Monday May 20, 2013

ԹՈՓՔԱՓԸԻ ՄԷՋ ԱՐԱԲ ՄԸ ԿՐԱԿ ԲԱՑԱՒ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

By adminx - Sat Dec 03, 7:24 am

Պոլսոյ զբօսաշրջական շրջանին մէջ որսի զէնքով կրակ բացած եւ երկու անձեր վիրաւորած անծանօթ զինեալը ոստիկանութեան հետ բախումի մը ընթացքին սպաննուեցաւ:

Պոլսոյ ոստիկանապետ Հիւսէյն Չափքըն յայտնեց, որ զինեալը հաւանաբար օտար մըն էր:

Դէպքը պատահեցաւ Սուլթանահմետ շրջանին մէջ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ զինուոր մը եւ ապահովական անձնական ընկերութեան մը պաշտօնեան վիրաւորուած են:

Ականատեսներ յայտնեցին, որ արաբ մը զինուոր մը ոտքէն վիրաւորելէ ետք Թոփքափըի պալատ մուտք գործելով դարպասը փակած է: Ան օսմանեան ժամանակաշրջանի պալատին մէջ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ բախում ունեցած է ոստիկանութեան հետ:

Ականատեսներ յայտնեցին, որ ան «Ալլահու Աքպար» բացագանչած է եւ արաբերէնով յայտարարած է, որ ինք Սուրիայէն է: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Ալի Շահին աւելի ուշ յայտարարեց, որ 1975-ի ծնունդ եղող զինեալը լիպիացի է եւ ոչ թէ սուրիացի: Սակայն ան նշեց, որ զինեալը դէպքի վայր հասած է սուրիական թիւ կրող ինքնաշարժի մը մէջ, որուն վարորդը այժմ հետապնդումի կ՛ենթարկուի:

Թոփքափըի պալատը Թուրքիոյ զբօսաշրջական գլխաւոր վայրերէն մէկն է:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement