Նոթեր Ու Նետեր
Երկիրներ, Ճակատագիրներ
Անգլիա
Քաղաքագէտները կը հարցնեն.
– Անգլիա իր կայսրութիւնը կորսնցնելէ ետքը ի՞նչ պիտի ըլլայ իր դերը:
Անգլիոյ դերը պիտի ըլլայ Համլեթը:
Մանաւանդ յաջողապէս պիտի արտասանէ Դանիոյ իշխանին նշանաւոր մենախօսութիւնը.
– «Լինե՞լ, թէ՞ չլինել… Այս իսկ է հարցը…»:
Անգլիա կրնայ Շէյքսփիրի թատերախաղերէն «Ռոմէօ Ժիւլիէթ»-ն ալ ընտրել` կատարելով Ռոմէոյի դերը, իսկ Ժիւլիէթ ընելով` Եւրոպայի հասարակաց շուկան, անոր մէջ մտնելու բուռն բաղձանքով:
Կրնայ տակաւին ճոխացնել շէյքսփիրեան խաղացանկը` ստանձնելով հետեւեալ դերերը. Մաքպեթ, Լիր Արքայ, Շայլոք, Օթելլօ:
Եթէ գէշ քաղաքագէտ մը, գէշ դիւանագէտ մը եղաւ, թերեւս կ՛ըլլայ լաւ դերասան մը, որուն կը մաղթենք յաջողութիւններ, յաղթանակներ, ծափեր ու ծաղկեփունջեր:
Ճափոն
Թերթերը գրեցին, որ ճափոնական ճարտարարուեստական քանի մը մեծ ընկերութիւններ որոշած են կառուցել գործարան մը, որ բնակարաններ շինելու համար աղբերը պիտի վերածէ քարի: Այս նպատակին համար արդէն հնարուած է խոշոր մեքենայ մը, որ կրնայ վեց վայրկեանի մէջ աղբերէն արտադրել մէկ թոն քար:
Մինչեւ հիմա շէնքեր կային փայտաշէն կամ քարաշէն: Այսուհետեւ նոր բնակարանները պիտի կոչուին աղբաշէն: Աղբակազմ քարերով պիտի շինուին նաեւ` սանդուխներ, սիւներ, կամուրջներ, կամարներ, խոյակներ, խարիսխներ, աւազաններ, արձաններ ու տապաններ գերեզմանի:
Ուրեմն աղբերը շէնք պիտի ըլլան:
Տարոսը աղբամարդերուն, որպէսզի անոնք ալ շէնք շնորհք ունենան, բանի մը ծառայեն ու դադրին աղբամարդ ըլլալէ:
Հայաստան
Գիտնականները կը հարցնեն.
– Ո՞րն է այն երկիրը, ուր առաջին անգամ մշակուած է ցորենը:
Գիտնականները Հումբալտի եւ Բիսունի կը պատասխանեն.
– Ցորենի հայրենիքն է ա՛յն երկիրը, ուր ներկայիս, վայրի վիճակի մէջ, բազմաթիւ տեսակներ կան ցորենի:
Գիտնական Վաւիլով ալ կ՛ըսէ.
– Այնտեղ է ցորենի հայրենիքը, ուր տարատեսակներ շատ կան:
Իսկ հայ մասնագէտները կ՛եզրակացնեն.
– Ըստ երեք գիտնականներու ըսածին, ցորենի հայրենիքը Հայաստանն է, քանի որ կը լրացնէ յիշեալ պայմանները` որեւէ ուրիշ երկիրէ աւելի:
Մանաւանդ որ Հայաստանի մէջ գտած են 6500 տարուան նմուշներ ցորենի:
Հայկական ասացուածք մը կ՛ըսէ.
– Կօշկակարը կօշիկ չունենար, դերձակը հագուստ չունենար:
Ցորենառատ Հայաստանն ալ, իր պատմութեան ընթացքին, քանի՜ քանի՛ անգամ մնացած է անցորեն` ենթարկուելով սովի:
Այս ալ միթէ ապացոյց մը չէ՞, որ Հայաստանը հայրենիքն է ցորենի:
Ուրիշ ապացոյց մըն ալ:
– Հայաստան ցորենաշատ երկիր մը ըլլալուն համար անօթի բարբարոսները յաճախ խուժած են իր վրայ: Ի վերջոյ, Հայաստան ենթարկուած է սոված մարդագայլերու խուժումին: Մարդագայլեր, որոնք հաստատուեցան Հայաստանի մէջ, կերան, կշտացան, ապա ուզեցին հայերը ուտել ամբողջութեամբ: Այսօր կրկին անօթի են ու զիրար է, որ կ՛ուտեն: Ու մենք կ՛ըսենք.
– Բարի՛ ախորժակ, քաջ մարսողութիւն, յարատեւութիւն…
Հայաստանի ցորենի, այսինքն` հացի հայրենիքը ըլլալէ զատ, է նաեւ հայրենիքը գինիի: Չէ՞ որ Նոյ նահապետ Արարատէն իջնելէ ետքը մշակեց այգի: Ապա պատրաստեց գինի ու արբեցաւ եւ յափրացաւ ու գետնատարած եւ քնացաւ եւ հանգստացաւ` բազում յոգնութիւններէ ետք:
Հայաստանը իր հացով ու գինիով եղաւ յիսուսեան հայրենիք եւ ըսաւ.
– Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է մարմին իմ… Արբէք ի սմանէ ամենեքեան, այս է արիւն իմ…
Եւ տեսակ տեսակ վանտալներ ճաշակեցին իր մարմինը եւ ըմպեցին իր զաւակներուն արիւնը:
Արտասահմանի հայերուն վսեմական վրէժխնդութիւնը պիտի ըլլայ չդաւաճանել հայութեան, մնալ հայ քրիստոնեայ` յաւէտ ունենալով հաց ու գինի եւ այլ բաներ` ուտելի եւ ըմպելի:
***
Հայաստա՜ն, երկիր սրբավայր,
Ահա սեղանիս առջեւ եմ մինակուկ: Թէեւ համեստ, բայց օրհնութեամբ հարուստ սեղան է հայու:
Ունիմ հաց, քանի մը ձուկ ու գինի:
Կը բարձրացնեմ բաժակս` ըմպելու քու կեանքիդ, Հայաստա՛ն, ամենասուրբ տեղեաց հաւաքավայրը աշխարհի:
Քեզ երբեք չտեսայ, ու ալ յոյս չունիմ տեսնելու: Բայց դուն իմ մէջս ես, ու ես քու մէջդ եմ:
Կը մաղթեմ, որ ըլլաս, որքան որ կայ երկրագունդը, եւ ամէն հայ քեզ տեսնելու ըլլայ արժանի:
Ըլլաս առատութեան մէջ` հացերով ու հանճարներով եւ գինիներով, գիտուններով ու գործաւորներով:
Ըլլաս միշտ վերելքի մէջ: Վերապրիս յաւիտեան:
Քու կեանքիդ կ՛ըմպեմ այս գաւաթ մը գինին, ես` քու խորթ զաւակդ, քեզ շատ սիրող ու տուայտող կարօտէ:
Ըլլան ցորեններդ բիւրամբար, գինիներդ անսպառ, ու զաւակներդ գործեն հանճարաբար:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ