ՀԱՄՐԱՅԻ ՄԷՋ ԶԱՐԱ ՄԱԶՄԱՆԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՍԿԻԶԲ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
By adminx - Sat Nov 26, 7:24 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի, երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, զբօսաշրջութեան նախարարութեան Համրայի կեդրոնատեղիի ապակեայ սրահին մէջ Զարա Մազմանեան առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ ներկայացուց հաւաքական ցուցահանդէս մը: Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին արուեստագէտներ Մարիամ Խաչատուրեան, Թենի Վարդանեան, Մկրտիչ Մազմանեան, Ալպեր Յակոբեան, Գաբրիէլ Մանուկեան եւ Ֆայքա Հասան: «Ժամանակակից սկիզբ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 21 պաստառներ եւ 21 քանդակներ: Պէտք է նշել, որ 2012 թուականի սկիզբը Էշրեֆիէի մէջ տեղի պիտի ունենայ Զարա Մազմանեանի անհատական ցուցասրահի բացումը, ուր պիտի ներկայացուի ցուցահանդէս մը:
Յայտնենք, որ «Ժամանակակից սկիզբ» հաւաքական ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 4 դեկտեմբեր 2011:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print



