Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Համազգայինի «Քնար» պարախումբը արուեստասէր եւ մշակութասէր հանրութիւնը հրապուրեց իր 17 պարերէ բաղկացած ելոյթով, որ ընթացք առաւ շաբաթ, 27 հոկտեմբեր 2018-ին, Սին Էլ Ֆիլի «Իվուար» թատերասրահին մէջ: Արդարեւ, պարախումբի վարչութեան կազմակերպած եւ Կարէն ու Ժաքլին Մակինեան ամոլին ստեղծագործական աշխատանքով մէջտեղ եկած ելոյթը ունէր իւրայատուկ դիմագիծ, որովհետեւ կ՛ընդգրկէր թէ՛ հայկական ժողովրդական, թէ՛ օտար մշակոյթներու եւ թէ՛ ժամանակակից պարեր, բան մը, որ պարողը եւ հանդիսատեսը կը փոխադրէ մշակոյթի ու արուեստի տարբեր աշխարհներ:
23 երիտասարդ պարողներ «Իվուար»-ի բեմը ցնցեցին մերթ խմբային պարերով, ինչպէս` «Գարուն Երեւան», Հայաստանի ժողովրդական արտիստ Նորայր Մեհրապեանի բեմականացուցած «Զարթօնք», «Բերդ պար» պարերը, մերթ զուգապարերով եւ մերթ մենապարերով:
Հարուստ պարացանկին մէջ յատկանշական էր կատակ-պար «Տրեխներ» զուգապարը, որուն մենակատարները (Սարին Մարկոսեան եւ Սեպուհ Թորիքեան) դերասանական ու պարային կատարողութեամբ ներկայացուցին գիւղացի կնոջ մը` իր ամուսինէն քաղաքի կիներու կօշիկէն պահանջելու պատմութիւնը: Հաճելի էր հետեւիլ պատմութեան զարգացումին` պարի բեմականացման ու պարողներու ճկունութեան ընդմէջէն: Հետաքրքրական էր «Դիմակ» պարը (Լոռի Ծառուկեանի եւ Կարէն Մահտեսեանի կատարողութեամբ), որ հանդիսատեսը կը փոխադրէ այլ ժամանակաշրջան: Կախարդուած դիտեցինք «Գիշերային» պարը, որ աղբիւրին մօտ սիրոյ պատմութեան ակնարկ մըն է երիտասարդի մը (Տիգրան Զէնեան) իր երեւակայած երիտասարդուհիին (Կալի Խուտավերտեան) եւ երբեմն ալ սիրահարին միջեւ (Լոռի Գանթարճեան): Կ՛արժէ յիշել նաեւ «Կռունկ» պարը (մենակատարներ` Գարինա Հանսքէհեան եւ Աշոտ Աբգարեան), ուր յուզմունքով դիտեցինք կռունկի պարային բեմականացումը եւ ապրեցանք պարողներուն զգացումները:
Խմբային պարերն ալ ունէին իրենց մենակատարները, որոնք գրաւեցին մեր ուշադրութիւնը, ինչպէս` Կինտոներու պարը (Ցոլեր Պաքքալեան եւ Էտի Խաչերեան) եւ խմբային այլ պարեր (Քրիստ Գապագեան, Հրակ Պէօքեան, Ցոլակ Թալաթինեան, Պօղոս Տօնիկեան):
Յիշատակութեան արժանի է աղջիկներուն (վերոնշեալ անուններու կողքին` Եւա Ղազարեան, Կրասիա Վարդիվառեան, Մարիա Կարապետեան, Մարի Եաղլեճեան, Նանոր Կարապետեան, Թամար Շահպազեան, Թրէյսի Սիսլեան եւ Վալանթինա Ապաճեան) դիւթական քնքշութեամբ ներկայացուած նազ պարերը, ինչպէս` «Գարուն», «Սիրեցի եարս տարան», «Մախմուր աղջիկ» պարերը: Անոնց կատարողութիւնը կ՛ամբողջանար տարազներու գրաւչութեան ներքեւ: Այդ տարազներուն մտայղացումը կը պատկանի Դալար Սալխանեանի եւ Սեւակ Քէշիշեանի:
Օտար պարերու` մոլտովական, ռուսական, վրացական պարերու կողքին Գ. Հանսքէհեան ներկայացուց «Չթողնես ինձ» (ne me quitte pas) ժամանակակից պարը, ու «Քնար» պարախումբը անգամ մը եւս տեղական պարախումբերու մրցակից դարձուց:
Պարերու ընդմէջ, Մկրտիչ Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ, «Տաւիղ» նուագախումբը երաժշտական կատարումներով պարուրեց հանդիսատեսը: «Տաւիղ»-ը իր կիթառի, ջութակի, շուիի եւ տհոլի գործիքներով ներկայացուց վրացական ժողովրդային ձիերու պարը, Հիւկօ Պլանքոյի «Մոլենտիա Քաֆէ»-ն, Սուզան Մաքտոնալտի «Թանկօ»-ն, Մաթոս Ռոտրիկեզի «Լա Քումփարիսթա»-ն եւ Աստոր Փիաթզոլայի «Լիպերթանկօ»-ն:
Անշուշտ այս բոլորին ետին կայ նաեւ խոհանոցային աշխատանքը, որ նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ կարելի կը դարձնէ բեմ բարձրացնել պարախումբը: Այս առնչութեամբ աշխատած են տիկնանց օժանդակ մարմինն ու ներդրում ունեցած են բարերարներ:
Երկու արարներէ բաղկացած ելոյթին առաջին բաժինը վերջ կը գտնէ աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի նուիրուած պարով, իսկ ելոյթը վերջ կը գտնէ «Իմ Հայաստան» խմբային պարով:
Ելոյթները կը շարունակուին շաբաթ, 3 եւ կիրակի, 4 նոյեմբեր 2018-ին, նոյն վայրը: