Երէկ` ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ներկայացուց «Կոնտոլեզիա` իմ սէր» թատրերգութիւնը` հեղինակութեամբ Արա Արծրունիի եւ բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Տեղի ունեցաւ նաեւ Արա Արծրունիի պարգեւատրումը:
Նիւթը կը խօսի քաղաքի մը իշխանաւորի մասին` Սեզար, որ կ՛ուզէ իշխանութեան գլուխը մնալ եւ ծաւալել իր ուժը, հետեւաբար կը դիմէ լծակներու: Կարծես մարդիկ ծարաւ ունին իշխելու եւ ամէն ճիգ, ամէն միջոց ի գործ կը դնեն, որ մնան իրենց դիրքին եւ աթոռին վրայ, միւս կողմէ Անիպալը, դէմ կը կանգնի Սեզարին եւ կ՛ուզէ տապալել անոր վարչակարգը: Ըստ Անիպալի, պատիւն ու խիղճը կը յաղթեն անարդարութեան: Ան կը ներկայացնէ ժողովուրդի այն զաւակները, որոնք ունին տեսիլք, երազ, նպատակ, որոնց իրականացման համար յանձն առած են ամէն զոհողութիւն: Սակայն շուտով Անիպալի մէջ կը փոխուի ամէն բան, եւ աթոռին հասնելու համար ինքն ալ կը ստիպուի իր խաղերը խաղալու: Անոր մաքուր սէրն ու երազը կը վերածուին փառամոլութեան, որուն գինը կը վճարէ իր կեանքով եւ կը զոհուի:
Դերակատարներն էին Սեզար` Ժան Պեքերեճեան, Ղուկաս` Զաւէն Պաաքլինի, Անիպալ` Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Եւա` Արփի Սողոմոնեան, Տիտի` Նժդեհ Մկրտիչեան, Էտի` Հրայր Գալեմքէրեան, ճղճիմ մարդ` Էթիեն Սէօքիւնեան, երեք պահակներ` Յովսէփ Գաբլանեան, Մանուէլ Թոքմաքճեան, Կարօ Փանողլեան, խօսնակուհիի ձայն` Ծովիկ Թորիկեան, անծանօթ բամբ ձայն` Կարօ Քիրիաքօ:
Թատրոնի աւարտին խօսք առաւ Կարօ Յովհաննէսեան եւ ներկայացուց Արա Արծրունին: Ան ըսաւ, թէ Արա Արծրունի ծնած է 1932-ին վանեցի ծնողքէ, ուսումը ստացած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Գրական գործերով աշխատակցած է «Բագին» ամսագիրին, «Սփիւռք» շաբաթաթերթին, «Կամար» հանդէսին եւ «Արծիւ» ամսաթերթին: 1969-1972 եղած է «Ազդակ» օրաթերթի մշակութային էջի պատասխանատու, 2012-ին անդամակցած է Հայաստանի գրողներու միութեան. ան մաս կը կազմէ «Գ. Մելիտինեցի» գրական մրցանակի դատական կազմին: Ըստ Յովհաննէսեանի, գրական-հրապարակագրական հարուստ վաստակով մը կը ներկայանայ Արա Արծրունի մեր իրականութեան մէջ: Արձակ գործերուն մէջ բացի «Վիրաւոր ծիծեռնակը» հատորէն Արա Արծրունի ունի բազմաթիւ վիպակներ, պատմուածքներ եւ գրական էջեր, որոնք լոյս ընծայուած են վերոյիշեալ գրական պարբերականներուն մէջ: Ստորագրած է բազմաթիւ հրապարակագրական էջեր «Ազդակ» օրաթերթի եւ «Արծիւ» ամսաթերթին մէջ: Կարօ Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ 1972-ին Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբը անոր հրապարակագրական էջերէն առանձին հատորով մը հրատարակած է «Եղեռնի հետքերով» յօդուածաշարքը` «Ազդակ» օրաթերթէն, 31 յօդուած: Անցեալ տարի լոյս տեսան անոր «Ծուէններ» եւ «Ալեկորիա» վէպերը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն: Արա Արծրունիի գրական վաստակին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն թատրերգութիւնները, որոնցմէ շատեր բեմ բարձրացած են Լիբանանի, Գիւմրիի, Երեւանի, Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ: Կարօ Յովհաննէսեան դիտել տուաւ, որ Արա Արծրունիի ընդհանուր վաստակին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն թատերական գրականութեան անհեթեթի մասը` աւելցնելով, որ հայկական անհեթեթի թատրոնի երկու ժամանակակից հիմնադիրներէն են Արա Արծրունի եւ պոլսահայ թատերագիր Արման Վարդանեան:
«Պէտք է հաստատել, որ անոնց ոճերը կը տարբերին իրարմէ: Արման Վարդանեան անհեթեթի թատրոնի զտարիւն հեղինակ է, իսկ Արա Արծրունի անհեթեթին կը միացնէ այլաբանութիւնը: Արա Արծրունի բարձունք մը կը հանդիսանայ եւ ուրոյն տեղ կը գրաւէ մեր գրականութեան յատկապէս թատրերգութեան մարզին մէջ», եզրափակեց Կ. Յովհաննէսեան:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան. ան նախ ըսաւ, թէ Արա Արծրունին իր գործերով տեւաբար պիտի ծառայէ սփիւռքահայ թատրոնին: Ան դիտել տուաւ, որ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի ղեկավար Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանութիւնները երկար ատեն մնացին իր ընտանիքին մօտ, ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան յանձնուելով պէտք է լոյս տեսնէին, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք օգտագործել: Խմբագրական այդ հսկայական աշխատանքը սիրայօժար եւ բծախնդրութեամբ կատարած է Արա Արծրունին:
Ապա Մկրտիչ Մկրտիչեան Համազգայինի շքանշանը յանձնեց Արա Արծրունիին: Այնուհետեւ Արա Արծրունի շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ըսաւ, թէ պարգեւատրումը ծանր կը ճնշէ իր սրտին վրայ, սակայն երիտասարդական օրերէն գիտէր, թէ արդար վերադարձը միշտ պէտք է ըլլայ դէպի գլխագիր սկիզբը, սկիզբը վերջ չէ, այլ ակունքը ճշմարիտ ակին. ակունք էր այն օրը, երբ ծնաւ Համազգայինը այն ժամանակաշրջանին, երբ ամբողջ աշխարհը կը կարծէր, թէ մահամերձ է Ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ տարտղնուած հայութիւնը: Ըստ անոր, Աղբալեան, Շանթ, Օհանջանեան եւ այլ մեծութիւններ ունեցան տեսլական մը, անոնք Համազգայինի ճամբով ստեղծեցին մեր վերականգնումի գլխաւոր հիմերէն մէկը` վերածաղկեալ հայ մշակոյթը: Ա. Արծրունի ուրախութիւն յայտնեց, որ բեմին վրայ եւ սրահին մէջ կը տեսնէ երիտասարդներ, որոնք վառ կը պահեն Համազգայինի ջահը:
Խօսքի աւարտին Արա Արծրունիի յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը: