ՄՈՍԱՏ ԱՌԱՆՑ ԹԵԼ ԱՒԻՒԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՎԱՐԱԾ Է ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԵՏ
By adminx - Tue Nov 29, 7:19 am
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարած է, որ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւնը` Մոսատը առանց իսրայէլեան իշխանութիւններու գիտութեան Անգարայի հետ գաղտնի բանակցութիւններ վարած է:
Իսրայէլի դիւանագիտութեան պետը ըսած է, որ Մոսատի ներկայացուցիչները թուրք պաշտօնատարներու հետ բանակցած են «Ազատութեան նաւատորմիղ»-ի միջադէպին պատճառով Անգարայի եւ Թել Աւիւի միջեւ յարաբերութեանց մէջ յառաջացած լարուածութիւնը լուծելու համար:
Լիպըրման միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Մոսատի աշխատակիցները բանակցութիւններուն մասին տեղեակ չեն պահած արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Բացի ատկէ, Մոսատ գաղտնի կապեր հաստատած է նաեւ Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ շարք մը այլ երկիրներու հետ, որոնց մասին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ չէ եղած:
«Հաարեց» կը նշէ, որ Աւիկտոր Լիպըրման հրահանգած է արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն Մոսատին այլեւս որեւէ տեղեկութիւն չտրամադրել:
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print




