Wednesday May 22, 2013

ՊԵՐԼՈՒՍՔՈՆԻ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ. ԹԵՔՆՈՔՐԱԹ ՄՈՆԹԻ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ԻԲՐԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

By adminx - Mon Nov 14, 7:48 am

Սիլվիօ Պերլուսքոնի

Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ աւագ քաղաքագէտներու հետ հանդիպումներու շարք մը կը գումարէ` փորձելով շաբաթ օր վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի հրաժարելէն ետք ժամանակաւոր կառավարութեան մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: Ան երէկ 17 հանդիպումներ ունեցաւ:

Աշխատանք կը տարուի, որ նոր կառավարութիւնը կազմուի նախքան այսօր միջազգային ելեւմտական շուկաներու բացումը:

Եւրոպական Միութեան նախկին յանձնակատար Մարիօ Մոնթի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու գլխաւոր թեկնածուն կը նկատուի, սակայն կրնայ բուռն ընդդիմութիւն դիմագրաւել, եթէ փորձէ տնտեսական սեղմումի խիստ քայլեր գործադրել:

Նոր վարչապետը պիտի ստանձնէ Իտալիոյ պարտքերու ճգնաժամը լուծելու տնտեսական սեղմումի քայլեր որդեգրելու պատասխանատուութիւնը:

Պերլուսքոնի խոստացած էր հրաժարիլ, երբ Եւրոպական Միութեան կողմէ պահանջուած` երկրին տնտեսութեան նկատմամբ շուկաներուն վստահութիւնը վերականգնելու ուղղուած քայլերը խորհրդարանին եւ ծերակոյտին կողմէ որդեգրուին:

Շաբաթ օր Իտալիոյ խորհրդարանը 380 թեր, 26 դէմ եւ երկու ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց այդ քայլերը: Ծերակոյտը զայն արդէն որդեգրած էր ուրբաթ օր:

17 տարի Իտալիոյ քաղաքականութեան գլխաւոր դէմքը եղող եւ երկրին ամէնէն երկարատեւ վարչապետը` Պերլուսքոնի, շաբաթ օր նախագահական պալատ այցելելով ներկայացուց իր հրաժարականը: Սակայն կիրակի օր յոյս յայտնեց, որ վերստանձնէ երկրին կառավարութիւնը:

Պերլուսքոնիի համաձայնական կառավարութեան գլխաւոր անդամ Հիւսիսային լիկայի ղեկավար Ումպերթօ Պոսսի յստակ դարձուց, որ կանխահաս ընտրութիւններ կ՛ուզէ եւ Մարիօ Մոնթիի զօրավիգ պիտի չկանգնի: Ան ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը «պիտի զօրակցի թեքնոքրաթ  վարչապետ Մոնթիի, մինչեւ անոր քաղաքականութեան ծանօթանանք»:

Երէկ աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Մարիօ Մոնթի նախագահին կողմէ առաջադրուեցաւ իբրեւ վարչապետ: Յառաջիկայ օրերուն Մոնթի պիտի փորձէ կառավարութիւն մը կազմել:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement