Wednesday May 22, 2013

ՓԱՓԱՏԵՄՈՍ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ

By adminx - Mon Nov 14, 7:47 am

Լուքաս Փափատեմոս

Յունաստանի նոր նշանակուած վարչապետ Լուքաս Փափատեմոս այսօր պիտի ջանայ քաղաքական կուսակցութեանց միջեւ հազուադէպ «հրադադարէն» օգտուելով յառաջ մղել երկրին հաւաստիութիւնն ու սնանկութենէն խուսափելու տնտեսական սեղմումի եւ արմատական բարեփոխումներու քայլերը:

Ան այսօր երեկոյեան ընթացք պիտի տայ այդ քայլերուն շուրջ խորհրդարանական քննարկումի մը, որ պիտի աւարտի չորեքշաբթի օր` իր նախարարաց կազմին շուրջ վստահութեան քուէով: Խորհրդարանի վստահութեան արժանանալէն ետք, ան հինգշաբթի օր ներկայ պիտի գտնուի Պրիւքսելի մէջ եւրոյի գօտիին մաս կազմող երկիրներու ելեւմուտքի նախարարներու ժողովին, ուր պիտի ներկայացնէ իր երկրին յառաջիկայ տարուան պիւտճէի նախագիծը` նախքան զայն ուրբաթ օր քննարկումի համար խորհրդարան ներկայացնելը:

Միջազգային դրամական ֆոնտէն, Եւրոպական կեդրոնական դրամատունէն եւ Եւրոպական Միութենէն հսկիչներ այսօր պիտի սկսին Աթէնք հասնիլ, ինչ որ վարչապետին վրայ ճնշումը պիտի բարձրացնէ:

Միւս կողմէ, ձախակողմեան ցուցարարներ վաղը կէսօրէ ետք պիտի հաւաքուին խորհրդարանի շէնքին առջեւ իրենց առաջին ցոյցը կատարելու նոր կառավարութեան դէմ, որ ցուցարարներուն կողմէ կ՛ամբաստանուի դրամատուներու պաշտօնատարներու շահերուն ծառայելու յանցանքով:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ հրապարակուած տնտեսական տուեալները ցոյց տուին, որ Յունաստանի անգործութեան համեմատութիւնը երկու կէտ բարձրանալով օգոստոսին հասած է 18 առ հարիւրի: Օգոստոսը զբօսաշրջութեան եղանակի գագաթնակէտն է, եւ այդ ամիս անգործութեան համեմատութիւնը պէտք էր նուազած ըլլար եւ ոչ թէ աւելցած:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement