Thursday Jun 20, 2013

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ. «ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ԲԱՆՏԻ ՃԱՂԵՐՈՒՆ ԵՏԻՆ» ՆԻՒԹՈՎ ՍԵՄԻՆԱՐ

By adminx - Sat Nov 19, 7:30 am

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Խաղաղութեան կառուցման յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան եւ օժանդակութեամբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան զարգացման ծրագիրին (Եու.Էն.Տի.Փի.), երէկ` ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2011-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Իրաւունքները բանտի ճաղերուն ետին» նիւթով միօրեայ սեմինար մը, որուն ընդհանուր նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել Լիբանանի բանտերուն ու բանտարկեալներուն իրավիճակը:

Յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սեւակ Քեթենճեան, որ ներկայացուց կազմակերպուած սեմինարին նպատակը` լուսարձակի տակ առնել լիբանանեան բանտերուն, յատկապէս Ռումիէի բանտին իրավիճակը, բանտարկեալներու իրաւունքներու ոտնակոխումը, եւ յատկապէս շեշտել, որ բանտերը վերակազմաւորման վայր պէտք է ըլլան:

Ապա խօսք առաւ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ նշեց, թէ խաղաղութեան կերտման համար կարեւոր են ներքին ու արտաքին տուեալները, որոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն: Անոր համաձայն, մարդը մարդ է, ուր ալ գտնուի, թէկուզ բանտի ճաղերուն ետին, ուստի ան ունի տարրական իրաւունքները, զորս պէտք է յարգել` յատկապէս միշտ ուշադրութիւն դարձնելով մարդկային արժանապատուութեան պահպանման վրայ:

Սեմինարին առաջին զեկուցաբերն էր ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարութեան գրասենեակի պատասխանատուներէն  Լանա Պայտաս, որ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ մարդու իրաւունքներուն` մասնաւորելով բանտարկեալներունը: Ան խօսեցաւ այս գծով միջազգային եւ լիբանանեան օրէնքներուն մասին, մանրամասնեց բանտարկեալներու առնչուող պայմանները, դատուածին եւ մեղադրեալին միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները, բանտերուն չափանիշները: Լ. Պայտաս իր խօսքի աւարտին ներկայ կացութեան պատասխանատուն նկատեց լիբանանեան կառավարութիւնը, որուն կոչ ուղղեց լրջօրէն հետապնդելու այս հարցը եւ լուծումներ գտնելու:

Սեմինարին երկրորդ բաժինով ներկայացուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ Ռումիէի բանտ տրուած այցելութիւնը եւ լիբանանեան բանտերուն առնչուող տարբեր քաղաքական գործիչներու ու անձերու հետ կատարուած հարցազրոյցները ամփոփող վիտէօ-երիզ մը, որուն նկարահանումներն ու համադրումը կատարած է Մարգար Թումայեան: Յանձնախումբի անդամները վիտէօ-երիզին մէջ իրենց տեսածներուն եւ փորձառութեան մասին արտայայտուեցան` յատկապէս շեշտելով, որ բանտարկեալը աւելի լաւ անձ մը դարձնելու փոխարէն Ռումիէի բանտին մէջ ան աւելի վատ կը դառնան: Յատկապէս շեշտուեցաւ, որ 1500 հոգիի համար կառուցուած Ռումիէի բանտին մէջ այսօր 8800 բանտարկեալ կայ, ապրուստի որեւէ պայման գոյութիւն չունի:

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ խօսք առաւ գնդ. Ժոզեֆ Քլլես, որ լուսաբանութիւններ տուաւ, ճշդումներ կատարեց` առանց հերքելու այն իրողութիւնը, որ բանտերը մեծ հարցեր կը դիմագրաւեն:

Սեմինարին երրորդ զեկուցաբերն էր դերասան Զէյնա Տաքքաշ, որ 2008-էն ի վեր աշխուժ աշխատանք կը ծաւալէ այս գծով: Ան իր անձնական փորձառութենէն մեկնելով` խօսեցաւ բանտարկեալներուն հետ իր գործելաձեւին մասին, նաեւ նշելով կառավարութեան կողմէ դրուած արգելքները: Ապա ցուցադրուեցաւ իր կողմէ պատրաստուած «12 բարկացած լիբանանցիներ» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը` Ռումիէի բանտին մէջ բեմադրուած:

Սեմինարի աւարտին ներկաները ստորագրեցին յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած յուշագիր մը, որուն մէջ տեղ գտած են բանտարկեալներուն տարրական իրաւունքներն ու կեցութեան պայմանները յարգելու առնչուած կէտեր, եւ որ պիտի ներկայացուի լիբանանեան խորհրդարանին:

Յատկանշական էր այս սեմինարին նկատմամբ ուսանողներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement