Ազգային Սահմանադրութիւնը Տարօնի Մէջ Եւ
Ամբաստանութիւններ Ու Հալածանքներ
Խրիմեան Հայրիկի Դէմ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան, որ 1863 սեպտեմբերին Վան եւ Վարագ այցելութեան գացած էր, կարճ ժամանակ հոն մնալէն ետք վերադարձաւ Տարօն:
Տարօնի մէջ Ազգային սահմանադրութիւնը գործադրութեան դրուեցաւ 1864-ին: Առաջնորդարանին շուրջ ստեղծուեցան ազգային մարմիններ, իսկ եկեղեցիները ունեցան իրենց թաղական խորհուրդները: Մուշի մէջ կազմուած գաւառական ժողովի անդամներն էին Յակոբ քահանայ Պատիկեան, Պաղտասար քահանայ Մալխասեան, Վարդան աղա Մամիկոնեան, Ստեփան Սարգիսեան եւ Ղազար Մխիկեան:
Սահմանադրութեան կիրարկման համար պատրիարքարանը համապատասխան հրահանգներ ուղարկեց Մուշ: Իր կարգին կառավարութիւնը հրամանագիր մը հրապարակեց, սահմանադրութեան գործունէութիւնը անխափան շարունակելու համար:
Սահմանադրութիւնը ժողովուրդին բացատրելու եւ շրջաններուն մէջ սահմանադրական մարմիններ ստեղծելու համար վարդապետներ եւ քահանաներ ղրկուեցան գիւղերը: Կարապետ վարդապետ Աւրանցի ղրկուեցաւ Բռնաշէն: Առաքելոց վանքի միաբաններ Յարութիւն եւ Յովհաննէս վարդապետները ղրկուեցան դաշտի գիւղերը: Մշեցի Յակոբ եւ Պաղտասար քահանաները եւս ղրկուեցան դաշտի կարգ մը գիւղերը:
Տարօնի մէջ Ազգային սահմանադրութեան կիրարկման եւ գործունէութեան շուրջ «Արծուիկ Տարօնոյ» 15 յուլիս 1864-ի թիւով կը գրէր. «Այժմ ուրախութեամբ կը հրատարակենք, ինչպէս որ հրատարակեցինք արդէն թէ Մուշ աւանի մէջ Օգնական ժողով մը կազմուած եւ հինգ թաղի եկեղեցւոյ հինգ թաղական խորհուրդներն ընտրուած ու հաստատուած են, որք ըստ իւրեանց պարտաւորութեան եւ կարողութեան կը ջանան յօժարութեամբ եւ գովելի աշխատութեամբ իրենց պաշտօնները կատարել, մանաւանդ դպրոցներուն հոգ տանիլ:
Վիճակներու մէջ ի դաշտ եւ ի Չուխուր յիսուն գիւղէն աւելի օրինաւորապէս սահմանադրուեցան: Սոյնպէս եւ երկու Պուլանըխներ, որ 24 գիւղ են, Խութ եւ Բռնաշէն, որ 23 գեղ են: Մնացեալ տեղեր ու գաւառներն ալ նորէն հրահանգ եւ գործադիրներ ղրկուեցան:
***
«Արծուիկ Տարօնոյ» թերթին երկրորդ տարուան առաջին թիւը լոյս տեսաւ 15 օգոստոս 1864-ին. առաջնորդող յօդուածին մէջ կ՛ըսուէր.
«Արծուիկ վերջապէս անդրանիկ շրջանը լրացուց այսօր, փոքրիկ հետք մը ձգելով դարուս հայութեան գրականական կամարին ու կարգին մէջը: Փա՛ռք երկնից:
Ինքը փոքրիկ` թերեւս շատերէ անտես եւ անծանօթ մնաց, բայց շատերէ ալ ընդունելութիւն, սէր եւ քաջալերանք վայելեց:
Փոքրիկ, բաւական մեծկակ քարեր գլորեց, փոքրիկ, բայց պաշտօնը, տեղը եւ պարտք մեծ էին իրեն. մե՛ծ եւ դժուար, որոնց մէջ կը խոստովանի, թէ շատ անգամ ալ անձեռնհաս գտնուեցաւ:
Ի տեղի մի հանգչեր է Արծուիկ, ուր երամով լրագիրներ եւ խմբագիրներ հազիւ կը բաւէին գրել ինչ որ կը պատահէին եւ ինչ որ պէտք էին: Իրաւ է, Արծուիկ ոչ կատարեալ եւ ոչ բաւական կրցաւ գտնուիլ իր պարտքին եւ իր կարգին մէջ, այլ գոնէ ինչքան որ կրցաւ եւ ունեցաւ ալ` յետս չմնաց գործելէն»:
Սահմանադրական մարմիններու գործունէութեան եւ ազգի ցաւերուն դարման մը գտնելու կոչով «Արծուիկ Տարօնոյ» կը գրէր.
«Եթէ ազգասէրք, եթէ վարչութիւն, եթէ ազգ եւ եկեղեցականութիւն դպրոցներ կը հաստատէք, սահման կը դնէք, շատ բանի անուն կը հանէք, ու այսպիսի երկիրներ ազգային ահագին մարմիններ ողջ ողջ կը թաղուին. այսօր Մուշ, վաղը Վան, վաղո՜ւց Քիւրտիստան. միւս օր եւ այլն, եւ այլն: Ալ որի՞ համար լուսաւորութիւն, որի՞ համար պատրաստութիւն, որի՞ համար ներկայ, որի՞ ապագայ… դեռ չտեսանք Պոլսոյ ձայնիւ ազգասէր եւ ոսկիով փառասէր անձինքներէն մէկ քանիսը այցելութեան աչքով ու ոտքով պտըտէին ի Հայաստան, դեռ չունին Հայաստանի վրայ ուղիղ գաղափար, աշխարհ մը կ՛անցնի, կը պոռանք. բայց մեր ազգասէրներ, որ ամարանոցներ կ՛երթան, որ Եւրոպայ օդափոխութեան, որ պաշտօնէն հրաժարական կու տան, որ թատրոններու մէջ հոգի կու տան, որ կերպ կերպ վայելչութեամբ կը զուարճանան, սրբազաննե՜ր, գաւառներ գնացին ձեռաց: Վարչութի՜ւն, Հայաստանի մէջ հայուն կեանք չմնաց, չմնաց, չմնաց… գթութի՜ւն»:
«Արծուիկ Տարօնոյ» նաեւ արծարծեց Տարօնի գիւղերուն մէջ գոյութիւն ունեցող ղալանի դրութեան հարցը: Արդարեւ Տարօնի մէջ քրտական աշիրէթներու սովորութեան նման, ամուսնութեան համար աղջկան հայրը ղալան, այսինքն` աղջկան արժէքին համեմատ դրամ կը պահանջէր: Շատ երիտասարդներ չէին կրնար ամուսնանալ, որովհետեւ դրամ չունէին:
«Արծուիկ Տարօնոյ» հետեւողական պայքար մղեց ղալանի դրութեան դէմ եւ զգաստութեան հրաւիրեց ժողովուրդը, արծարծելով այն միտքը, որ ամուսնութիւններու նուազման հետեւանքով գիւղերը կը դատարկուին, մանաւանդ որ երիտասարդներ արդէն իսկ մեծ զանգուածներով պանդխտութեան կը դիմեն:
«Արծուիկ Տարօնոյ»-ի մղած պայքարին շնորհիւ ղալանի դրութիւնը մեծ մասամբ վերցուեցաւ դաշտի գիւղերուն մէջ:
***
Սուրբ Կարապետի վանքը բարեկարգելու համար Խրիմեան Հայրիկի ձեռնարկած քայլերը կարգ մը միաբաններու ընդդիմութեան կը բախէին: Տարօնի նախկին առաջնորդ Զաքարիա եպիսկոպոս եւ Մամբրէ, Մխիթար, Յովհաննէս, Մկրտիչ եւ Թադէոս վարդապետները միացան եւ որոշեցին չէզոքացնել Մկրտիչ վարդապետը: Անոնք, Խրիմեան Հայրիկի անկումը փութացնելու դիտաւորութեամբ դիմեցին Էրզրումի վալիին, յայտնելով որ Մկրտիչ վարդապետ հակապետական շարժում մը պատրաստած է:
Իր կարգին կարնեցի քահանայ մը հաստատեց, որ Մկրտիչ վարդապետ ժողովուրդը պետութեան դէմ ապստամբութեան կը պատրաստէ:
Կարնեցի այդ քահանան միաժամանակ Պոլիս` Հայաստան թրքերէն «Մէճմուայի հավատիս» թերթին յօդուածներ սկսաւ ուղարկել. ան կ՛ամբաստանէր Մկրտիչ վարդապետը իբրեւ խռովարար եւ կառավարութեան դէմ գործող վտանգաւոր անձ եւ կոչ կ՛ուղղէր Ազգային ժողովին դատի կանչելու Տարօնի առաջնորդը:
Կարնեցի քահանային ամբաստանութիւնները այնքան ծանրակշիռ էին, որ կրնային կորստեան մատնել Խրիմեան Հայրիկը եւ ամբողջ Տարօնի ժողովուրդը:
Իր դէմ եղած ամբաստանութիւնները հերքելու եւ իր գործունէութիւնը բացատրելու համար Խրիմեան Հայրիկ 1864 սեպտեմբերին Տարօնէն մեկնեցաւ Պոլիս եւ պատրիարքարան ներկայանալով մանրամասնօրէն պատմեց իր գործունէութեան եւ իրեն դէմ սարքուած դաւերուն ու մատնութիւններուն մասին: Ազգային ժողովը յատուկ քննութիւն
բացաւ Մկրտիչ վարդապետի ծաւալած գործունէութեան շուրջ:
Խրիմեան Հայրիկ նաեւ ներկայացաւ կառավարութեան եւ բացատրեց, որ ինք կ՛աշխատի միայն ժողովուրդին ծառայելու տեսլականով եւ անոր բարօրութեան ու արդարութեան ի խնդիր: Ան փաստարկեց ըսելով որ ինք հակապետական շարժում պատրաստելու եւ ծաւալելու ոչ մէկ նպատակ հետապնդած է:
Պատրիարքարանը, նկատի ունենալով որ Մկրտիչ վարդապետ հարկադրուած է որոշ ժամանակ Պոլիս մնալու, Բաղէշի առաջնորդ Երեմիա վարդապետ Տեւկանցը Տարօնի առժամեայ առաջնորդական փոխանորդ նշանակեց:
***
Մինչ Պոլսոյ մէջ Խրիմեան Հայրիկի գործունէութեան շուրջ քննութիւնները կը շարունակուէին, անդին Տարօնի մէջ անոր հակառակորդները սկսան Սուրբ Կարապետի վանքի ժառանգաւորաց վարժարանի աշակերտները եւ որբերը հալածել եւ նեղութիւններ տալ անոնց:
Աշակերտներն ու որբերը վանքին մէջ ծեծի ու տանջանքներու ենթարկուեցան եւ խոշտանգուեցան:
Բազում չարչարանքներ կրելէ ետք, անտէր ու անտիրական մնացած տղաքը գիշեր մըն ալ, ծեծին ու անարգանքին չդիմանալով խմբովին փախուստ տուին վանքէն եւ փախան լեռները:
Անօթի ու անպաշտպան օրեր շարունակ անոնք թաքնուած մնացին լեռներու բարձունքներուն վրայ, անտառներուն խորերը, խոտերով ու տերեւներով սնանելով:
Հալածական տղաքը որոշեցին նամակ գրել իրենց հոգեւոր ծնողին եւ տեղեակ պահել զայն իրենց վիճակին մասին: Կտոր մը թուղթ ունէին. կը պակսէր գրիչ եւ մելան: Անոնցմէ քանի մը հոգին փուշով ծակծկեցին իրենց բազուկները եւ արիւն հանեցին: Չոր բոյսի ցօղուն մըն ալ գրիչ շինեցին եւ իրենց արիւնին թաթխելով նամակ գրեցին:
Նամակը ուղեւորի մը հետ Պոլիս ղրկուեցաւ: Խրիմեան Հայրիկ երբ կարդաց նամակը բարձրաձայն սկսաւ լալ. արցունքները թրջեցին արիւնագիր նամակը:
***
Խրիմեան Հայրիկ 1865-ի գարնան Պոլիսէն վերադարձաւ Տարօն:
Այս ժամանակ, 1864-էն սկսեալ, մեծաթիւ չերքէզներ ռուսական տիրապետութենէն խոյս տալով Կովկասէն սկսած էին գաղթել օսմանեան հողեր: Օսմանեան կառավարութիւնը գաղթականները սկսած էր տեղաւորել Տարօնի հայկական գիւղերուն մէջ:
Խրիմեան Հայրիկի հակառակորդ Մամբրէ, Եսայի, Գրգաթոռ եւ Կարապետ վարդապետները կրկին հրապարակ իջան: Անոնք Հայրիկի դէմ ծանր ամբաստանութիւններ պարունակող հանրագրութիւն մը պատրաստեցին եւ գիւղէ գիւղ շրջելով ժողովուրդէն սկսան ստորագրութիւններ եւ անուններ հաւաքել, ըսելով որ հանրագրութիւնը չերքէզները դաշտի գիւղերէն հեռացնելու համար է: Յետոյ անոնք հանրագրութիւնը Պոլիս` Բարձրագոյն Դուռ ուղարկեցին:
Բարձրագոյն Դուռը, նկատի ունենալով ամբաստանութիւններուն ծանրակշիռ բնոյթը, հեռագիր ուղարկեց Մուշի մութասարիֆին, հրահանգելով Մկրտիչ վարդապետի գործունէութեան շուրջ քննութիւն բանալ եւ հարցաքննութեան կանչել զայն:
Մուշի մութասարէֆը Մկրտիչ վարդապետը, անոր հակառակորդ հոգեւորականները, հայ ազդեցիկ աղաները, թուրք պաշտօնեաներ եւ քիւրտ ցեղապետներ իր մօտ` կառավարչատուն կանչեց: Քննութիւն բացուեցաւ Մկրտիչ վարդապետի գործունէութեան շուրջ: Հակառակորդ հոգեւորականները, աղաները եւ թուրք ու քիւրտ բէկերը, խօսքերնին մէկ ըրած, սուտ վկայութիւններով ու զրպարտութիւններով ծանր ամբաստանութեան տակ առին Տարօնի առաջնորդը, իբրեւ օսմանեան տէրութեան դէմ գործող վտանգաւոր դէմք:
Մութասարիֆը եւ քննիչ պաշտօնեաները խօսքը տուին Մկրտիչ վարդապետին: Խրիմեան Հայրիկ երկար փաստարկութիւններով հաստատեց, որ ինք հակապետական որեւէ գործունէութիւն չէ ծաւալած, միայն ժողովուրդին ծառայելու սկզբունքով առաջնորդուած է, պայքարած է յանուն արդարութեան, իսկ իր դէմ լարուած դաւերն ու մատնութիւնները նախանձի, չարակամութեան, շահադիտութեան եւ թշնամութեան հետեւանք են:
Իր պաշտպանողականը աւարտելով Խրիմեան Հայրիկ ըսաւ, որ ինք պիտի շարունակէ իր ժողովրդանուէր գործունէութիւնը եւ եզրափակեց. «Իմ հակառակորդացս ոսկին պիտի հատնի, բայց իմ համբերութիւնը չը պիտի սպառի. կը համբերեմ, մինչեւ արդարութիւնը հասնի ու պաշտպանէ զանմեղութիւնը»:
Մութասարիֆը եւ քննիչ պաշտօնեաները Մկրտիչ վարդապետը անպարտ հռչակեցին:
***
Մինչ Խրիմեան Հայրիկի գործունէութեան շուրջ քննութիւնները իրենց աւարտին կը հասնէին, անդին Մշոյ դաշտի, Խնուսի եւ Պուլանըխի գիւղերէն հազարաւոր գիւղացիներ հաւաքուած էին Մուշ, իբրեւ զօրակցութիւն եւ պաշտպանութիւն իրենց սիրելի առաջնորդին:
Անդին, Մամբրէ, Եսայի, Գրգաթոռ եւ Կարապետ վարդապետները, իրենց համախոհները համախմբելով, Սուրբ Կարապետի վանքը իրենց հակակշիռին տակ առած էին: Անոնք նաեւ քիւրտ բէկերու օժանդակութեան դիմած էին, եւ մեծաթիւ քիւրտ զինեալներ լեցուած էին վանքը:
Դատավարութեան աւարտէն ետք, Մուշի կառավարական շէնքէն հազիւ դուրս ելած, Մկրտիչ վարդապետին շուրջ համախմբուեցան ժողովրդական զանգուածները: Անոնցմէ ոմանք ձիաւոր էին: Ամէն գիւղէ ներկայացուցիչներ եւ գիւղապետեր հաւաքուած էին:
Ժողովրդական մեծ ցոյցերով թափօրը Մուշէն ճամբայ ելաւ դէպի Սուրբ Կարապետի վանք: Երբ վանք հասան տեսան որ վանքը գրաւուած է եւ զինուած քիւրտերը դիրքեր բռնած են:
Խրիմեան Հայրիկի առաջնորդութեամբ ժողովուրդը փորձեց վանք մտնել, բայց զինեալները թոյլ չտուին եւ կրակ բացին: Սկսաւ բախում մը:
Խրիմեան Հայրիկ, տեսնելով, որ արիւնահեղութիւնը անխուսափելի է, իր ամբողջ հեղինակութիւնը ի գործ դնելով մէջ մտաւ: Ան ժողովուրդը համոզեց որ հանդարտի, յախուռն քայլերու չդիմէ եւ ետ քաշուի: Յետոյ զինեալներուն մէջ մտնելով համոզեց զանոնք կրակ չբանալու, յայտնելով որ ինք չուզեր բռնութեամբ գործ տեսնել եւ կը նախընտրէ Մուշ վերադառնալ:
Խրիմեան Հայրիկ եւ իր հետեւորդները վերադարձան Մուշ:
Խրիմեան Հայրիկ Մուշի Քաղաքական ժողովին ներկայացուց Սուրբ Կարապետի վանքի վանահայրութենէն իր հրաժարումը: Սակայն Քաղաքական ժողովը չընդունեց հրաժարականը եւ որոշեց Սուրբ Կարապետի վանահայրութիւնը զատել Տարօնի առաջնորդութենէն: Ժողովը նաեւ Մկրտիչ վարդապետը հաստատեց Վարագայ վանքի եւ Սուրբ Կարապետի վանահայրութիւններու պաշտօններուն մէջ: Միաժամանակ որոշում առնուեցաւ Երեմիա ծայրագոյն վարդապետը, որ արդէն առժամեայ փոխանորդ էր, պահել իբրեւ առժամեայ առաջնորդ:
Երեմիա ծայրագոյն վարդապետ Սուրբ Կարապետի վանք երթալով բացաւ առաջնորդարանը եւ տպարանը, վարչական նոր տնօրինումներ կատարեց եւ տնօրէն ժողով մը կազմեց: