ՇԱՄԻ ԸՆԴԳԾԵՑ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՈՂԵՐԷՆ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
By adminx - Wed Mar 23, 7:59 am
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print
Հրաժարեալ կառավարութեան
արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամի երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան գրասենեակի օգնական Փաթրիս Փաուլիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը:
Հանդիպումին ընթացքին Շամի հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1970 եւ 1973 բանաձեւերուն, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի որոշումներուն գործադրութեան:
Ան շեշտեց նաեւ, որ արաբական աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է քաղաքայինները պաշտպանել:
Միւս կողմէ, Շամի շեշտեց Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ Հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացման կարեւորութիւնը:
Ալի Շամի ընդգծեց նաեւ Լիբանանի ծովային սահմանագծումին կարեւորութիւնը` այս առումով խնդրելով Ֆրանսայի օժանդակութիւնը:
Փաուլի իր կարգին հաստատեց, որ ծովային սահմանագծումին հարցով Փարիզ պիտի օժանդակէ Լիբանանին:
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print




