Saturday May 25, 2013

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

By adminx - Wed Nov 09, 7:24 am

Հովանաւորութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ Շաքարախտի միջազգային համախմբումին, կազմակերպութեամբ ՀԿԲՄ-ի դարմանատան, գործակցութեամբ Լիբանանի շաքարախտի միութեան, երէկ` երեքշաբթի, 8 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀԿԲՄ¬ի դարմանատան մէջ նշուեցաւ Շաքարախտի միջազգային օրը:

Այս առիթով արաբերէնով եւ հայերէնով «Միասնաբար պայքարինք շաքարախտին դէմ… հիմա՛» նիւթը ներկայացուցին բժիշկներ Մոհամետ Սանտիտ եւ Րաֆֆի Փոլատեան, որոնք հիմնականին մէջ անդրադարձան այն երեւոյթին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիլ շաքարախտին հետ: Անոնք դիտել տուին, թէ շաքարախտի կը կոչուի «լուռ հիւանդութիւն», որովհետեւ բացայայտ եւ շատ յստակ ախտանշաններ չունենալով հանդերձ, մարդու մարմինին մէջ կրնայ աւերներ գործել, այլ հիւանդութիւններու դուռ բանալ եւ մեծ հետեւանքներ ունենալ: Անոնք անդրադարձան միջազգային եւ լիբանանեան մակարդակի վրայ այս գծով տարուող աշխատանքներուն, արշաւներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդը զգաստացնել եւ զայն մղել լաւապէս ճանչնալու այս հիւանդութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պայքարիլ անոր դէմ, ապրիլ անոր հետ, որովհետեւ շաքարախտը մահացու չէ, այնքան ատեն որ հետեւողական կերպով բուժումներու կ՛ենթարկուի շաքարախտաւորը, իր կեանքին մէջ ուշադրութեամբ ուտելիք կը սպառէ եւ այլն: Բժիշկներուն համաձայն, շաքարախտի դէմ պայքարը միայն հիւանդին ու բժիշկին ջանքերով իր իսկական ազդեցութիւնը չ՛ունենար, որովհետեւ շրջապատն ու միջավայրը եւս պէտք է աշխատանք տանին այս իմաստով, յատկապէս իրազեկ դառնալու եւ ուրիշները իրազեկ դարձնելու իմաստով:

Տոքթ. Րաֆֆի Փոլատեան հաստատեց, որ ներկայ դրութեամբ աշխարհի վրայ 246 միլիոն անձ գիտէ, որ շաքարախտաւոր է, սակայն տակաւին կարելի չէ ճշդել, թէ որքան թիւ կայ, որ չի գիտեր, թէ ինք այդ հիւանդութիւնը ունի:

Ան նշեց, որ շաքարախտին հետ ապրելու համար պէտք է շաքարախտը լաւապէս ճանչնալ, գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է զգուշաւորական միջոցներու դիմել ու պայքարիլ անոր դէմ:

 

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement