ԽԱՉԻԿ-ՀՐԱԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
24 մարտ 2018-ին իր մահկանացուն կնքեց վենեզուելացի երաժիշտ եւ տնտեսագէտ Ժոզէ Անթոնիօ Ապրէոն` իր ետին ձգելով հազարաւոր երախտապարտ պատանիներ եւ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ` «Էլ Սիսթեմա» կոչուած երաժշտական դաստիարակութեան դպրոցը, որուն կը հետեւին աւելի քան 300.000 վենեզուելացի պատանիներ եւ երիտասարդներ` երկրի ընկերային միջին եւ ցած խաւերէն:
Ո՞վ է Ժոզէ Անթոնիօ Ապրէոն
Ժոզէ Անթոնիօ Ապրէօ վենեզուելացի երաժիշտ է, որ իր երաժշտական կրթութեան կողքին, նաեւ ստացած է տնտեսագիտութեան համալսարանական ուսում: Աւելի ուշ ան կ՛ընտրուի Վենեզուելայի խորհրդարանի անդամ, ինչպէս նաեւ կը նշանակուի մշակոյթի նախարար: Ան երաժշտութեան հանդէպ ունեցած իր սիրոյն պատճառով կը վերադառնայ անոր եւ կ՛ունենայ տեսլականը` ստեղծելու երաժշտական դպրոցներու ցանց մը` «Էլ Սիսթեմա»-ն:
Ի՞նչ է «Սիսթեմա»-ն
Վենեզուելան, հակառակ իր ունեցած պաշարներուն, ունի աղքատութեան, ինչպէս նաեւ ոճրագործներու եւ թմրամոլներու բարձր համեմատութիւն, յատկապէս` միջին եւ աղքատ խաւերուն մէջ: Ապրէօ 1975-ին կը ստեղծէ «Էլ Սիսթեմա»-ն: Այդպիսով, ան կ՛ուզէ հիմքը դնել անվճար դպրոցի մը, որ ուղղուած էր միջին եւ աղքատ դասակարգերուն: Ապրէօ կը կարծէ, որ երբ պատանին կը սորվի երաժտական գործիք մը եւ մաս կը կազմէ նուագախումբի, ան արդէն կը դադրի աղքատ ըլլալէ, կ՛ունենայ զէնք մը, նպատակ մը, ինքզինք մասնակից կը զգայ ընկերութեան աշխատանքներուն եւ հեռու կը մնայ ընկերային յոռի երեւոյթներէն, ան կ՛ունենայ զարգանալու տեսլական: Այս էր Ապրէոյի նպատակը: Ան կ՛ուզէր աղքատութեան եւ յոռի երեւոյթներուն դէմ կռուիլ արուեստով ու երաժշտութեամբ եւ ոչ` քաղաքական քարոզչութեամբ:
Առաջին հանդիպումին Ապրէօ կը սպասէր 100 մասնակից, բայց ներկայացաւ ընդամէնը 11 աշակերտ: Այդտեղ Ապրէօ տեսնելով անոնց ոգեւորութիւնը` խոստացաւ բազմապատկել անոնց թիւը, եւ այդպէս ալ եղաւ: Այսօր «Էլ Սիսթեմա» երաժշտական ցանցը կը հաշուէ աւելի քան 300.000 ուսանող Վենեզուելայի ամբողջ տարածքին: Ան կ՛ընդգրկէ 280 երաժշտական կեդրոններ, 120 երիտասարդական
նուագախումբեր եւ 60 մանկական նուագախումբեր: Նոյնանման փորձեր կատարուած են նաեւ 50 տարբեր երկիրներու մէջ: Ամէնէն յայտնի նուագախումբը Վենեզուելայի Պոլիվարի անուան նուագախումբն է, որ շրջագայած է Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա: Այս ցանցը ունեցած է բազմաթիւ շրջանաւարտներ, որոնք մաս կազմած են աշխարհի ամէնէն յայտնի նուագախումբերուն : Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորն է Կիւսթաւօ Տիւտամելը, որ կը նկատուի աշխարհի ամէնէն փայլուն խմբավարներէն, եւ որ Լոս Անճելըսի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին գլխաւոր ղեկավարն է:
Երաժշտութիւն յանուն ընկերվարութեան
«Էլ Սիսթեմա»-ն իր էութեամբ, նպատակով եւ ծրագիրով ընկերվարական գործունէութիւն է: Ան հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ իբրեւ դասակարգային պայքարի միջոց: Այսպէս դասական երաժշտութիւնը, որ ընդհանրապէս հարուստ դասակարգին վերաբերող հաճոյք է, կը կտրէ այդ կարծրատիպը ու կը դառնայ բոլորին սեփականութիւնը: Կ՛ըսեն` ամէն անձ արուեստագէտ չի կրնար ըլլալ, բայց արուեստագէտ մը կրնայ որեւէ տեղէ ստեղծուիլ: Այսպէս, այս բարձրորակ արուեստը տարբեր դասակարգերու պատանիներն ու երիտասարդները կ՛օժտէ բարոյական հարստութեամբ, գիտելիքներով, ճաշակով եւ միեւնոյն ժամանակ անոնց կը տրամադրէ զարգացման հաւասար առիթներ: Վերոյիշեալ գաղափարը կը նկատուի ընկերվարական գաղափարախօսութեան հիմքերէն մէկը:
Քաղաքական մարդու տեսակ եւ տեսլական
Վերջին բաժինով պէտք է անդրադառնալ Ապրէոյին` իբրեւ քաղաքական գործիչի, ու` անոր տեսլականին եւ փորձել անկէ որոշ դասեր քաղել: Առաջին հերթին պէտք է նշել, որ Ապրէօ մշակոյթն ու դասական արուեստը կը նկատէ անհրաժեշտութիւնը մը, որ կ՛ազնուացնէ հոգին ու կը նպաստէ մարդ անհատի զարգացման: Ան չի նկատեր արուեստը ժամանակի կորուստ կամ ազատ ժամերու պատանիներու զբաղումի միջոց:
Երկրորդ: Ապրէոյի դպրոցներու ցանցը կ՛աշխատի արհեստավարժ մօտեցումով եւ չ՛ուզեր արձանագրել որեւէ որակական զիջում, հակառակ երկրի դժուար իրավիճակին: Դասական երաժշտութիւնը բարդ եւ դժուար հաճոյք է եւ կը կարօտի խիստ արհեստավարժութեան: Երկրի պայմանները, կայացած երաժշտական դպրոցներու բացակայութիւնը կրնան հանդիսանալ պատրուակ` զիջելու այդ սկզբունքներէն, բայց Ապրէոյի նուաճած բեմերը կու գան հաստատելու անոր համակարգին մէջ արհեստավարժ մօտեցում:
Երրորդ. Ապրէօ քաղաքական գործիչ էր եւ ունէր քաղաքական, ընկերվարական եւ մարդասիրական տեսլականներ: Եւ այս տեսլականներուն, որ ան նուիրեց իր կեանքին երկրորդ կէսը: Տեսլական ունենալը պէտք չէ շփոթել լոզունգներու կամ քաղաքական ընտրական քարոզչական ասոյթներու հետ: Առաջին հերթին, տեսլական ունեցող քաղաքական գործիչը պէտք է լաւ ճանչնայ ընկերութիւնը, որուն մէջ կ՛ապրի, հասկնայ անոր կարիքներն ու անհրաժեշտութիւնները: Յաճախ ընկերութեան անդամները կրնան գիտակցիլ այդ կարիքներուն ու պահանջներուն, իսկ երբեմն ալ անոնք կ՛ըլլան այնպիսի կացութեան մէջ, որ անոնք չեն գիտակցիր այդ անհրաժեշտութիւններուն: Տեսլական ունեցող անձը նոյնիսկ պէտք է ըլլայ շրջահայեաց եւ` որոշ մտաւորական, քաղաքական եւ մշակութային գիտելիքներով օժտուած, որպէսզի գիտակցի նոյնիսկ այս պահանջներուն: Այս բոլորը պայմաններ են տեսլականի մը ստեղծման, սակայն բաւարար չեն: Տեսլականի ստեղծումը կը կարօտի նաեւ ունենալ ստեղծագործ միտք, որ առիթ կու տայ բոլոր այս անհրաժեշտութիւններուն յարմար տեսլականի ստեղծումը: Այս ստեղծագործ միտքը անհրաժեշտ է նաեւ մշակելու ծրագիր` այդ առաջադրանքին կամ տեսլականին իրագործման, իսկ այս բոլորը իրագործելու համար անհրաժեշտ է արհեստավարժ եւ կանոնաւոր աշխատանք: Այսպէս, տեսլական ունենալ ու զայն իրագործել կը նկատուի բաւական բարդ ընթացք: Եւ այստեղ կը կայանայ Ապրէոյի առանձնայատկութիւնը: Ան յաջողած էր ստեղծել այդ տեսլականը եւ իրագործել զայն: Անոր տեսլականը կը միաձուլէր դասական արուեստն ու ընկերվարական պայքարը, մշակութային անհատական զարգացումն ու ընկերութեան մէջ զարգացման արդար պայմաններու ստեղծումը: Եւ այս բոլորը կը կատարուէին ոչ թէ յառաջադէմ երկրի մը մէջ, այլ` Վենեզուելայի մէջ, ուր աղքատութեան համեմատութիւնը բաւական բարձր է: Տիւտամելը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ կը նշէ, որ եթէ այս աշխատանքը կարելի էր իրագործել Վենեզուելայի պէս երկրի մէջ, ապա պատճառ չկայ նոյն ծրագիրը իրագործելու աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ: