Հայաստանի կառավարութեան անդամները նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ իրենց պարտականութիւնները բարեխղճօրէն կատարելու երդում տուին:
Առաջին երդում տուողը եղաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այնուհետեւ` կառավարութեան բոլոր անդամները:
Երդման բովանդակութիւնը հետեւեալն էր. «Յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման` կ՛երդնում բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ շահերու պահպանման, հաւատարիմ մնալ կառավարութեան անդամի բարձր կոչումին»: