Համագործակցութեամբ Զաւարեան ուսանողական միութեան Zomtalks-ի եւ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին երկուշաբթի, 19 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն նիւթն էր «Արդիականութիւն, քաղաքականութիւն եւ արուեստ»: Օրուան դասախօսն էր Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:
Բացման խօսքը կատարեց Zomtalks-ի անդամներէն Նայիրա Պաղտասարեան: Ան նկատեց, որ այսպիսի հանդիպումները լաւագոյն առիթներ են քննական միտք զարգացնելու իմաստով: Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սէրուժ Յովսէփեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ծանօթացուց օրուան դասախօսը` Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու օրուան նիւթը:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան մասնագիտացած ըլլալով միջազգային յարաբերութիւններու մէջ իր նիւթը սկսաւ հպանցիկ ակնարկ մը նետելով յետարդիական տեսութեան վրայ: Խօսելով արդիականութիւն եզրին մասին` ան անդրադարձաւ 2016-ին տեղի ունեցած երկու իրադարձութիւններու: Առաջինը 23 յունիսին Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հանրաքուէն էր, որ ծանօթ է «Պրեքզիթ» անունով: Բրիտանացի քաղաքացիներ քիչ համեմատութեամբ քուէարկեցին, որ Մեծն Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու գործընթացը սկսի: Երկրորդը` հոկտեմբեր ամսուն Միացեալ Նահանգներու մէջ Տոնալտ Թրամփի նախագահ ընտրութիւնն էր: Այս երկու իրադարձութիւններուն լոյսին տակ ընթացիկ օրաթերթերը ազատական համաշխարհային կարգի տագնապի ահազանգը հնչեցուցին: Ապա ան հարցադրում մը կատարեց, որ արդեօք այսօր աւարտա՞ծ է այս տագնապը: Արդիականութեան յառաջացուցած տագնապներէն մէկն է դրամատիրութիւնը: Ան նշեց, որ եթէ Մեծն Բրիտանիան դուրս գայ Եւրոպական Միութենէն, անիկա կը սկսի մասնատուիլ եւ կը քայքայուի:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ այս իրադարձութիւնը ներկայիս բանակցային գործընթացի մէջ մտած է եւ Եւրոպական Միութիւնը վերաթարմացման գործընթաց մը կ՛ապրի, տնտեսութիւնը լաւացած է, գործազրկութիւնը նուազած եւ Եւրոպական Միութիւնը կը նայի նոր հորիզոններու եւ թէ ինչպէս Պալքանները պիտի կարենայ առնել իր կազմին մէջ եւ տիրական ներկայութիւն ըլլայ:
Իսկ նախագահ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան մասին խօսելով ան ըսաւ, որ շարունակականութիւն կայ նախկինին եւ ներկային միջեւ: Արհեստագիտութիւնը տակաւին կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ոեւէ աշխարհակալ կը փլի կա՛մ համաշխարհային պատերազմի, կա՛մ ալ բնական աղէտի պատճառով: Խաչիկ Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ Համաշխարհային Գ. պատերազմ տեղի չունեցաւ տեսական դիտանկիւնէ, որովհետեւ հիւլէական զէնք կար:
Ապա ան խօսեցաւ արդիականութեան պատմական հոլովոյթին մասին` նշելով, որ անցեալին քրիստոնէական աշխարհակարգը քանդուեցաւ մոնկոլներու կողմէ վառօդի գործածութեան սկսելով:
Այդ օրերուն բերդը թագաւորին հաստատութիւնն էր, մեծ եկեղեցիները կը պարտադրէին իրենց տիրապետութիւնը, իսկ պալատներուն մէջ աւատապետները պատերազմի ընթացքին հոն կ՛ապաստանէին: Պատերազմի թեքնիք զարգացումները փոխեցին ամբողջ զարգացում մը: Ապա ան մանրամասն խօսեցաւ Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցող կրօնական պատերազմներու մասին: Համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ եւ սկիզբ դրաւ աշխարհիկ կարգին: Քրիստոնէութեան ընկալումը այս առումով խօսքին ընդմէջէն յայտնուած ճշմարտութիւնն էր: Աշխարհիկութիւնը փոխեց այս մտածողութիւնը: Այս առումով քանի մը մտածողներ ներդրում ունեցան, ինչպէս` Ռընէ Տեքարթը ըսաւ. «Կը մտածեմ, ուրեմն գոյութիւն ունիմ», Նիութըն տիեզերական օրէնքներու գաղափարը դրաւ (պատճառ եւ հետեւանք)` անոնց տալով տեսական հայեացք: Ճշմարտութիւնը չէ գրուած, այլ անիկա գիտութիւնը կը գտնէ դիտարկումի, օրէնքներու սահմանումին ընդմէջէն: Կրօնական մտածողութիւնը փոխարինեց գիտական բանական մտածողութիւնը: Արդիականութեան հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ յայտնաբերուած ճշմարտութեան խօսքէն անդին կայ գիտական մտածողութիւնը: Դրամատիրութիւնը նոր աշխարհի արդիականութիւնն է:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ 19-րդ դարուն շոգեկառքը աշխարհը յեղափոխեց, իսկ 21-րդ դարուն ասոր համազօր միջոցը, որ աշխարհը աւելի պզտիկցուց, համացանցն էր: Եթէ 19-րդ դարը չըլլար, ո՛չ դրամագլուխը հիւսիսային Ամերիկա կ՛երթար, ո՛չ ալ զանգուածային տեղափոխութիւններ տեղի կ՛ունենային հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկա ու նոր պետութիւններ կը ստեղծուէին: Մարդկային իրաւունքներու հասկացողութիւնը ի յայտ եկաւ: Արդիական մտածողութիւնը հայութեան մէջ կը տեսնենք Րաֆֆիի «Կայծեր» վէպին մէջ:
Համաշխարհային Ա. պատերազմը յստակ բեկում մը յառաջացուց Եւրոպայի ինքնավստահութեան մէջ:
Արդիականութիւնը արուեստին մէջ բերաւ գրականութեան տարածում, որ իշխանութիւնները մարտահրաւէրի կը կանչէր: Արուեստի դպրոցի գաղափարը արդիականութիւնն էր, որ սկսաւ 19-րդ դարուն եւ գերիրապաշտութիւն էր` հարցականի տակ դնելով գոյութեան իմաստը:
Համաշխարհային Բ. պատերազմը Եւրոպայի բռնապետութեան վերջ դրաւ: Ողջակիզումը եւ հիւլէական զէնքի ի յայտ գալը երկու կարեւոր իրադարձութիւններ են այս ժամանակաշրջանին: Հիւլէական զէնքը մարդկութեան գոյութեան կրնայ վերջ դնել: Անիկա եթէ գործածուի, անբանականութեան գագաթնակէտը կը դառնայ:
Արեւմուտքի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի մէջ վերջին շրջանին տնտեսութեան պատմական աճը իր անդրադարձը ունեցաւ հասարակութիւններուն վրայ:
Խօսելով համացանցի մասին` դասախօսը ըսաւ, որ անոր ստեղծումը տեղի ունեցաւ, որպէսզի զինուորական հաղորդակցութիւնը գաղտնի պահուի, բայց անիկա շուկայականացաւ:
Իր դասախօսութեան վերջին բաժինով Տէր Ղուկասեան անդրադարձաւ աշխարհի տագնապներուն` հարցականի տակ առնելով, թէ արդեօք այսօր արդիականութիւնը կա՞նգ առած է եւ դէպի ո՞ւր կը տանի մեզի: Այսօր եթէ իրերը իրենք աշխատին, մարդիկ ի՞նչ պիտի ընեն. անոնք իրենց ժամանակը պիտի վատնեն ստեղծագործութեան համար: Եթէ հարստութիւնը կը ստեղծուի եւ կը բաժնուի մեքենաներու կողմէ, մարդիկ կրնան աւելի ստեղծագործ ապրիլ:
Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին: