Thursday Jun 20, 2013

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆ. 1946-1948 ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆ

By adminx - Wed Nov 09, 7:40 am

Տիգրան Պասկեւիչեան

Երէկ` երեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի մամլոյ լսարան, որուն նիւթն էր «Հայրենադարձութիւնը` 1940-ական թուականներուն»: Օրուան զեկուցաբերն էր հայրենի մտաւորական Տիգրան Պասկեւիչեան:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Անուշ Թրուանց, որ ըսաւ, թէ Պասկեւիչեան գրող է, հրապարակախօս եւ վաւերագրական ժապաւէններու հեղինակ: Ան հաստատեց, որ հայրենադարձութեան նիւթը մեծ նիւթ է, որուն համար մէկ տեսաերիզ պատրաստելը կամ կայքէջ մը ունենալը բաւարար չէ, իսկ Պասկեւիչեանի գործը սկիզբն է: Թրուանց նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ զեկուցաբերի գործունէութեան:

Ապա խօսք առաւ Տիգրան Պասկեւիչեան, որ ըսաւ, թէ «Դարձ ի շրջանս իւր» նախագիծը իրականացած է «Եւրասիա համագործակցութիւն» հիմնադրամին ջանքերով: Ան աւելցուց, որ այս ծրագիրը ունի երկու բաժին, առաջինը` կայքէջ, իսկ երկրորդը` տեսաերիզի պատրաստութիւն: Պասկեւիչեան շեշտեց, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է լուսարձակի տակ առնել 1946-1948-ի մեծ հայրենադարձութիւնը եւ անոր հետեւանքները:

Ան նշեց, որ իր Լիբանան գտնուիլը այս աշխատանքներուն իրականացման շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ, որովհետեւ ինք Լիբանանէն պիտի հաւաքէ հայրենադարձներէն վկայութիւններ եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ:

Ապա զեկուցաբերը խօսեցաւ կայքէջի բաժանմունքներուն մասին` նշելով, որ կայքէջին մէջ տեղ գտած են պատմական տեղեկութիւններ, վկայութիւններ, անհատներու ցուցակներ, մամլոյ անդրադարձներ, գիրքեր եւ աշխարհագրական տեղեկութիւններ:

Պասկեւիչեան հաստատեց, որ այդ թուականներու հայրենադարձութեան հիմնական ողբերգութիւնը խաբէութիւնն էր, երբ հայորդիները մեծ յուսախաբութիւններ ապրեցան:

Խօսելով նոր հայրենադարձութիւններ կազմակերպելու կարելիութիւններուն մասին` զեկուցաբերը ըսաւ, որ Հայաստանը պէտք է ունենայ որոշակի ազդակներ եւ ունենայ ընդունելի ու գրաւիչ պայմաններ, ինչ որ այսօր գոյութիւն չունի: Տիգրան Պասկեւիչեան ըսաւ, որ այսօր անհատը ինք պիտի որոշէ, թէ պիտի վերադառնա՞յ, թէ՞ ոչ, եւ յոյս յայտնեց, որ գաղութներուն մէջ չըլլան աղէտներ, որոնց պատճառով տեղի ունենան ակամայ հայրենադարձութիւններ:

Այս շրջագիծին մէջ, ան նաեւ խօսեցաւ հայրենադարձութեան դիմաց Հայաստանէն առկայ արտագաղթի երեւոյթին մասին, որ նոյնքան եւ աւելի մտահոգիչ է:

Զեկուցումէն ետք Պասկեւիչեան նաեւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` անոնց փոխանցելով յաւելեալ տեղեկութիւններ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement