Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը մայրաքաղաք Ռիատի մէջ հանդիպում ունեցաւ կարտինալ Ժան-Լուի Թորանի հետ:
Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ կաթողիկէ բարձրաստիճան հոգեւորական մը կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա:
Վատիկանի մէջ Կրօններու երկխօսութեան պապական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Թորանի հետ հանդիպումը Սալման թագաւորին ու կաթողիկէ պաշտօնատարի մը միջեւ առաջին հանդիպումն է:
Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին սէուտցի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ հանդիպումներ ունեցած էին քրիստոնէական այլ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, ինչ որ կ՛ամրապնդէ այն յոյսը, որ հանդուրժողականութիւնը տիրէ թագաւորութեան մէջ, ուր կը գտնուին իսլամութեան ամէնէն սրբազան վայրերը, եւ ուր այլ պաշտամունքները արգիլուած են: