Saturday May 25, 2013

ՔՈՒԷՅԹԻ ԻՇԽԱՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱԿԱԳՈՒՆԴԻՆ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ԴԷՄ ԴՆԵԼ ԵՐԿՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳՈՂՆԵՐՈՒՆ

By adminx - Fri Nov 18, 7:24 am

Սուպահ Ահմետ Սուպահ իշխանը

Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմետ Սուպահ ցուցարարներուն կողմէ խորհրդարանի շէնք ներխուժումին համար ցաւ յայտնեց եւ ազգային պահակագունդին եւ ներքին գործոց նախարարութեան ուժերուն ցուցմունք տուաւ դէմ դնել բոլոր անոնց, որոնք երկրին ապահովութիւնը կը վտանգեն, ինչպէս նաեւ խորհրդարան ներխուժած երեսփոխաններուն եւ ցուցարարներուն դէմ դատական հետապնդումի ընթացք առնելը յայտարարեց:

Չորեքշաբթի ուշ գիշերին իշխող տոհմի անդամ վարչապետին հրաժարականը պահանջող հազար ցուցարարներու խորհրդարան ներխուժումէն ետք, քուէյթցի պաշտօնատարներ երէկ «տագնապի ժողով» մը գումարեցին: Կառավարութեան արտակարգ նիստին նախագահեց երկրին իշխանը: Նշենք, որ վերջինս խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը լուծելու իրաւասութիւնը ունի:

Միւս կողմէ, Քուէյթի խորհրդարանը ցուցարարներուն իր շէնքին պատճառած վնասներուն պատճառով ջնջեց երէկ նախատեսուած իր նիստը:

Նշենք, որ ընդդիմութեան հրաւէրով կազմակերպուած այս ցոյցը Քուէյթի մէջ աննախադէպ էր:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement