Friday May 24, 2013

ՇԱՐՊԵԼ. «ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԵՆ ԵՐԿՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԻՆ»

By adminx - Thu Nov 10, 8:51 am

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը եւ զայն պահպանելու առումով քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն եւ ղեկավարութիւններուն գիտակցութիւնը, Լիբանանի մէջ ապահովական ապակայունութիւնը եւ հաւանական ցնցումները կը կանխարգիլեն:

Նախարար Շարպել յայտնեց, որ բոլոր լիբանանցիներուն համար անվտանգութիւնը կարեւոր է, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթ է: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի ապահովական ուժերը յանձնառու են եւ նախանձախնդիր` երկրին ապահովութիւնը պահպանելու առումով: «Անոնք արթուն կը հսկեն նաեւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան», ըսաւ Շարպել:

Անդրադառնալով իր մշակած ընտրական օրէնքին` Շարպել յայտնեց, որ այդ աշխատանքը արդիւնք է Լիբանանի աշխարհագրական եւ ժողովրդագրական իրականութեան` աւելցնելով, որ այդ օրէնքին մշակումը կատարուած է այնպիսի ձեւով, որ կարելի ըլլայ նաեւ պահպանել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ ապահովել քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն ներկայացուցչութիւնը:

Շարպելի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Հատի Հպէյշ, նախկին նախարար Էլիաս Սապա, Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Ռեմոն Խաթթար եւ Լեռնալիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի ժուզու:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement