ԵԻՐԻԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ «ՊՕՂՈՍ ՆՈՒՊԱՐ» ՄԵՏԱԼՈՎ
By adminx - Wed Nov 16, 7:54 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ ընդունեց «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Ողջունելով հիւրը եւ բարձր գնահատելով Հայաստանի մէջ անոր գործունէութիւնը` նախարար Յակոբեան նշեց, որ Եիրիկեան հայրենիքի մէջ սփիւռքահայու կողմէ գործարարութեամբ զբաղելու, ներդրումներ կատարելու լաւագոյն օրինակներէն մէկն է: Նախարարը նաեւ նշեց Ռ. Եիրիկեանի մարդկային բարձր որակները:
Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման մէջ նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելու, լայնածաւալ բարեգործական ծրագիրներ իրականացնելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հրամանով Ռալֆ Եիրիկեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» մետալով:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print




