Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, ուրբաթ, 15 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտներուն 2017-2018 տարեշրջանի տարեկան ցուցահանդէսին բացումը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի մուտքի մեծ սրահին մէջ, ներկայութեամբ աշակերտներուն, ծնողներուն եւ արուեստասէր բազմութեան:
«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Վազգէն Մուղալեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ ձեւով զեկուցական մը ըրաւ ընթացաւարտ տարեշրջանի աշակերտներուն սորված նիւթերուն, աշխատելաձեւին եւ արտադասարանային ձեռնարկներու մասնակցութեան եւ ակադեմիային կողմէն կազմակերպուած աշխատանքային պտոյտներուն մասին: Նաեւ անդրադարձաւ յառաջիկայ տարեշրջանին համար նկատի առնուած աշխատանքներուն, որոնք պիտի գան ամրապնդելու աշակերտին մէջ իր սորվածը եւ աւելի հետաքրքրական դարձնելու անոր աշխատանքը ակադեմիայէն ներս:
Ապա Վազգէն Մուղալեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեանը` փոխանցելու համար իր սրտին խօսքը: Յակոբ Հանտեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս միւս Գեղարուեստի դպրոցները, նոյնպէս եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը ունեցաւ հեզասահ կրթական տարի մը, եւ արդէն գտնուելով կրթական տարեշրջանի աւարտին, հանրութեան կը ներկայանան իրենց աշխատանքին արգասիքը եղող գեղեցիկ գծագրութիւններու ցուցահանդէսով: Ըստ անոր կեանքի յաջողութիւնը կը կայանայ միշտ գեղեցիկը տեսնելու, եւ աւելի՛ն, անոր մէջ մեր զգացումներն ու ապրումները շաղախելու եւ զայն արուեստի ճամբով կեանքի կոչելու, նաեւ` արուեստասէր հանրութեան հետ կիսելու մէջ: Յակոբ Հանտեան եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով, թէ Գեղարուեստի դպրոցները մասնագիտական գիտելիքներու կողքին ջանք պիտի չխնայեն փոխանցելու աշակերտներուն` ինչպէ՛ս ապրիլ իրենց կիրարկած արուեստը, այնտեղ դրոշմելով իրենց երեւակայութեան թռիչքները եւ հոգեկան ապրումները: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ ցուցահանդէսին հիւրաբար ներկայ կը գտնուի հայրենի վաստակաւոր ժողովրդական արուեստագէտ Յաղթանակ Շահումեանը: Ապա յաջողութիւն եւ բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն:
Վազգէն Մուղալեան բեմ հրաւիրեց օրուան հիւրը, հայրենի վաստակաւոր ժողովրդական արուեստագէտ Յաղթանակ Շահումեանը` փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Արուեստագէտը գնահատեց կազմակերպուած ցուցահանդէսը եւ աշակերտներուն տարած աշխատանքը` շեշտելով, որ հաւանաբար անպայմանօրէն բոլորն ալ արուեստագէտ չդառնան ապագային, բայց անոնք կրնան տանիլ շատ գեղեցիկ աշխատանք: Արուեստագէտը կարգ մը փոխանցումներ ընելէ ետք աշակերտներուն, բարձր գնահատեց սփիւռքի մէջ, հայրենիքէն հեռու, այսպիսի միջավայր մը ստեղծելու եւ հետեւականօրէն աշխատանք տանելու ճիգը` հայ մշակոյթը կենդանի պահելով մեր ազգի զաւակներուն մէջ` դրական նկատելով անոր անխափան ընթացքը շարունակելու յանձնարարութիւնը: Ան իր քաջալերական խօսքերով խրախուսեց աշակերտները` շարունակելու իրենց աշխատանքը:
Վերջաւորութեան «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Վազգէն Մուղալեան, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեան եւ վաստակաւոր հայրենի ժողովրդական արուեստագէտ Յաղթանակ Շահումեան աշակերտներուն փոխանցեցին, ընթացաւարտ տարեշրջանին իրենց հաստատագիրները:
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ յաջորդ օրը` շաբաթ, 16 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն 6:00: