«Կոմիտաս» թատերախումբը ունի քառասունամեայ բեղմնաւոր գործունէութիւն մը, որուն ղեկավարն ու բեմադրիչն է Յովհաննէս Հելվաճեան: Ան անսահման սէր եւ նուիրում կը ցուցաբերէ թատրոնին հանդէպ եւ ամրօրէն կառչած է անոր զարգացման ու գոյատեւումին, հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն:
Թատերախումբը քառասնամեայ իր բեմական գործունէութեան ընթացքին հայ հասարակութեան ներկայացուցած է ճոխ եւ այլազան ցուցակ մը թատրերգութիւններու: 1978-ին ճամբայ ելած այս թատերախումբը բեմադրած է Պարոնեանէն, Օտեանէն, Դուրեանէն, Արփիարեանէն, Մուշեղ Իշխանէն թատերախաղեր: Նաեւ բեմադրած է Շէյքսփիրէն, Մոլիէռէն, Վինա Թելմարէն կտորներ: Այս տարեշրջանին համար Հելվաճեան ընտրած է «Մոռնալ Հերոստրատը», որ Կրիկորի Կորինի հետեւողութեամբ զայն ներկայացուց «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
Սոյն ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հերոստրատի դերով` Յովհաննէս Հելվաճեանը, թագաւորի դերով` Թորոս Հելվաճեանը, Թագուհիին դերով` Փաթիլ Քիլաղպեանը, Ելենային դերով` Լենա Յակոբեանը եւ Քրիսիփի դերով` Մայքըլ Գուտուզեանը:
Մեր լիբանանեան կեանքին ներկայ իրականութեան մէջ այս համեստ թատերախումբին եւ իր բեմադրիչին` Յովհաննէս Հելվաճեանին տարած աշխատանքը արժանի է գնահատանքի: Մեր կեանքին այս նեղ ու դժուարին պայմաններով թատրոնին ծառայող, արուեստին սէր ու ժամանակ տրամադրող տղոց կ՛ըսենք` «Յաջողութիւն, տղա՛ք»:
«ԿՈՄԻՏԱՍ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ