Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ` ընթացիկ գործունէութիւնը եւ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու նպատակով: Հանդիպման կը մասնակցէին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Յարութիւնեան, Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան փորձագէտներ, նախարարութեան այլ պատասխանատուներ:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Արթուր Խաչատրեան կարեւոր նկատեց Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան աջակցութեամբ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ իրականացուող ծրագիրները` վստահութիւն յայտնելով, որ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակէ ընդլայնիլ եւ խորանալ:
«Գիւղատնտեսութիւնը երկարաժամկէտ խնդիրներ կը լուծէ, եւ մենք կը գիտակցինք, որ որոշակի շեշտադրումներու փոփոխութիւն պէտք է ըլլայ: Մասնաւորաբար, եթէ հաշուի առնենք, որ որոշ մարզերուն մէջ արտադրանքի էական մասը` մինչեւ 90-95 առ հարիւրը, կը գոյանայ փոքր տնային տնտեսութիւններէն, տրամաբանական է, որ զանոնք նոյնպէս անհրաժեշտ է քաղաքականութեան մէջ ներգրաւել: Բացի անկէ, փոքր տնտեսութիւնները պէտք է ընդգրկել նաեւ համագործակցութեան մէջ: Արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր է շահերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական արժեշղթան ամբողջականացնելու տեսանկիւնէն», նշեց նախարարը:
Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչի օգնական Գայեանէ Նասոյեան իր խօսքի սկիզբը շնորհաւորեց Արթուր Խաչատրեանը` Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:
Գայեանէ Նասոյեան այնուհետեւ ներկայացուց 2016-2020 թուականներու Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան առաջնահերթութիւններու ծրագրային շրջանակը, յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ խաղողի ծիներու պաշարներու պահպանման, ձկնաբուծութեան մարզին մէջ ջրային աղբիւրներու այլընտրանքային օգտագործման, կաթնամթերքի մատակարարման եւ վերամշակման հոլովոյթներու բարելաւման ուղղուած ծրագիրներուն եւ այլ հարցերու: