Wednesday Jun 19, 2013

ԱՐՑԱԽ ՌՈՒՑ ԻՆՎԵՍԹՄԸՆՑ (ԱՌԻ) ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ

By adminx - Wed Nov 09, 5:50 am

Անցեալ չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախ ռուց ինվեսթմընց (ԱՌԻ) ծրագիրին մաս կազմող գործարարներուն ընդհանուր ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ «Ազդակ» եւ կարճ հարցազրոյցներ ունեցաւ ԱՌԻ-ի անդամներուն հետ: Անոնց մօտ յատկանշական էր այս ծրագիրին նկատմամբ մեծ հաւատքը, խանդավառութիւնը եւ յատկապէս վստահութիւնը: Լիբանանահայ գործարարներուն մօտ ծրագիրին նկատմամբ առկայ շատ մեծ վստահութեան առնչուող «Ազդակ»ի հարցումին պատասխանելով` ԱՌԻ-ի փոխ գործադիր տնօրէն Բենիամին Պչաքճեան ըսաւ. «Վստահութիւնը քանի մը հիմք ունի. նախ այս ծրագիրը որոշ փորձառական շրջան մը անցուց, նախքան այս մասին հրապարակումներ կատարելը, եւ այդ հանգրուանը բաւական լուրջ եւ հիմնաւորեալ էր: Կայ նաեւ այն, որ ծրագիրը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութեան զօրակցութիւնը կը վայելէ. վերջ ի վերջոյ այս գումարներու վերադարձը ապահովուած է պետութեան կողմէ: Նաեւ մեր գործունէութիւնը թափանցիկ է, ամէն իմաստով յստակ եւ բաց քաղաքականութիւն որդեգրած ենք եւ ճիշդ այս նպատակով է, որ այս ժողովը կ՛ընենք, որպէսզի ներդրող գործարարներուն ներկայացնենք մեր նիւթական ամբողջական պատկերը եւ ըսենք, թէ ապագայի իմաստով ի՛նչ ակնկալութիւններ ունինք: Այս բոլորը վստահութիւն եւ հանգստութիւն կը ներշնչեն:

ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան

Այս ծիրին մէջ կարելի եղաւ նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ հարցազրոյց մը ունենալ Արցախ ռուց ինվեսթմընցի հիմնադիր անդամներէն Սիւզի Սեմերճեանի հետ, ինչպէս նաեւ ծրագիրի անդամ մնացեալ գործարարներէն իմանալ իրենց համառօտ կարծիքները` Արցախ ռուց ինվեսթմընցի աշխատանքներուն եւ նպատակներուն մասին:

Բացատրելով ԱՌԻ-ի ծրագիրին հիմնական նպատակները` Սիւզի Սեմերճեան շեշտեց, որ հիմնականին մէջ այս ծրագիրը կը միտի Քաշաթաղը վերաբնակեցնել: Ան աւելցուց, որ երկար քննարկումներէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք, ԱՌԻ-ի համար յստակ դարձած էր, որ սփիւռքը կրնայ իր ներդրումներով օժանդակել Քաշաթաղի բնակեցման:

Ս. Սեմերճեան հաստատեց, որ Արցախ ռուց ինվեսթմընցին անդամակցող գործարարները 80-90 առ հարիւր տոկոսով ազգային գիտակցութենէ եւ հայրենասիրութենէ մղուելով է, որ մաս կը կազմեն այդ ծրագիրին եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն ներդրումներ կատարելու, իսկ ներդրումներու պարագային, գործարարներուն համար յատկացուելիք տոկոսները եւս մեծ դերակատարութիւն ունին:

Սիւզի Սեմերճեան շեշտեց, որ մինչեւ օրս ԱՌԻ-ի արձանագրած յաջողութիւնը նաեւ կը կայանայ անոր մէջ, որ աշխատանքը հետեւողական է, եւ տարին նուազագոյնը մէկ անգամ կ՛այցելեն այդ շրջանները` հետապնդելու համար աշխատանքը:

Ս. Սեմերճեան ընդգծեց նաեւ, որ ներդրողներուն համար նաեւ կարեւոր եղած է իմանալը, թէ ինչո՛ւ յատկապէս Քաշաթաղի շրջանին բարգաւաճման պէտք է նպաստել: Հետաքրքրութիւնը մեծ է Քաշաթաղի մանրամասնութիւններուն եւ անոր ներկայացուցած կարեւորութեան մասին իմանալու եւ անշուշտ հոն այցելելու, որովհետեւ այդ հողին հետ այլեւս ուղղակի կապ մը ստեղծուած է:

ԱՌԻ-ի հիմնական նպատակն է այս ծրագիրը տարածել ամբողջ սփիւռքին մէջ, այսինքն` ստեղծել ԱՌԻ-Փարիզ, ԱՌԻ-Ամերիկա, ԱՌԻ-Աւստրալիա եւ այլն: Այս մէկը սակայն հսկայ աշխատանք կ՛ենթադրէ, բայց այդ աշխատանքը պէտք է կատարել, որովհետեւ Քաշաթաղին կարիքները մեծ են:

Սիւզի Սեմերճեան աւելցուց նաեւ, որ աւելի նուազ գումարներով եւ երիտասարդական մակարդակի հաւաքական ներդրումներու դրութիւն մը ստեղծելու ջանքերը եւս առկայ են, սակայն այս հանգրուանին անոնք տակաւին քննարկումի ծիրին մէջ են:

* * *

2011-ի մարտէն ի վեր անդամ եմ ԱՌԻ-ին, որովհետեւ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը շատ կը սիրեմ:

Հիմնականին մէջ հայրենասիրութիւնն է այն պատճառը, որ մղեց զիս անդամակցելու Արցախ ռուց ինվեսթմընցին: Տրուած ըլլալով, որ մեր հայրենիքը կը սիրենք եւ անոր բարգաւաճումը կը փափաքինք տեսնել, ապա մասնակցեցանք այս ծրագիրին: Մեծ յոյսեր ունիմ, որ այս ծրագիրը հսկայական յաջողութիւն պիտի արձանագրէ հայրենի հողը պահպանելու եւ հայը իր հողին հետ աւելի եւս կապելու իմաստով:

ԺՈԶԵՖ ՊՕՂՈՍ

 

Արցախ ռուց ինվեսթմընցին անդամակցեցայ ԱՌԻ 2-ի ընթացքին: Լիբանանահայ շրջանակին մէջ առաջին անգամն է, որ կը կատարուի նման նախաձեռնութիւն մը, որ ողջունելի է: Ես մեծ վստահութիւն ունիմ ԱՌԻ-ի վրայ, որ թափանցիկութեամբ գործող ընկերութիւն մըն է եւ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի գործէ եւ գոյացուած գումարները ի՛նչ նպատակներու պիտի ծառայեցնէ: Միժամանկ պէտք է իմանալ, թէ ԱՌԻ-ի անդամներուն յատկացուցած գումարները նուիրատուութիւն չեն, բայց եւ այնպէս դրամատան մը մէջ պահ դրուած սովորական գումարներ չեն նկատուիր, այլեւ ազգային նշանակութիւն ունին, որովհետեւ անոնց նպատակն է հայրենի հողը եւ անոր բնակչութիւնը պահպանել: Կը փափաքիմ, որ ԱՌԻ-ի այս առաջին փորձը յաջողութեամբ պսակուի, որպէսզի հայ գործարարները աւելի եւս քաջալերուին ու անդամակցին այս ծրագիրին, որովհետեւ անոնք հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին օժանդակած կ՛ըլլան: Կը մաղթեմ, որ Քաշաթաղի մէջ մեր ժողովուրդը տոկայ եւ դիմանայ, քաջ գիտնալով, որ իր հայրենակիցները, ո՛ւր ալ ըլլան անոնք, իրենց նեցուկ կը կանգնին:

ՍԱՐԳԻՍ ՍԻՄԻԹԵԱՆ

 

Առաջին օրէն, երբ այցելեցինք Քաշաթաղ, մտածեցինք ԱՌԻ-ի ծրագիրին նման նախաձեռնութեան մը մասին, քաջ գիտնալով, որ կրնանք յաջողիլ մեր հայրենիքի զաւակներուն օժանդակութիւն ապահովելու: ԱՌԻ-ի պայմանները արդէն իսկ յստակ են ու թափանցիկ: Հայ գործարարները այս ծրագիրին մաս կազմելով, իրենց հայրենիքին ու Քաշաթաղի բարգաւաճման զուգահեռ, նաեւ իրենց շահերը կ՛ապահովեն: ԱՌԻ-ի փորձառութիւնը բաւական յաջող եղած է, եւ որպէսզի անոր նպատակները աւելի համապարփակ ըլլան եւ կարելի ըլլայ աւելի մեծ թիւով հայորդիներու ծառայել, մենք որոշեցինք նաեւ այլ գործարարներ հրաւիրել` մասնակցելու այս ծրագիրին, որպէսզի աւելի ամբողջական ըլլան նպատակ մը իրագործելու ջանքերը:

ԲԻՒԶԱՆԴ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

 

Արցախ ռուց ինվեսթմընցին անդամակցեցայ, երբ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան այցելած էր Լիբանան: Հայ գործարարներուն եւ վարչապետին միջեւ հանդիպումը շատ տպաւորիչ էր: Հետեւաբար, երբ երակներուդ մէջ գտնուող արեան հետ շրջան կ՛ընէ նաեւ հայրենասիրութիւնը, անպայման կը մասնակցիս այդ ծրագիրին:

Անշուշտ ԱՌԻ-ի նախաձեռնութիւնը պարզապէս ներդրումային եւ առեւտրական ծրագիրէ մը շատ աւելին է, որովհետեւ ան ազգային նպատակ ունի: Մեր հայրերը երբ «Ա՜խ հայրենիք» կ՛երգէին, կը յուզուէին: Անոնք միշտ կը փափաքէին հայրենիքը տեսնել, սակայն դժբախտաբար չտեսան: Հիմա մենք կը շարունակենք անոնց ճամբան եւ «Ա՜խ հայրենիք»ի կարգախօսով կը փորձենք օժանդակել մեր հողերու պահպանման վեհ նպատակին: Մենք մեծ յոյսեր ունինք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ աշխատանքը անպայման կ՛արդիւնաւորուի եւ Քաշաթաղը կը բարգաւաճի: Երբեք պէտք չէ յուսահատիլ, որովհետեւ արմատը զօրաւոր է:

Կը փափաքիմ ապագային Քաշաթաղ այցելել եւ այդ հողին ամէնէն համեստ հայորդիներուն հետ սեղան նստիլ եւ չոր հաց ուտել:

ՅԱԿՈԲ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

 

Արցախ ռուց ինվեսթմընցի անդամակցեցայ մարտ 2011-ին, որպէսզի մեր կատարած փոքր ներդրումով քաջալերենք Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական բարգաւաճումը: ԱՌԻ-ի հետապնդած նպատակը վեհ է, որովհետեւ ան կը միտի հայոց գոյատեւումը երաշխաւորել հայկական հողերուն վրայ, իսկ միւս կողմէ` սփիւռքահայը կապել իր հողին եւ այդ ձեւով տնտեսական զարգացում արձանագրել: Այս բոլորը հիմնական են Լեռնային Ղարաբաղի պահպանման, եւ առանց այդ հողին բնակիչները պահելու` անկարելի է այդ հողերը պահպանել:

Հետեւաբար ինծի համար այս ծրագիրին մասնակցելու համոզիչ պատճառները զուտ առեւտրական չէին, այլ` ազգային-հայրենասիրական:

Կը մաղթեմ, որ այս աշխատանքը յաջողութիւն արձանագրէ, իսկ ԱՌԻ-ի անդամներուն թիւը հետզհետէ աճ արձանագրէ, որովհետեւ յաւելեալ ներդրումով կարելի է Քաշաթաղի մէջ յաւելեալ բարգաւաճում ապահովել:

ՍԵՐԺ ՉՈՒԽԱՏԱՐԵԱՆ

 

Մարտ 2011-ին անդամակցեցայ ԱՌԻ ծրագիրին, որովհետեւ համոզուեցայ, որ այս ներդրումը կը հետապնդէ բարի նպատակներ:

Ազգային եւ հայրենասիրական զգացումներուն զուգահեռ, ԱՌԻ-ին մաս ուզեցի կազմել նաեւ անոր համար, որ անիկա առեւտուրի մասնագիտական չափանիշներով գործող հայկական ընկերութիւն մըն է, որուն հետապնդած նպատակը վեհ է:

Համոզուած եմ, որ ԱՌԻ-ի մասնակիցներէն ոչ մէկը կ՛ակնկալէ, որ իր գումարները տասնապատկուին, որովհետեւ բուն նպատակը Քաշաթաղի բնակչութիւնը այս հողին վրայ պահելն է եւ այդ շրջանին բարգաւաճումը ապահովելն է: Ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող Քաշաթաղը պէտք է ամէն գնով պահել, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը պահպանուի:

Կը մաղթեմ, որ զաւակներէս մէկը օր մը որոշէ Արցախ ապրիլ:

ԱՒԵՏԻՍ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ

 

Արցախ ռուց ինվեսթմընցին անդամակցած եմ անցեալ ապրիլ ամսուան ընթացքին: Շատ համոզիչ են այդ ծրագիրին մաս կազմելու իմաստով տրուած պատճառները, ինչպէս նաեւ` ԱՌԻ-ի հետապնդած նպատակը:

Անշուշտ այս ծրագիրին մաս կազմած եմ նաեւ հայրենասիրական մղումներով, որովհետեւ անոր նպատակները ազգային են:

Կը մաղթեմ, որ ԱՌԻ-ի աշխատանքները կ՛ընդարձակուին եւ ան դրամատան կը վերածուի, ինչպէս նաեւ կը մաղթեմ, որ Քաշաթաղը կը բարգաւաճի իր բնակիչներուն թիւին արձանագրելիք աճով:

ԱՍԱՏՈՒՐ ՀԱՄԱԼԵԱՆ

 

ԱՌԻ-ի ծրագիրին մաս կազմեցի անոր աշխատանքներուն երկրորդ հանգրուանին: Ինծի համար համոզիչ էր այն, որ Քաշաթաղի բնակեցումը անհրաժեշտ է եւ իւրաքանչիւրս իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է նպաստէ այդ աշխատանքին իրագործման:

Մեծ յոյսեր ունիմ, որ ԱՌԻ-ի միջոցով գոյացած ներդրումներուն ճամբով կարելի պիտի ըլլայ Քաշաթաղի վերաբնակեցումն ու բարգաւաճումը ապահովել, այլ խօսքով` մեր հողերը պահպանել:

Կ՛ուզեմ նաեւ շեշտել, որ սովորական ներդրումի ծրագիր մը չէ ինծի համար այս մէկը, այլ` կենսական նպատակ հետապնդող ծրագիր մը, որ կը ծառայէ հայրենիքին ու Հայ դատին: Եթէ սովորական ներդրումային ծրագիր մը ըլլար, արդէն չէի մասնակցեր:

ՅԱԿՈԲ ԳԸԼՊԱՇԵԱՆ

 

Արցախ ռուց ինվեսթմընցին անդամակցած եմ անոր առաջին իսկ հանգրուանէն, որովհետեւ Արցախը մաս կը կազմէ մեր հայրենիքին եւ նկատի ունենալով իր հողը պահպանելու նպատակով արցախցիին զոհողութիւնները, որ կը հասնի մինչեւ նահատակութիւն, մենք ալ մեր կարգին կը փափաքինք մաս կազմել արիւնով ազատագրուած այդ հողերուն պահպանման` օժանդակելով այդ շրջանին մէջ բնակիչներու գոյութեան եւ անոնց կենսամակարդակի բարձրացումին:

Մեր նպատակները բարի աշխատանքի մը նպաստել է, մանաւանդ երբ Քաշաթաղ այցելութեան ընթացքին տեսանք հոն ապրող բնակիչները եւ անոնց դիմագրաւած դժուար պայմաններն ու հողին կառչածութիւնը:

ՎԱՉԷ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

 

Ութ ամիս առաջ ես սկսայ մաս կազմել ԱՌԻ-ին` հիմնական նպատակ ունենալով օժանդակել Քաշաթաղի բարգաւաճման:

Ինծի համար այս ծրագիրին ներդրումով մաս կազմելու հիմնական կարեւորութիւնը հայկական ինքնութեան եւ հողերուն պահպանումն է եւ ոչ թէ նիւթական շահերու ապահովումը:

Իմ նպատակս է պահել ազգս, հողս եւ ժողովուրդս:

ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՈՒՍԱՆԻ

 

ԱՌԻ-ն շատ կարեւոր ծրագիր մըն է, որովհետեւ անոր նպատակն է Քաշաթաղի վերաբնակեցումը, այլ խօսքով` մեր հողերուն պահպանումը: Եթէ հողը տէր չունենայ, ապա շատ դժուար է անոր պահպանումը: Պէտք է վերաբնակեցուին այդ տարածքները եւ բնակիչներն են, որոնք պիտի պահեն այդ հողը:

Հետեւաբար Արցախ ռուց ինվեսթմընցին ծրագիրը ողջունելի է, որովհետեւ ազգային բարի նպատակներ կը հետապնդէ:

ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ

 

Արցախ ռուց ինվեսթմընցի անդամ եմ անոր հիմնուած օրէն իսկ: Այս ծրագիրը յաջող եւ կարեւոր ծրագիր մըն է անոր համար, որ նուիրատուութիւն չէ, այլ բոլոր կողմերուն համար շահաւէտ ծրագիր մըն է: ԱՌԻ-ի հետապնդած հիմնական նպատակը Քաշաթաղի վերաբնակեցումն է, եւ մենք այդ նպատակին իրագործման համար է, որ մեր ներդրումը կը բերենք: Այս ծրագիրը արդէն իսկ յաջողութիւն արձանագրած է եւ անոր շնորհիւ ալ ԱՌԻ-ին մասնակիցներուն թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ: Այս յաջողութիւնը երաշխիք մըն է եւ մեզ կը տոգորէ` ապագային աւելի մեծ նախաձեռնութիւններ առաջադրելու:

Այս ծրագիրը կարեւոր է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան համար, որովհետեւ անիկա փոխադարձ վստահութիւն կը ներշնչէ ԱՌԻ-ին եւ իշխանութիւններուն: Պէտք է նաեւ շեշտել, որ Լեռնային Ղարաբաղի պետութիւնը առաւելագոյն բծախնդրութեամբ կը հսկէ նիւթական փոխատուութեան գործառնութեանց` առանց գումարները աննպատակ մսխելու:

Առաջին անգամն է, որ կը զգանք, թէ կը գործակցինք կողմի մը հետ, որ մեզի ամբողջական վստահութիւն կը ներշնչէ: Եթէ այս ծրագիրը այս ձեւով շարունակուի եւ նոյն թափով ընդարձակուի, ապա քանի մը տարիէն մենք պիտի տեսնենք, որ Քաշաթաղի բնակչութիւնը բարգաւաճ վիճակի մէջ ըլլայ եւ քաջալերէ, որ ուրիշներ ալ գան եւ հոն բնակին:

ՍՏԵՓԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

26 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՌԻ (Արցախ Ռութց Ինվեսթմընց) ընկերութեան անդրանիկ Ընդհանուր ժողովը` մասնակցութեամբ ընկերութեան հին թէ նոր բաժնետէրերու: Քննարկելէ ետք ընկերութեան կազմութեան առնչուող օրինական հարցերը, ժողովը լսեց նախորդ 8 ամիսներուն ընթացքին տարուած գործունէութեան նիւթաբարոյական զեկուցումը եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ մարտ 2011-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ` Արա Յարութիւնեանի Լիբանան տուած այցելութենէն ետք, 16 բաժնետէրերով սկսուած նախաձեռնութիւնը այսօր կը հաշուէ 85 բաժնետէրեր, որոնք գոյացուցած են շուրջ երկու միլիոն տոլարի աշխատանքային դրամագլուխ մը, որ ըստ ընկերութեան ներքին կանոնագիրին, բացառապէս կը յատկացուի Արցախի Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջանի վերաբնակիչներուն` երկարաժամկէտ վարկերու դրութեամբ: Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին գետնի վրայ կատարուած ստուգումներէն եւ իւրաքանչիւր փոխառուի տրուած այցելութենէն ետք, կարելի է հաստատել, որ առ այսօր, Արցախի 200 վերաբնակիչներ օգտուած են այս ծրագիրէն` անասնաբուծութեան, մեղուաբուծութեան ու գիւղատնտեսութեան մարզերուն մէջ ներդրումներ կատարելով:

Ապագայի մեր աշխատանքներուն մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ ներդրողներուն թիւի յաւելումը, որպէսզի կարելի ըլլայ ներդրումներուն քանակը հասցնել այնպիսի մակարդակի, որ Արցախի տնտեսական վերելքին որակական նպաստ բերէ եւ մղիչ խթան հանդիսանայ անոր:

«ԱՌԻ»Ի (ԱՐՑԱԽ ՌՈՒԹՑ ԻՆՎԵՍԹՄԸՆՑ)
ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ARI LTD. ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ
ՅԱՐԳԵԼԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ

Ջերմօրէն ողջունում եմ ձեզ եւ ափսոսում, որ որպէս բաժնետէր աշխատանքային խիտ ժամանակացոյցի պատճառով չեմ կարողանում մասնակցել մեր ընկերութեան ընդհանուր ժողովին:

ARI Ltd. ընկերութիւնն իր հայրենանուէր գործունէութեան շնորհիւ արդէն յայտնի է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ողջ տարածքում: Այն գործունէութիւնը, որն ընկերութիւնն իրականացնում է ԼՂՀ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններում, արդէն իսկ տալիս է իր արդիւնքները: Ընկերութեան տրամադրած միջոցների շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան ԼՂՀ կառավարութեան կողմից իրականացուող ծրագրերը տարածել նաեւ այս վերաբնակեցուող շրջաններում: ARI-ի ծրագրերի շրջանակներում տրամադրած վարկերը նպաստում են ոչ միայն շահառուների ընտանիքների կենցաղային կարեւոր խնդիրների լուծմանը, այլ նաեւ նպաստում են այս վերականգնուող շրջաններում գիւղատնտեսական կարեւորագոյն ճիւղերի զարգացմանը, բնական պաշարների օգտագործման արդիւնաւէտութեան բարձրացմանը, որպէս արդիւնք` ազգաբնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացմանը, ինչն էլ աւելի է ամրապնդում փորձութիւնների շղթայով անցած մեր հայրենակիցների ազատագրուած հայրենիքում հաստատուելու, արմատաւորուելու վճռականութիւնը:

2010-2011 թթ. ընթացքում ARI-ի կողմից տրամադրած փոխառութիւնների շնորհիւ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջանների ծրագրից օգտուած 168 ընտանիքներ* ձեռք են բերել 615 գլուխ խոշոր եղջերաւոր անասուն, 22 մանր եղջերաւոր անասուն եւ 100 մեղուափեթակ:

Դա նշանակալից ազդեցութիւն է թողել շրջաններում անասնապահութեան զարգացման վրայ, իսկ ծրագրի յաջող ընթացքի մասին խօսում է այն փաստը, որ այսօր արդէն կան մի քանի հարիւր նոր յայտեր` ծրագրում ընդգրկուելու համար:

2011 թ. աշնանից մեկնարկել է նաեւ հողագործութեան ծրագիրը, եւ արդէն իսկ առաջին 27 շահառուններն ստացել են 1,5-ական միլիոն դրամ` աշնանացան մշակաբոյսերի մշակման նպատակով:

Մէկ անգամ եւս ողջունելով ընդհանուր ժողովի մասնակիցներին` մաղթում եմ ձեզ արդիւնաւէտ աշխատանք` յանուն մեր հայրենիքի զարգացման եւ բարգաւաճման:

Սիրով`
ԼՂՀ վարչապետ
Ա. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

* Ներկայիս այդ թիւը արդէն հասած է 200-ի:

 

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement