Saturday May 25, 2013

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՍՊԱՆԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԷ ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ ԵՆ ՆԱՄԱԶԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՆՈՒՆ ԵՒ ԿԱՇԱՌՔ ՉԱՌՆԵԼՆՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

By adminx - Sat Nov 19, 7:36 am

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու անդամներ

Ազրպէյճանական «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթը կը գրէ, որ ազրպէյճանցի զինուոր մը աշխատանքէ հեռացուած է նամազի մասնակցելուն համար: Օրաթերթը կը յայտնէ, որ ազրպէյճանական բանակի «Պեթթա» ջոկատի հրամանատար Ֆիքրաթ Ռզայեւ վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին անհիմն պատճառաբանութիւններով` ապօրինաբար աշխատանքէ հեռացուցած է քանի մը սպաներ:

Յատուկ պետական պաշտպանութեան ծառայութեան «Պեթթա» ջոկատի սպաներու հեռացման հարցով տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ազրպէյճանի Զինուած ուժերու քաղաքացիական վերահսկողութեան կեդրոնի ղեկավար Ալեքպեր Մեմետով նշած է, որ վերջին շրջանին ուժային կառոյցներու դէմ բողոք-դիմումները աւելցած են:

Օրաթերթը կը գրէ, որ վերոնշեալ Ֆիքրաթ Ռզայեւը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի թիկնապահներու պետ զօր. Պէյլեր Էյուպովի բարեկամն է, իսկ ջոկատի հրամանատար նշանակուելէ ետք սկսած է ծառայութենէն ազատ կացուցել փորձառու զինուորները: Անոնցմէ մէկը հեռացուցած է աշխատանքէն ետք նամազի մասնակցելուն համար: Երեք այլ սպաներ հեռացնելէ ետք զանոնք փոխարինելու բերած է իր բարեկամները: Սպաներէն մէկէն պահանջած է ջոկատի զինուորներէն գումար հաւաքել: Սպան մերժած է, իսկ Ռզայեւ պահանջած է կամաւոր դիմում գրել եւ հեռանալ աշխատանքէն:

Զինուորները յայտնած են, որ իրենց վերջին յոյսը նախագահն է: «Սակայն եթէ նախագահն ալ չարձագանգէ մեր դիմումներուն, ապա պիտի հրաժարինք Ազրպէյճանի քաղաքացիութենէն եւ պիտի հեռանանք այստեղէն», ըսած են անոնք:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement