ըսէ Քըրթիսը: «Բայց այդ խօսքերը երբեմն կրնան յանգեցնել անբարենպաստ ծանուցումի, որովհետեւ ատոնք միշտ չէ, որ քաղաքական նրբերանգով օժտուած կ՛ըլլան»:
Միացեալ Նահանգներու 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութեան, ըստ Լուքասի, զարմանալի չէ, որ Թէյլըր Սուիֆթին աջակցութիւնը` Ֆիլ Պրետսընի, բաւարար չեղաւ, որպէսզի ան յաղթէ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Մարշա Պլեքպըրնի, աւանդաբար հանրապետական Թենըսիի մէջ:
«Թենըսի ամէնէն խոր կարմիր նահանգներէն մէկն է, ուրեմն միշտ ալ բուռն պայքար պիտի ըլլայ ատիկա նուաճելու համար», կ՛ըսէ ան:
Բայց նոյնպէս կ՛աւելցնէ. «Եթէ նայիք Թենըսիի մէջ երիտասարդներու քուէարկութեան, եւ եթէ նայիք երիտասարդութեան քուէարկութեան` ամբողջ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Թէյլըր Սուիֆթը կը տարբերի»:
Երկրորդ օրէն, երբ Սուիֆթը հրապարակեց քուէարկութեան կոչի իր նախնական հաղորդագրութիւնը, երկրին մէջ 212.871 նոր քուէարկողներ արձանագրուեցան, մեծամասնութիւնը` 18-24 տարեկան:
2016 թուականի հոկտեմբերին օրական միջինը մօտաւորապէս 13.000 էր:
«Ամէն բան կը փոխուի» 2020 թուականին
Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի, 2014-ին այս տարիքի խումբի քուէարկողներուն 54 առ հարիւրը քուէարկեց ի նպաստ դեմոկրատականներուն:
Այդ յաւելումը շնորհիւ Թէյլըրի չէ:
Կան բազմաթիւ գործօններ, յատկապէս` Սպիտակ տունի տէրերու փոփոխութիւնը, որ կը նշանակէ, թէ երիտասարդ քուէարկողները աւելի շատ կը մասնակցին ընտրութեան եւ կը քուէարկեն ի նպաստ դեմոկրատականներուն:
Սակայն Լուքասը կը կարծէ, որ Սուիֆթի այս ազդեցութիւնը կրնայ կարեւոր ըլլալ յաջորդ երկու նախագահական ընտրութիւններուն:
«Եթէ այս վերջին ընտրութեան 18-24 տարեկան քուէարկողներու թիւի աճը շարունակուի, 2020 թուականէն ետք ամէն բան կը փոխուի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ», կ՛ըսէ ան:
«Հո՛ս է, որ Թէյլըր Սուիֆթը կարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ անոնք քուէարկողներու թիւի աճ կ՛ունենան, յատկապէս` երիտասարդներու շրջանակներու մէջ»:
Քանիէ Ուեսթը Հեռու Կը Մնայ
Քաղաքականութենէն
Թուիթըրի արձանագրութեան մէջ երգիչը կ՛ըսէ, որ ինք «կը տարածէր ուղերձներ, որոնց ինք չէր հաւատար»:
Քանիէ Ուեսթը եղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի ձայնաւոր զօրակցողը, սակայն կը թուի, թէ այս որոշումը կը կեդրոնանայ քարոզարշաւի մը շուրջը, որուն կապուած է ինք, եւ որ կը կոչուի Պլեքսիթ:
Պահպանողական կուսակցութեան անդամ հաղորդավար Քանտէյս Օուենսի ղեկավարութեամբ, Պլեքսիթը կը քաջալերէ ափրիկեան ծագումով ամերիկացիները` դուրս գալու Դեմոկրատական կուսակցութենէն:
Քանտէյս Օուենսը կը պնդէ, որ քարոզարշաւի հագուստներուն ձեւագէտը երգիչն է, մինչ Քանիէ Ուեսթը այժմ կը հերքէ:
«Իմ աչքերս այժմ բաց են, ես հեռու եմ քաղաքականութենէ եւ ամբողջովին կը կեդրոնանամ ստեղծագործական ըլլալու համար», գրած է երգիչը:
Կարծես` Քանիէ Ուեսթը մտադիր է ընդհանրապէս հեռանալ քաղաքականութենէն: Գրելով իր 28,7 միլիոն հետեւորդներուն` երգիչը ըսած է. «Ես կը փորձեմ աշխատատեղեր եւ կարելիութիւններ ստեղծել այն մարդոց, որոնք ատոր առաւել կարիքը ունին»:
«Ես կը զօրակցիմ բանտերու բարեփոխումներուն, ես կը զօրակցիմ զէնքի տրամաբանական գործածութեան օրէնքներուն, որոնք մեր աշխարհը աւելի անվտանգ կը դարձնեն»:
«Ես կը զօրակցիմ անոնց, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը` մեզի ծառայելու եւ մեզ պաշտպանելու համար, եւ ես կը զօրակցիմ այն մարդոց, որոնք դէմ են իշխանութիւնը սխալ գործածողներուն»:
Երգիչը առաջին անգամը չէ, որ ստիպուած կ՛ըլլայ բացատրելու իր քաղաքական համոզումները:
Այս տարեսկիզբին ան խստիւ քննադատուած էր, երբ ըսած էր, որ պէտք է ջնջուի Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան 13-րդ բարեփոխումը, որ ստրկութեան վերջ դրաւ: Քանիէն աւելի ուշ յայտարարութեամբ մը բացատրեց, որ ինք ոչ թէ «ջնջուիլը», այլ «բարեփոխուիլը» ըսել ուզած է:
Ամերիկեան պատկերասփիւռային կատակերգական հաղորդումին «Սաթըրտէյ նայթ լայվ»-ի ընթացքին Քանիէի քանի մը շաբաթ առաջուան ելոյթը զայրոյթ եւ զուարճանք յառաջացուց հաւասարապէս:
41-ամեայ Քանիէն, որ Քիմ Քարտաշեանին հետ ամուսնացած է, Թրամփի «Ամերիկան կրկին հզօր ըրէ» կարգախօսով գլխարկը գլխուն, ըստ երեւոյթին, նախագահին յանպատրաստից աջակցութիւն ցուցաբերեց պատկերասփիւռէն:
Հանդիսատեսներու կողմէ նկարահանուած հատուածները, որոնք տարածուեցան ընկերային ցանցերուն մէջ, ցոյց կու տան, որ երգիչը կը քննարկէ իր աջակցութիւնը Թրամփին` 2020 թուականին նախագահի պաշտօնին թեկնածու առաջադրուելու անոր ձգտումին, եւ երկխօսութեան, ոչ` պարսաւանքի անհրաժեշտութեան:
«Ես շատ անգամ կը խօսիմ սպիտակ մարդու հետ, եւ անոնք ինծի կ՛ըսեն. թէ ինչպէ՛ս կրնաս հաւնիլ Թրամփը, ան խտրական է»:
«Լա՜ւ, եթէ ես մտահոգ ըլլայի խտրականութեամբ, ես շատոնց հեռացած կ՛ըլլայի Միացեալ Նահանգներէն»:
Քանիէ Ուեսթը շատ անկեղծօրէն կը զօրակցի նախագահ Թրամփին: Անոնք քանի մը անգամ հանդիպած են` քննարկելով հարցեր, ներառեալ` աշխատանքի առիթներ եւ քրէական արդարադատութեան բարեփոխումները:
Այսուհանդերձ, աստղերը, որոնց շարքին` Սնուփ Տոճ Թի.Այ. եւ եւ Ճոն Լեկենտ, քննադատած են Քանիէ Ուեսթը` Միացեալ Նահանգներու ղեկավարին հետ հանդիպումներուն համար:
Քանիէ Ուեսթը այս վերջին ուղերձներուն շարքը աւարտեց` ըսելով. «Ես կը հաւատամ սիրոյ եւ կարեկցանքի ապաստան փնտռող մարդոց եւ ծնողներու, որոնք կը պայքարին իրենց երեխաները բռնութենէ եւ պատերազմէ պաշտպանելու համար»:
«Ես կ՛ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել իմ ընտանիքիս, սիրելիներուս եւ հանրութեան, որոնք զօրակցեցան իմ գործելակերպիս, ԻՍԿԱԿԱՆ համոզումներուս եւ տեսլականիս` աւելի լաւ աշխարհի մը համար»: