ՉԱՂԼԱՍԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ 60.000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ «ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ
By adminx - Wed Nov 30, 9:00 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը ուրախութեամբ ընթերցողներուն կը տեղեկացնեն, որ ընդառաջելով մեր դիմումին, Սեդա Չաղլասեան եւ զաւակները` Նորա, Արա եւ Շահէ, հայ մամուլին զօրակցելու, անոր առաքելութիւնը բարձր գնահատելու եւ քաջալերելու համար «Ազդակ»-ի աշխատակիցները, որոշեցին «Ազդակ»-ին նուիրել 60.000 տոլար: Գումարը պիտի յատկացուի «Ազդակ»-ի խմբագրատան ներքին սենեակներու նոր ձեւափոխումներու եւ կահաւորման ընդհանուր ծրագիրին: Առաջին հանգրուանը կը վերաբերի ժողովասենեակին եւ վարչական- ծանուցումի բաժանմունքին, իսկ երկրորդը` խմբագրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ արխիւային ու քարտուղարական բաժիններուն: Ժողովասենեակը պիտի անուանուի «Արսէն Չաղլասեան», իսկ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրասենեակը` «Այտա Մուրատեան», ի յիշատակ Չաղլասեան ընտանիքի ամուսնոյն, հօր եւ քրոջ ու մօրաքրոջ:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Չաղլասեան ընտանիքին` հայ մամուլի առաքելութեան ի նպաստ իր բերած գործնական ներդրումին համար:
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print



