Thursday May 23, 2013

ՆԱԽԱՆՁՈՎԴ ՔՈՒ Ա՛ՆՁԴ Է, ՈՐ ԿԸ ԿՈՐԾԱՆԵՍ

By adminx - Thu Nov 10, 5:50 am

ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Իր նմանակիցը թակարդի մէջ ձգելու եղանակը այլեւս սովորութիւն դարձած երեւոյթ է այսօրուան աշխարհայնացած կեանքին մէջ: Մարդկային կեանքը առաջին իսկ օրէն այս ախտով ընթացք առած է, այս սկզբնակէտով յառաջացած է եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի: Սակայն` մինչեւ ե՞րբ…

Դժբախտաբար նախանձելու վատաբարոյ արարքը վերջերս սկսած է թափընթաց յորձանքի նման ոչ միայն երեւան գալ, այլեւ` մարդուս նկարագրին անբաժանելի մէկ մասնիկը եւ «խորհրդատու» յուշարարը դառնալ: ՆԱԽԱ՛ՆՁ: Ամէնուրեք, ամենաուժգին ու ամենազօրեղ արարքը, որ տեւականօրէն ահուդողի կը մատնէ շատերը:

Ընկերային կեանքին մէջ փոխյարաբերութիւնները չէզոքացնող, բարեկամութեան կապերու խզման հիմնական դրդապատճառը հանդիսացող, անկեղծութիւնը նսեմացնող եւ սիրալիր յարաբերութեան կապը ջլատող «ձգտո՛ւմ» մըն է նախանձ կոչուած սա յոռի արարքը: Ստութեան հօր (Հմմտ. Յհ 8.44)` Բանսարկուին նախանձի ու հպարտութեան մեղանչումէն եւ Կայէն ու Աբէլի եղբայրասպանութեան պատմութեամբ սկիզբ առած եւ մինչեւ այսօր շարունակուող բարոյաքանդ այս զգացումը` նախանձը, իր բազմերես դիմակներով առկայ է մեր խօսակցութեա՛ն, մտերմութեա՛ն, բարեկամութեա՛ն եւ ամուսնակա՛ն կեանքին մէջ: Երեւոյթ մը, որ լուռ ու դարձդարձիկ մօտեցումներով աւերներ կը գործէ` տուեալ անձնաւորութեան մէջ յառաջացնելով բազմադիմի ու յեղյեղուկ նկարագիր մը:

Մանկավարժական տեսութեամբ նախանձը մարդուն հետ ծնունդ կ՛առնէ, անոր հետ կ՛աճի եւ մարդուն հետ միասին հողին տակ վերջ կը գտնէ: Այսպէս, երբ մանուկ մը աշխարհ կու գայ, երբ կը սկսի ընկալել եւ հասկնալ իր չորսդին կատարուող երեւոյթները, խօսակցութիւններն ու անցուդարձերը, նախանձն ալ ինքնաբերաբար զուգընթաց եւ գաղտագողի կը սկսի ծիլ արձակել ու գործել իր ներսիդին: Կա՞յ մանուկ մը, որ չ՛ուզեր բոլորին ուշադրութեան առարկայ դառնալ: Երբ տակաւին իր ընտանիքին նոր անձ մը միանայ, ընդհուպ իր մէջ կը սկսին նախանձի գրգռութիւնները ի յայտ գալ: Դպրոցական կեանքին մէջ նոյնիսկ յառաջադէմ ու առաջատար ըլլալու, բոլորին ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը գրաւելու փափաքը նոյնպէս նախանձի դրդումով է, որ յաճախ տեղի կ՛ունենայ:

Ըստ հոգեբաններու, մարդուս մէջ չորս տեսակի նախանձ կայ, որոնք ժամանակի տեւողութեան կը կերպարանաւորուին անոր նկարագրի կերտման ու յղկման ընթացքին: Առաջինը զոյգերու կեանքին մէջ գոյացող նախանձն է, որուն տուն տուող պատճառները անհաւատարմութիւնն ու դաւաճանութիւնն են, եւ որուն հետեւանքը կ՛ըլլան` վիճաբանութիւն, անհամաձայնութիւն, վարկաբեկում, պառակտում եւ ապա…  ամուսնալուծում: Երկրորդ տեսակը գործի ասպարէզի եւ մակարդակներու տարբերութեանց նախանձն է, որ անձը կը մղէ դէպի իրմէ աւելիին ձգտելու, աւելի բարձր պաշտօններ ձեռք ձգելու եւ իր կեանքը բարեկեցիկ դարձնելու: Ընկերոջ ունեցած կարողութեան եւ անոր ձիրքերուն տենչանքը նոյնպէս նախանձի երրորդ կարգին վրայ կարելի է դասել: Բնական է, որ բոլոր երիտասարդներն ալ կը փափաքին կատարեալ ըլլալ ե՛ւ ուսմամբ, ե՛ւ արտաքնապէս, ե՛ւ նկարագրով, ե՛ւ տնտեսապէս…, սակայն կը մոռնան, թէ բոլորն ալ Աստուծոյ համար հաւասար են իրենց ինքնուրոյնութեամբ ու ինքնատիպ նկարագրով: Չորրորդ եւ ամէնէն վտանգալից տեսակն է «Անբնական» կոչուած նախանձը, որ իր մէջ կը պարփակէ հալածախտի, հոգեբանական ախտի, անչափաւորեալ ու անսահմանաւորեալ վիճակի հիւանդութիւնները: Ամէնէն մտահոգիչ թուացող այս հիւանդագին վիճակը, նախանձի սահմանները անդրանցնելով, մարդուս մէջ յառաջ կը բերէ հոգեկան բարդոյթներ, տարտամ վիճակ, երերուն նկարագիր եւ մանաւանդ անվստահելիութեան զգացումը:

Կարգ մը ճոռոմաբան մարդիկ իրենց իսկ թիւրըմբռնելութեամբ ու սխալ հասկացողութեամբ կը պատրուակեն` ըսելով, թէ իրենք չար նախանձ չունին, այլ բարի նախանձէն մղուած կ՛ուզեն իրենց ընկերոջ նկարագիրը նմանակել, անոր ունեցածը ցանկալ, անոր արտայայտչաձեւն ու խօսելակերպը կապկել, անոր պէս յարդարուիլ ու հագուիլ: Քալիֆորնիոյ համալսարանի նշանաւոր հոգեբան փրոֆ. Ռալֆ Հուփկա խօսելով այս տիպի մարդոց մասին եւ սահմանելով նախանձի տարողութիւնը` կ՛ըսէ. «Նախանձը կանխողական զգացում մըն է, որ կը յայտնուի նման խելացնոր մարդոց մէջ, որոնք իրենց անձերը կը դիտեն յարաբերաբար իրենց բարեկամին կամ ընկերոջ»: Որքա՛ն ալ փորձես դուն քեզ բաղդատել այլոց հետ, դուն քեզ գերադաս նկատել, ինքնագովասանք հիւսել քու հասցէիդ, այդ եսակեդրոնութիւնդ ու եսապաշտութիւնդ, ընդհակառակը, քեզ անախորժ ու անընդունելի կը դարձնեն քու շրջանակիդ մէջ: Նախ քու անձդ մտածելով եւ անձնասիրութեամբդ ո՛չ միայն կ՛արատաւորես քու անունդ ու միայնակ կը դառնաս, այլեւ շատերու ծաղրուծանակին նիւթը դառնալով` անոնց քամահրանքին ու ատելութեան կ՛արժանանաս:

Եկեղեցւոյ հայրեր նախանձի կործանիչ բնոյթը եւ զազրելիութիւնը նկատելով` զայն դիտած են որպէս մահացու մեղք մը: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ զղջման աղօթքին մէջ կը կարդանք. «Տակաւին, մեղանչեցինք այն եօթը յանցանքներով, որոնք մահացու մեղքերն են. հպարտութեամբ, նախանձով, բարկութեամբ, ծուլութեամբ, ագահութեամբ, որկրամոլութեամբ, պղծասիրութեամբ, եւ ասոնց բոլոր տեսակներովը մեղանչեցինք Աստուծոյ դէմ»: Իր հիմնադրութեան ու կազմաւորման օրէն ի վեր Հայ եկեղեցին փորձած է իր առաքելաշաւիղ ուսուցումներով, աստուածադիր կանոններով զգաստացնել հայ հաւատաւորը ներկայ մակերեսայնացած ու խառնակ կեանքի թոհուբոհէն եւ աշխարհայնապաշտութենէն: Անոնք հոգեւոր ուղեցոյցներ են, որոնք ցոյց կու տան կեանքի բարի ու չար, դրական ու ժխտական կողմերը եւ կը լուսաւորեն մեր մեղսապարտ հոգին` իրենց ոգեղինաշունչ պատգամներով: Զարթուցիչ ժամացոյցի մը նման կը պահեն արթուն եւ զգաստ մեր հոգեկան աշխարհը` խաբէութեան մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Պօղոս առաքեալ գաղատացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը թուարկէ մարմնին գործած չարապատիր գործերը, նախ կը յուշէ նախանձը, ապա չար կամեցողութիւնը` ըսելով. «Մարդկային գործերը յայտնի են, ինչպէս` շնութիւն, պոռնկութիւն, անբարոյութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, կռիւ, ՆԱԽԱՆՁ, բարկութիւն, հակառակութիւն, երկպառակութիւն, բաժանումներ, ՉԱՐ ԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ…» (Գղ 5.19-21): Առաքեալը բացորոշ կերպով ընթերցողին կը յայտնէ նախանձին համազօր ու համադաս մեղքերը, կը ցուցանշէ մարդ անհատի բովանդակ մեղանչականութիւնն ու մեղսածին աղտեղութիւնները եւ զանոնք կը յորդորէ նախանձախնդիր ըլլալ ու ձգտիլ այն շնորհքներուն, որոնք բնատուր տրուած են Ամենակալին կողմէ (Հմմտ. Ա.Կր 12.31):

Շատեր ի՜նչ-ինչ նպատակներով, ծրագիրներով ու երազներով կը սկսին իրենց երիտասարդական կեանքը, բայց հազիւ թեւակոխած կեանքի առաջին հանգրուանը, կուրօրէն իրենց «անկեղծ» կարծուած բարեկամներուն կողմէ սարքուած թակարդին մէջ կ՛իյնան: «Սերտ» համարուած ու ժպտաշուրթն դէմքով քեզի ներկայացած բարեկամդ իր թունալից լեզուով կը բամբասէ քու մասիդ, լուտանքներ կ՛արձակէ քու հասցէիդ` երջանկութեա՛նդ, յաջողութեա՛նդ, վերելքի՛դ նախանձելով: Իսկական ընկերդ այն է, որ ուրախութեանդ չի նախանձիր, այլ ուրախութիւնդ կը բաժնեկցի: Հարազատ բարեկամդ այն է, որ քու կոտտացող ցաւերուդ ցաւակից, կարեկից ու մխիթարակից կը դառնայ, կը սփոփէ եւ կ՛ամոքէ քու վէրքերդ` գէթ քու վիշտերդ մեղմելու համար: Աչք ունեցողը թող տեսնէ…

Սիրելի՛ երիտասարդ-երիտասարդուհի, կեանքը անծայրածիր ճանապարհ մըն է զանազան ակօսներով լեցուն: Երբ կը քալես այդ ակօսներուն ընդմէջէն, երբեք մի՛ չարչրկեր քու միտքդ, մի՛ յուսալքուիր ու մի՛ ազդուիր նախանձոտ մարդոց չարադաւան վերաբերմունքէն, այլ ընդհակառակը, ապրէ՛ կեանքդ եւ իրագործէ նպատակներդ ու երազներդ, որովհետեւ նախանձոտը քու յաջողութիւնդ տեսնելով` աւելի եւս կը տանջուի:

Նախանձոտը իր իսկ ձեռքով իր անձն է, որ կը տրտմեցնէ ու կը կործանէ եւ ոչ թէ քեզ… Շարունակէ՛ կեանքդ ապրիլ խաղաղութեամբ:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement