ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
By adminx - Thu Nov 24, 7:47 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է պահպանեն երկիրը եւ ամրապնդեն լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետը Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կը նկատէ Լիբանանի խոստումներէն մէկը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան մնայուն կերպով կը հաստատէ, որ ինք յանձնառու է միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ տակաւին շատ կանուխ է Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը մերժելու մասին խօսելու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունեց տիւրզի համայնքի նախկին հոգեւոր պետ Պահժաթ Ղէյսը, որ հանդիպումէն ետք նշեց, թէ զօր. Աունի հետ հանդիպումը եղած է հոգեւոր առումով հարուստ եւ դրական հանդիպում մը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած նոր շրջաբերականին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը արձանագրած է 400 լ. ոսկիի յաւելում:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ կիրակի օր Թրիփոլիի մէջ տեղի ունենալիք քաղաքական փառատօնին ընթացքին Լիբանանի կառավարութեան դէմ բողոցի ցոյցեր կատարելու եւ փողոց իջնելու ազդանշանը պիտի տայ իր հետեւորդներուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատունը վերածուած է լրտեսներու որջի մը, հետեւաբար անիկա կը նկատուի Լիբանանի մէջ գործուած քաղաքական սպանութիւններուն պատասխանատու առաջին ամբաստանեալներէն:
ՈՒԺԳԻՆ պայթում մը ցնցեց հարաւային Լիբանանի Սըտտիքին գիւղաքաղաքը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը սկսած է տապալիլ` աւելցնելով, որ ասոր իբրեւ հետեւանք ինքնաբերաբար պիտի տապալի նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ եթէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չկարենայ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը ապահովել, ապա ան պէտք է տուն վերադառնայ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու հարցը ամէնէն արագ միջոցին պէտք է լուծել` յանգելով համախոհական որոշումի մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարները կը կրեն Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակելու եւ կրակ բանալու պատասխանատուութիւնը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ 4 օդանաւեր թռիչքներ կատարեցին եւ կեղծ յարձակումներ գործեցին Լիբանանի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով երկրին գերիշանութեան դէմ:
ՊԱՐ Էլիասի բնակիչները երէկ հրկիզուած անիւներով փակեցին Պար Էլիասի միջազգային մայրուղին` բողոքելով այդ շրջանին մէջ ելեկտրական հոսանքի մնայուն ընդհատումին դէմ:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ կոչ ուղղեց կառավարութեան համախոհութիւն գոյացնելու Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման շուրջ եւ այս հարցը քուէարկութեան թղթածրարի չվերածելու:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print



