Tuesday May 21, 2013

ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ` ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

By adminx - Mon Nov 28, 7:28 am

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին, գործակցութեամբ խմբապետական կազմին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի աշխատանքներու վերամուտին առիթով երէկ` կիրակի, 27 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական պաշտօնական հանդիսութիւն` մասնակցութեամբ մասնաճիւղի սկաուտնեուն եւ մարզիկներուն:

Ձեռնարկը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց Սկաուտական խորհուրդի բարի գալուստի խօսքը, զոր արտասանեց Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Մանօ Գազանճեան: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը միշտ եղած է ու կը մնայ հայ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին հարազատ միջավայրը, ուր անհատը կը դաստիարակուի ըլլալու ապագայի տիպար հայը` հաւատարիմ իր ազգին, կրօնին եւ ընտանիքին, միշտ օգնելով շուրջիններուն եւ բարոյական կեցուածքով օրինակ դառնալով զինք յաջորդող սերունդներուն, տէր կանգնելով ՀՄԸՄ-ի վսեմագոյն նշանաբանին` «Բարձրացիր բարձրացուր»-ին: Ան նկատել տուաւ, որ մասնաճիւղի խմբապետները որոշած են 2011-2012 տարեշրջանի վերամուտի հանդիսութեան նիւթը ընտրել Արցախի անկախութեան 20-ամեակը, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մաս կազմողը նաեւ մաս կազմած կ՛ըլլայ հայոց պատմութեան եւ անոր հերոսական յաղթանակներուն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աստիճաններու բարձրացումի տուչութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Յարութիւնեան: Ան նկատել տուաւ, որ տարիներ շարունակ գործած են ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն գծած ուղղութեամբ ու անոնց պատգամած դաւանանքով եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեն գործել նաեւ այսուհետեւ: «Միութիւն մը պահողը եւ զայն ամուր հիմերու վրայ հաստատողը անոր նպատակը, ծրագիրը եւ կարգախօսն է: Միութիւն մը հզօր եւ վսեմ է, երբ վեհ են իր նպատակն ու կարգախօսը», հաստատեց Կարօ Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ-ականները իրենց պատւոյն վրայ երդում ըրած են հաւատարիմ ըլլալ Աստուծոյ եւ ծառայել հայրենիքին ու ազգին: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ական սկաուտը հնազանդ, ուղղամիտ եւ բարեկիրթ է, ինչպէս նաեւ մաքուր է իր մտածումներով, խօսքով եւ գործով: Յարութիւնեան ընդգծեց, թէ այլասերումի եւ օտարացման այս օրերուն, ՀՄԸՄ-ը ամէնէն ջերմ բոյնն է հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին: «Չկայ աւելի վսեմ երդում, քան` ՀՄԸՄ-ի սկաուտի երդումը, չկայ աւելի վեհ դաւանանք, քան` մեր սկաուտական դաւանանքը» եզրափակեց Յարութիւնեան:

Ապա Կոմիտաս արք. Օհանեան խօսք առնելով շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը, որ շուրջ 100-ամեայ կեանք ունի, կենդանութեան ակումբ է: Ան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը մարդակերտումի եւ հայակերտումի վեհ նկարագիրը ստեղծելու առաքելութեամբ լեցուած, ամէն դասակարգի պատկանող զաւակները հաւաքեց, դաստիարակեց, անոնց տալով նոր կեանք, եւ այդ պատճառով հայութիւնը սփիւռքի մէջ վերականգնեցաւ եւ յարութիւն առաւ: «Այսօր մեր փափաքն է, որ ՀՄԸՄ-ի նաւը առաջնորդողները միշտ իրենց սնունդը առնեն ՀՄԸՄ-ի այն մեծ անձնաւորութիւններէն, որոնք ծառայեցին եւ կենդանի պահեցին սերունդներ, որպէսզի այդ կորիզը փոխանցեն նոր սերունդին…», եզրափակեց Կոմիտաս արք. Օհանեան:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի 2010-2011 տարեշրջանի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը, որուն յաջորդեց կենդանի պատկերի ներկայացում` «Արցախի ազատագրումը» նիւթով:

Աւարտին սրահ մուտք գործեց սերուած երգիչ Գառնիկ Սարգիսեան: Ան խանդավառեց մթնոլորտը` ներկայացնելով երգերու փունջ մը:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement