Friday May 24, 2013

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐԸ ԱՆՋԱՏԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ` ԱՌԱՆՑ ԱՆՈՐ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌԵԼՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

By adminx - Sat Nov 12, 7:42 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը:

Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի քաղաքացիներուն առեւանգումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են` աւելցնելով, որ հիւսիսային Լիբանանի սահմանին վրայ արձանագրուած խախտումները դիտմամբ չեն կատարուած` նկատել տալով միաժամանակ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարուած են` կասեցնելու համար նման սահմանային խախտումներ:

Ապու Ֆաուր նկատել տուաւ, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնած է, թէ ինք Փրկարար աշխատանքներու եւ շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդին փոխանցած է իր ցուցմունքները, որպէսզի անիկա օժանդակէ Լիբանան հասած անպատսպար սուրիացի քաղաքացիներուն:

«Վարչապետը իր կարգին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի քաղաքացիներ չեն առեւանգուած», ըսաւ Ապու Ֆաուր:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է նախարարական եւ խորհրդարանական պաշտօնները իրարմէ անջատելու օրէնքը, պայմանաւ որ սակայն անիկա չներառէ վարչապետը:

ԺԵՀԻԹԱՅԻ ՔԱՐԱՅՐ

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին յայտարարուեցան Աշխարհի 7 արդի հրաշալիքներու մրցումին արդիւնքները, որոնց համաձայն, այդ մրցումին թեկնածու Ժեհիթայի քարայրը չէր կրցած յաջողութիւն արձանագրել:

Նախնական արդիւնքներուն համաձայն,  Աշխարհի 7 արդի հրաշալիքներն են. Ամազոնի անտառները, Հալոնկի ծոցը, Իկուազայի ջրվէժը, Ճեճուի կղզին, Փուերթօ Փրինսեսա ընդյատակեայ գետը եւ Թէյպըլ լեռները:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement