Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինը հրաւիրած է Սպիտակ տուն, իսկ Ռուսիոյ նախագահը պատրաստ է անոր հետ հանդիպում ունենալու:
Ան յայտնեց, որ երկու ղեկավարները իրենց երկիրներուն միջեւ զինուորական բախում մը պիտի չարտօնեն:
Խօսելով Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի վերջին յարձակումներուն մասին` Լաւրով «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ ռուսական բանակը Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ արեւմտեան երկիրներու հրթիռներու չէզոքացման փաստեր պիտի ներկայացնէ: Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը գիտակցին, թէ սուրիական կարգ մը շրջաններու դէմ իրենց յարձակումները կարմիր գիծերու շրջանցում են:
Լաւրով վստահեցուց, որ Սուրիոյ դէմ վերջին յարձակումէն ետք, Ռուսիան այլեւս բարոյական որեւէ արգելք չունի Դամասկոսին «Էս-300» պաշտպանութեան համակարգեր տրամադրելու:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց. «Մոսկուան ապացոյցներ ունի սուրիական Տումա քաղաքին մէջ քիմիական զէնքով յարձակումի բեմադրութեան Լոնտոնի մեղսակցութեան վերաբերեալ»: