Հովանաւորութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով ազգագրական եւ ազգային երգերու երեկոն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ` Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն Սասունցի եւ Աղասի Իսպիրեան:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Նաթալի Քենտիրճեան` բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու տաղանդաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը: Ան յայտնեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ անկախութիւններու առիթով ազգագրական եւ ազգային երգերու փառատօն է այսօր»: Շարունակելով ան ըսաւ. «Բազմախորհուրդ ու բազմաշերտ է աւանդը մայիս 28-ին, անգնահատելի ներգործութեամբ յատկապէս սփիւռքի հայութեան կեանքին վրայ: Սփիւռքի մաշեցնող պայմաններուն դէմ, դպրոցներու եւ ակումբներու մթնոլորտին մէջ մայիս 28-էն ժառանգուած տեսիլքը հետապնդուեցաւ եւ այդ տեսիլքով հայրենիք կերտուեցաւ եւ իրերայաջորդ սերունդներ հաւատարիմ քաղաքացիներ դարձան այդ հոգեկան հայրենիքին: Մայիս 28-ը գերազանց հպարտութեան աւանդը ձգեց սփիւռքին եւ իրականութիւն դարձուց անկախութեան վերականգնումը»: Ապա ան բեմ հրաւիրեց ազգագրական եւ ազգային երգերու մեկնաբաններ Գոհար Յովհաննիսեանը, Ռուբէն Սասունցին եւ Աղասի Իսպիրեանը:
Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հայրենի երգիչները երգեցին ազգագրական եւ ռազմահայրենասիրական երգեր: Խանդավառուած ազգագրական երգերու ջերմութենէն, ժողովուրդը շուրջպար բռնեց եւ յագեցուց իրաւ արուեստի ծարաւ հոգիները` ամրապնդելով մշակութային կամուրջը Հայաստանի եւ Այնճար հայաւանի միջեւ:
Արդարեւ, Համազգայինը, որուն նպատակն է ձգտիլ լաւագոյնին, գեղեցիկին, որակաւորին` խթանելով բարձրորակ արուեստը, անգամ մը եւս հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, սփիւռքեան եւ մասնաւորաբար լիբանանեան դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ մշակոյթ պահպանելը եւ տարածելը օրէ-օր աւելի կը դժուարանան, եկաւ դարձեալ ըսելու. «Մենք տէրն ենք մեր մշակոյթին ու նախանձախնդիր` զայն հարազատօրէն փոխանցելու մշակութասէր հանրութեան»: