ՆՇՄԱՐ. ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-Ի ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ
By adminx - Sat Dec 03, 8:04 am
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Ինչպէս ծանօթ է, երկու շաբաթ առաջ, կիրակի, 20 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին 2011-2012 տարեշրջանը սկսաւ ճատրակի մրցաշարքով:
Վստահաբար բոլորն ալ քաջատեղեակ եղան, որ ճատրակի այդ միօրեայ մրցաշարքը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ, թէ՛ կազմակերպչական եւ թէ՛ հայկական վարժարաններու աշակերտներու բաւական մեծ թիւի մը մասնակցութեան իմաստով:
Այժմ կարգը հասած է պասքեթպոլի մրցումներուն, որոնք պիտի սկսին կիրակի, 4 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Պասքեթպոլի այս մրցումները պիտի երկարին ամիսներու վրայ եւ տարբեր են ճատրակի մրցումներէն: Անոնք անհատական մրցումներ չեն, այլ խմբային, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ, եթէ կ՛ուզէ իր վարժարանին յաջողութիւնն ու յաղթանակը, պէտք է գիտակցի, որ դաշտին վրայ գոյութիւն ունին իր չորս խմբակիցները, որոնց հետ միասնաբար միայն կրնայ յաջողութեան հասնիլ:
Ասկէ բացի, իւրաքանչիւր աշակերտ-մարզիկ, դաշտին վրայ իր ուսերուն վրայ բեռցուած պատասխանատուութիւն մը ունի. եթէ ան նախ եւ առաջ ամէն գնով կ՛ուզէ իր վարժարանին յաղթանակը, պէտք է ունենայ մարզավայել կեցուածք մը, յարգէ մրցաշարքին օրէնքները, չանտեսէ մրցակից կազմերը, չդժգոհի իրաւարարէն եւ կամ կազմակերպիչներուն տուած որոշումներէն:
Այս բոլորը տեղի ունենալու պարագային է, որ այդ մրցաշարքը կը յաջողի եւ անշուշտ այդ աշակերտը իր հետ յաջողցուցած կ՛ըլլայ իր վարժարանը:
Բացի վերոնշեալներէն, իւրաքանչիւր վարժարանի յաջողութեան մէջ իրենց կարեւոր դերը ունին նաեւ անոր աշակերտները, որոնք ուղղուելով «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, պէտք է քաջալերեն իրենց դասընկերները:
Առաջին օրուան յայտագիրին վրայ եղող մրցումներէն սկսեալ, իւրաքանչիւր աշակերտ իր ամէն կարելին պէտք է ընէ, որպէսզի պասքեթպոլի մրցաշարքին աւարտին ինք ընտրուի տիպար եւ օրինակելի մարզիկը:
Հայկական բոլոր վարժարաններէն կ՛ակնկալուի իրենց աշակերտներուն թելադրել, որ իւրաքանչիւր մրցումի ուղղուին դաշտ եւ հոն ստեղծեն տօնական մթնոլորտ:
Յաջողութիւն` հայկական բոլոր վարժարաններուն, անոնց աշակերտներուն եւ մարզիչներուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին բոլոր պատասխանատուներուն, որպէսզի իւրաքանչիւր մրցաշարք կարելի ըլլայ պսակել մեծ յաջողութեամբ:
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print



