«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, 24 յունիսին տեղի ունենալիք կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններուն կրկին պիտի առաջադրուի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ, այս անգամ` կուսակցութեան Տիգրանակերտի ցանկով:
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւնները վերջնական տեսքի կը բերեն իրենց ընտրացուցակները, որոնցմէ ի յայտ կը դառնայ, որ ծագումով հայ Էլմաս Կիրակոս կը ներկայացնէ Թուրքիոյ նորաստեղծ «Լաւ» ազգայնական կուսակցութիւնը եւ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած է Պոլիսէն:
Կիրակոս առաջադրուած է քաղաքի 3-րդ ընտրատարածքին մէջ, կուսակցութեան ցանկին 8-րդ դիրքին վրայ: Նշենք, որ ան կը հանդիսանայ ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն անջատուած կարգ մը քաղաքական գործիչներու կազմած «Լաւ» նոր կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը:
Կիրակոս ծնած է 1973-ին, Ամասիա նահանգը, իսկ աւելի ուշ տեղափոխուած է Պոլիս:
Թրքական լրատուամիջոցներու պնդումով` հայկական ծագում ունի նաեւ նոյն կուսակցութեան փոխնախագահ Թայլան Եըլտըզ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Մարգար Եսայեան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ կրկին առաջադրուած է իբրեւ թեկնածու 24 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նման, ան ներկայացուած է Պոլսոյ երկրորդ ընտրատարածքէն:
Ի տարբերութիւն խորհրդարանի միւս հայ երեսփոխաններուն, իշխող շրջանակներուն հետ իր սերտ յարաբերութիւններով յայտնի Եսայեան այս ընթացքին որեւէ հայամէտ դիրքորոշում չէ ունեցած: Աւելի՛ն, 2016-ի յունիսին, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին, ան Թուրքիոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ կողմ քուէարկած էր բրիտանացի խորհրդարանական Ռոպըրթ Ուոլթըրի հակահայ` «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միւս գրաւուած տարածքներուն մէջ» զեկուցումին, որ սակայն չվաւերացուեցաւ:
Նշենք, որ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը իր թեկնածուներու ցանկէն դուրս պահած է ներկայ խորհրդարանի 3-րդ հայազգի երեսփոխանին` Սելինա Տողանի անունը:
Մինչ այդ, Փայլան եռալեզու (հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն) ուշագրաւ գրառում մը կատարած է «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ` նշելով.
«Բարե՛ւ, Տիգրանակերտ,
Բարե՛ւ, Ամետ (Տիգրանակերտի քրտական անունը),
Բարե՛ւ, Տիարպեքիր,
Հպարտ եմ, որ Տիարպեքիրէն առաջադրուած եմ իբրեւ երեսփոխանի թեկնածու:
Յաջողութի՛ւն»: