Հայաստան գաղթող լիբանանահայերու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ատիկա ճիշդ է, սակայն դարձեալ չափազանցուած կերպով կը ներկայացուի: «Օրինակ, Երեւանի մէջ հանդիպեցայ ընտանիքի մը, որ թէեւ երեսփոխանական գրասենեակէն օժանդակութիւն կը ստանայ, ընտանեօք Երեւան կը գտնուի, սակայն հաճելի էր զիրենք տեսնել: Այո՛, եթէ պիտի գաղթեն, թո՛ղ գաղթեն Հայաստան, բայց այս ալ խնդիր է: Տարբեր բաներ են հայրենասիրութիւնը եւ գործարարութիւնը: Ճիշդ է, որ կան երիտասարդներ, որոնք Հայաստան կ՛ուզեն հաստատուիլ, եւ մենք կը քաջալերենք: Սակայն անիկա կը վերածեն խուճապի, իսկ ոմանք նաեւ կը գրեն. «Ահա, տե՛ս, Յակոբ Բագրատունի, բոլորը Հայաստան պիտի երթան: Տեսնե՛նք` ո՞վ պիտի քուէարկէ քեզի»: Երանի ամէն մարդ Հայաստան երթայ, եւ մենք Լիբանանի մէջ երեսփոխան չունենանք: Սակայն ատիկա շահագործել պարզապէս կուսակցութիւն մը, միութիւն մը կամ կառոյց հարուածելու` այդքան ալ ճիշդ չէ: Մենք մի՛շտ ալ ըսած ենք, որ հայերը Հայաստան թող երթան: Մենք ջանք թափած ենք, որ սուրիահայերը Լիբանանի մէջ պահենք, այնքան ատեն որ Սուրիա լաւ վիճակի մէջ չէ, իսկ եթէ անոնք գաղթել կը փափաքին, ապա քաջալերած ենք, որ Հայաստան գաղթեն», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Պուրճ Համուտի մէջ պատահած դէպքին մասին եւ ժողովուրդին կողմէ ղեկավարութեան հասցէին արձանագրուած մեղադրանքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ բնական է, որ ղեկավարութիւնը մեղադրուի, որովհետեւ ան է պատասխանատուն, «իսկ երբ մենք կ՛ըսենք` հաշուետու ենք մեր ժողովուրդին, այդպէս է», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ դէպքը պատահած է ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, եւ անմիջապէս լուր տարածուած է, որ Պուրճ Համուտի մէջ արձանագրուած են հայ-սուրիական եւ հայ-քրտական բախումներ: «Ստուգեցինք, որ բախումին պատճառը եղող տուեալ անհատը 1995-ին լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացած է, այսինքն 1995-էն ի վեր լիբանանցի է եւ տասնամեակէ մը ի վեր կ՛ապրի այդ տան մէջ, որուն տանտէրը հայ մըն է, որ վարձու տուած է այդ տունը: Խնդրոյ առարկան որոշ չափով անհաւասարակշիռ անհատ մըն է: Դէպքը պատահած է այսպէս. անզէն երիտասարդներ, մէկը միւսին ետեւէն բարձրացած են անոր բնակարանը` զայն հանդարտեցնելու նպատակով: Ան իր դանակով սպաննած է ոչ կուսակցական, սակայն դաշնակցական մարդ` մեր սիրելին Խոսրովը, որ նահատակուեցաւ, եւ վիրաւորած է երեք ուրիշներ: Խնդիրը անմիջապէս յանձնուեցաւ պետական սպասարկութիւններուն, եւ անոնք, որոնք վիրաւորուած են, տակաւին քննութեան տակ են, սակայն բնականաբար այս քանի մը օրուան ընթացքին անոնք ազատ կ՛արձակուին: Իսկ այլ երիտասարդներ ոճրագործին համապատասխան պատիժը տուած են: «Նուագախումբը» անմիջապէս զարգացաւ. հարցազրոյց խնդրեցին, ընդառաջեցի եւ ըսի այն, ինչ որ հիմա կ՛ըսեմ, բայց հայաստանեան կայաններէն մէկը շարունակեց ըսել, որ խնդրոյ առարկան քիւրտ է, եւ հայ-քրտական բախումներ են: Այդպէս չէ. խնդրոյ առարկան լիբանանցի է, ինքնաթուղթին պատճէնը ունինք, թիւ 98 քայտով, սիւննի համայնքի զաւակ է, իրականութիւնը այս է, բայց մարդիկ չեն ուզեր հաւատալ: Անշուշտ ընկերային ցանցերու վրայ անմիջապէս արձագանգը լսուեցաւ` «Ո՞ւր է պետութիւնը» հարցումին մէկ այլ տարբերակով, «Ո՞ւր է ղեկավարութիւնը»: Շրջանառութեան մէջ դրուեցան վիտէոներ, ուր աթոռներով կռիւ կը կատարուի: Ի յայտ եկաւ, որ երկու տարի առաջ այլ վայրի մը մէջ պատահած դէպքին վիտէոն է: Այս վիտէոները տարածուեցան: «Նուագախումբը» սկսաւ երգել. «Ահա Պուրճ Համուտը պարպուեցաւ: Ի՞նչ կ՛ընէ կուսակցութիւնը»: Պուրճ Համուտը պարպուեցաւ, ոչ թէ որովհետեւ կուսակցութիւնը բան մը չ՛ըներ, Պուրճ Համուտի բնակարանները կուսակցութեան չեն պատկանիր: Միացեալ Նահանգներ նստած հայեր կ՛ըսեն` «Պուրճ Համուտը պարպեցի՛ք»: Այդ գրառումը կատարող հայը, ինքը, Պուրճ Համուտի իր տունը իսլամականի մը ծախած է: Այն հայը` որ կ՛ըսէ. «Վերջացաւ այլեւս, ես պիտի գաղթեմ», արդէն հայկական իրականութեան մէջ չի գտնուիր, հայերէն խօսիլ ալ չի գիտեր: Այս անհատը մենք անուն մականունով գիտենք, Լիբանանի մէջ այլ կուսակցութեան անդամ է, ո՛չ Դաշնակցութեան, ո՛չ Հնչակեան եւ ո՛չ ալ Ռամկավար կուսակցութեան: Բայց պիտի խօսին: Եթէ կը յիշէք, 6 տարի առաջ վարձակալներու հարցով Պուրճ Համուտի մէջ աղմուկ բարձրացաւ. Լիբանանի մէջ մարդ չմնաց` ներառեալ` հայեր, որ մեզ չդատապարտէ մարդկային իրաւունքներ խախտելու եւ հարուածելու յանցանքով: Իսկ հիմա անոնք կը պահանջեն, որ սուրիացիները դուրս դնենք Պուրճ Համուտէն: Լիբանանի մէջ մէկ միլիոնէն աւելի սուրիացի տեղահանուած կայ: Այո՛, Պուրճ Համուտի մէջ սուրիացի կայ, Պուրճ Համուտի մէջ միշտ ոչ հայեր եղած են, Պուրճ Համուտը հայերու չէ պատկանած տասնամեակներ առաջ: Պուրճ Համուտի տարածքը ոչ հայկական տարածք եղած է անցեալին: Պուրճ Համուտի մէջ ոչ հայ տանտէրերուն թիւը մեծ է: Քաղաքապետութիւնը անհրաժեշտ միջոցառումները կ՛որդեգրէ, վարձքերու կանոնաւորում կ՛ընէ, բայց այսպէս խուճապ ստեղծել` ի՞նչ բանի համար: Ո՞վ Պուրճ Համուտը լքեց եւ գնաց Զալքա, Ժալ էլ Տիպ, Անթիլիաս, Մըզհեր, Ռապիէ բնակելու եւ իր տունը ոչ հայու չծախեց: Անցնող երկու տարիներուն մենք մեր միջոցներով յաջողեցանք երկու շէնք «ազատագրել» հայերու տալ, սակայն կան ճարպիկներ, որոնք կ՛երթան արաբին հետ նոտարին քով համաձայնութիւն մը կ՛ընեն` իբր թէ խանութը իրն է, բայց արաբ վաճառականին տուած է: Ի՞նչ կ՛ընէ կուսակցութիւնը: Կուսակցութիւնը գաւազանով մարդ չի ծեծեր, որ` մի՛ տար տունդ արաբին, մի՛ ծախեր: Կը փորձենք համոզել, առաւելագոյնը մեր կուսակցական ընկերներուն կարգապահական տնօրինում կը կատարենք: Այո՛, ընկեր ունինք, նիւթական դժուարութեան մէջ էր եւ տունը իսլամի ծախեց եւ շարքերէն հեռացուեցաւ, ուրիշ ընկեր ունինք, որ վաճառատունը ծախեց` շարքերէն հեռացուեցաւ: Դաշնակցութիւնը այս մէկը ինքն իր ընկերներուն կրնայ ընել, սակայն` ոչ ժողովուրդին: Այն երեւակայածին վիճակները, որոնք յաճախ կը ստեղծենք, իսկապէս քանդիչ են, անպատասխանատուութիւն են: Թող հարց տան. ո՞ւր է կուսակցութիւնը, ձերբակալուածը չկրցաւ ազատ արձակել բանտէն. այլ կուսակցութիւններ կրնան շուտով ազատ արձակել: Մենք այդ կուսակցութիւններէն չենք: Պետութիւն կայ եւ պետականութիւնը կը յարգենք: Մենք գիտենք, որ մեր տղաքը յանցաւոր չեն, եւ գիտենք, որ մէկ կամ երկու օր ետք ազատ պիտի արձակուին: Այս ամենակարողութեան գաղափարը պարզապէս կացութիւնները շահագործելու կը միտի:
Ճիշդ է, որ դժգոհ ենք Պուրճ Համուտի վիճակէն: Դժգոհ ենք նաեւ այլ շրջաններու մէջ վիճակէն` ոչ միայն հայկական իմաստով, լիբանանեան իմաստով: Լիբանանցին դժգոհ է, պետութիւնը դժգոհ է: Երկրին մէջ խնդիր կայ, Սուրիոյ հետ տեղահանուածներու տունդարձի հարցով երկու երկիրները իրարու հետ չեն կրնար խօսիլ, եւ Ռուսիոյ միջամտութիւնը կը խնդրուի, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը Սուրիա կ՛երթայ կու գայ, եւ այս բոլորին մէջ առանձնացնել եւ ըսել, որ Դաշնակցութիւնը պէտք է այս հարցին լուծումը գտնէ: Կը ներէք, Դաշնակցութիւնը չ՛ըներ եւ ոչ ալ ըսած է, որ կարողութիւնը ունի նման բան կատարելու: Բաներ կան, որ մենք ըսած ենք, որ ի վիճակի չենք զանոնք կատարելու, հետեւաբար թող գան եւ ուրիշներ կատարեն զանոնք, եւ ոչ թէ բաւարարուին գրելով, խօսելով:
Օրինակի համար, մենք անարդար թղթածրարներու չենք միջամտեր, եթէ գողցած է, ամէն ինչ ըրած է եւ կը պահանջէ, որ Դաշնակցութիւնը պատասխանատու ըլլայ անոր ազատ արձակումին: Այդպէս չէ: Մարդկային կեանքը այդպէս չէ: Ո՛վ որ արժանի է, իր խնդրած գուրգուրանքէն շատ աւելի կը ստանայ, բայց ան, որ արժանի չէ, չի ստանար», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ Թիրօ Քեմփի պարագային` նշելով, որ պարագան նոյնն էր` շրջանը ապահայացաւ, որովհետեւ հայերը իրենց բնակարանները օտարահպատակ աշխատաւորներու վարձու տուին: «Այս իրականութեան մէջ Դաշնակցութիւնը, կամ ոեւէ մէկը ի՞նչ կրնայ ընել: Տունե՞րը գնենք: Չունինք այդ կարելիութիւնը: Նոյնը Այնճարի մէջ չի՞ պատահիր: Օտարին հող ծախողը ո՞վ է: Մեզ ամբաստանեցին ազգայնամոլութեամբ, խտրականութեամբ, սակայն հողը ծախողը հայն է: Պէտք է լաւ ըմբռնենք, որ այս պայքարը հաւաքական պայքար է: Եթէ առանձին պիտի պայքարինք, ապա այդ պայքարը չի յաջողիր», աւելցուց ան:
Աղբի տագնապը լիբանանցիին մնայուն ցաւն է եւ որոշ ժամանակ մըն ալ ցաւ պիտի մնայ: Աղբի հարցին շահագործումը ամէնէն դիւրին շահագործուող հարցն է: «Այսօր ի վիճակի ենք ըսելու, որ թափօններու թաղման վայրերը փակուած են` առողջապահական դրութեամբ: Այդ վայրերէն չէ, որ հոտ կ՛ելլէ: Կայ երկու շտեմարան, ուր երկուքուկէս տարի առաջ, աղբի տագնապի օրերուն, ժամանակաւոր կերպով աղբեր զետեղուած են եւ պիտի փոխադրուին թափօններու թաղման այլ վայր մը, սակայն այդ աղբերը արդէն իսկ փճացած են: Հոտը Պուրճ Համուտէն չէ. ո՛չ ոք կը խօսի Ժտէյտէի մասին: Ո՛չ ոք կը խօսի Պուրճ Համուտը Ժտէյտէէն բաժնող գետակին մասին: Ո՛չ ոք կը խօսի Պէյրութի գետին մասին, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ կապ չունի: Ո՛չ ոք կը խօսի Քարանթինայի մէջ աղբերու մասին, ո՛չ ալ շաբաթը անգամ մը նաւով հասնող ոչխարի հօտերուն մասին, որ կը պարպուի նաւահանգիստ:
Բնական է, որ պիտի շարունակեն խօսիլ Պուրճ Համուտի մասին, որովհետեւ մտահոգ են Պուրճ Համուտով: Ո՛չ ոք կը խօսի այդ մասին, որ աղբերէն առաջ ալ այդ հոտը եղած է, որովհետեւ դէպի ծով թափող տարբեր շրջաններէ եկող աղտոտ ջուրերու հոտը կայ, եւ որովհետեւ Պուրճ Համուտը ծովէն ցած է եւ մակընթացութեան հետ գիշերները որոշ անհաճոյ հոտեր կ՛ելլեն: Իսկ մենք չենք կրնար Պուրճ Համուտի աշխարհագրական դիրքը փոխել եւ բարձրացնել կամ ծովը ցածցնել: Քաղաքապետութիւնը տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի, եւ մենք արգելք հանդիսացանք, որ հոն մէկ միլիոն հինգ հարիւր հազար մարդու կոյուղիներու զտարանի ծրագիր կառուցուի` գիտնալով հանդերձ, որ նախագահ Ամին Ժեմայելի օրերէն այդ խողովակները հասած են Պուրճ Համուտ: Կառավարութիւնը պէտք է կազմուի, որպէսզի այդ ծրագիրին մասին աւելի արագ խօսինք: Հաւանաբար եօթը ամիսէն Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրերը փակուած կ՛ըլլան, իսկ այն խոստումը, որ քանի մը տարի առաջ տրուած էր, որ այդ հողամասը մէկ կարեւոր մասը պիտի ըլլայ կանաչապատուած, միւսը պիտի ըլլայ ծովեզերեայ հաճելի շրջան, ընթացքի մէջ է: Տակաւին կ՛աշխատինք, որ «Լինոր»-ի նախկին ծրագիրը վերակենդանանայ, որ Պէյրութէն դէպի Մեթնի տարբեր շրջաններ լայն պողոտաներ բացուին, եւ շնչէ այս շրջանը, առաւել, ծովեզերքը աւելի մաքրուի: Այս բոլոր ծրագիրներուն համար կ՛աշխատինք, սակայն այս բոլորը ժամանակի կարօտող ծրագիրներ են: Այսօր ո՞վ կ՛ըսէ, որ այդ աղբակոյտը չկայ: Լեռը ոչնչացած է, ի՞նչ ըրիք, որ չկայ: Սակայն պիտի ամբաստանեն մեզ` գողութեամբ եւ խաբեբայութեամբ, որովհետեւ անոնք կը կարծեն, որ ամէն մարդ ամէն մարդու պէս է: Ասիկա ախտ մըն է, որ մենք ուրիշներէ ժառանգած ենք: Հայկական մեր իրականութեան եւ վարուելակերպին մէջ գոյութիւն չունէր: Մենք ուրիշներու պէս չենք, պէտք է անդրադառնալ այս ճշմարտութեան: Լիբանանի հայուն հիմնական ճակատաբաց կեցուածքը պիտի ըլլայ այն, որ ինք տարբեր է ուրիշներէ: Մեզ ապրեցնողը եւ հզօրացնողը այն գիտակցութիւնն է, որ մենք ուրիշներէ տարբեր ենք: Ասիկա գերակայութեան բարդոյթ չէ, ասիկա մենք մեզ պահելու եւ հզօրացնելու մեր իրաւունքն է, այնպէս` ինչպէս ուրիշ համայնքներ կը կատարեն: Բայց մենք ինչո՞ւ պիտի ուզենք տեւաբար վիզը ծուռ քաղաքացի ըլլալ: Մենք հպարտ լիբանանցի հայեր ենք: Մենք խիզախ լիբանանահայեր ենք: Մե՛նք, մեր տղաքը` հայ երիտասարդներ, պատժեցին ոճրագործը: Այդ մասին մարդ չի խօսիր: Կը խօսի նահատակին մասին, որ մեր պարծանքն է, բայց նաեւ ոճրագործը մաքրեցին: Թէ ո՞վ է կամ որո՞նք են: Ձեռքերնին դալար», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքին գործունէութեան եւ Ազգային ինքնութեան ֆոնտերուն գործունէութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ ինքնութեան ֆոնտերը կարեւոր են ժողովուրդին ապագային համար: «Կրթական ֆոնտը շատ օգտակար է հայկական դպրոցներէ աւարտած ուսանողներուն համալսարանական կրթութիւնը շարունակելու համար: Երեսփոխանական գրասենեակին կողքին, կան այլ հաստատութիւններ, որոնք կը նպաստեն հայ ուսանողին բարձրագոյն կրթութեան ապահովումին: Վերջին տասնամեակին Հայկազեան համալսարանը միայն հայ ուսանողներու 8 միլիոն տոլար յատկացուցած է, միայն հայկական վարժարանները հայ աշակերտին 3 միլիոն տոլար կրթական զեղչ տուած են: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, բարեսիրական միութիւնները, ԱՖՀԻԼ-ը, հիւանդանոցային ծախսերը, Նոր տարուան ընթացքին տարբեր միութիւններու նպաստները եւ այն հսկայական կամաւոր բանակը, որ կ՛աշխատի այս գործերուն քուլիսներուն ետին, իբրեւ դրական երեւոյթ արձանագրենք` գիտնալով, որ մեր պարտականութիւնն է, սակայն թող մարդիկ չանտեսեն եւ գրիչի մէկ շարժումով ամէն ինչ չքանդեն: Մանաւանդ չքանդեն մարդոց այն բարի հոգեվիճակն ու տրամադրութիւնը եւ զանոնք չմղեն օգտակար ըլլալու, բարեգործ ըլլալու իրենց պատրաստակամութիւնը դադրեցնելու: Մարդիկ կը հաւատան ինքնութեան ֆոնտին, որովհետեւ անիկա կը նպաստէ Լիբանանի մէջ ապրող հայութեան: Տառապեցնողը եւ յուզողը ապագայի հանդէպ որոշ յոյսի անկում ստեղծողը անտարբերութիւնն է` հայկականին նկատմամբ: Կը ներածենք օտարին բարքերը եւ կ՛ուզենք հայկականը նմանցնել օտարին, որովհետեւ անիկա աւելի հաճելի է մեզի, սակայն իրականութիւնը այդ է, որ այդ բոլորով կը խլուի մեր հայկականութիւնը: Պատմական իրականութիւն է այն, որ օտարէն մեզի ֆայտա չկայ: Ո՛ւր որ ալ ըլլանք, ի՛նչ որ ալ ընենք, Լիբանանի մէջ թէ այլուր, իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն իր հաւաքականութիւնը կը պաշտպանէ», հաստատեց ան:
Թմրամոլութեան մասին խօսելով, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ խորհրդարանը կ՛ուղղուի օրինականցնել հաշիշի գործածութիւնը` անոր տալով մարդկային եւ բժշկական շպար մը, որպէսզի մէկ կողմէ գոհացնեն մշակներն ու երկրագործները, իսկ միւս կողմէ` բժշկական դարմանում ապահովել: «Յստակ ըսեմ, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը դէմ պիտի քուէարկէ այդ օրինագիծին, որովհետեւ անիկա հայկական բարքերուն հետ խոտոր կը համեմատի, թէեւ կարգ մը երիտասարդներ դժգոհ են այս որոշումէն: Թմրեցուցիչը մարդակործան, մարդը քանդող բան է: Մտածենք, թէ ո՛վ կ՛ուզէ թմրեցուցիչը օրինականացնել եւ թմրեցուցիչի տարածման նպաստել: Կայ միտք եւ ձեռք, որ կ՛ուզէ երիտասարդութիւնը քանդել, հեռացնել առողջութենէ, հեռացնել առողջ վիճակէ, հեռացնել այն խնդիրներէն` ազգային, քաղաքական, որոնք զինք կը տառապեցնեն եւ զանոնք վերածել մարդկային բոյսերու, որպէսզի անոնք ոչինչ կարենան խօսիլ, հեռանան, ամէն ինչ մոռնան, վերածուին հիւանդանոցին մէջ թիւի մը, եւ այդ ձեռքը կարենայ իշխել Լիբանանի, այլ երկիրներու եւ այլ հաւաքականութիւններու վրայ` դառնալով բնական երեւոյթ», ըսաւ ան:
Պուրճ Համուտի մէջ ծրագիրներու մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքապետութիւնը արդէն իսկ սկսած է ասֆալթապատել փողոցները, «Սեն Ժագ» բնակարանային համալիրի կառուցման ընթացքը կը շարունակուի:
Երեսփոխանական գրասենեակին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ յառաջիկայ երկու-երեք ամիսներուն գրասենեակը պիտի փոխադրուի «Շաղզոյեան» շէնքէն: «Շատ հաւանաբար պիտի փոխադրուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի նախկին շէնքը, որ շատ աւելի լայն կարելիութիւններ ունի` տարածքային իմաստով: Հոն երեսփոխանները եւ քաղաքապետները պիտի կարենան հայրենակիցներ ընդունիլ, ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ընդարձակում պիտի ըլլայ: Կան նաեւ այլ ծրագիրներ, որ աելի ուշ մանրամասնութեամբ կը փոխանցենք մեր ժողովուրդին: Մեր խնդրանքն է, որ ժողովուրդը այս հարցերով հետաքրքրուի, որ ժողովուրդը դերասաններով, երգիչ-երգչուհիներով հետաքրքրուելու կէսին չափ ալ հետաքրքրուի այդ հարցերով: Այդ մէկը բոլորիս համար ճիշդ կ՛ըլլայ, բոլորիս համար լաւ կ՛ըլլայ: Մենք բարդոյթներով չենք առաջնորդուիր, բոլորին գործ կայ, բոլորին տեղ կայ, պայմանաւ որ իրենց մօտեցումին մէջ ունենան հայկական մտածողութեան առաջնահերթութիւնը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:
Հարցազրոյցը վարեց`
ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
Արտագրեց`
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
(Շար. 2 եւ վերջ)