ԱԿՆԱՐԿ. ՅՈՒՍԱՏՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ ԿԱՆ… ՉՅՈՒՍԱՀԱՏԻՆՔ
By adminx - Wed Nov 09, 5:39 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Վերջերս շատ կը կարդամ ու կը լսեմ արեւմտահայերէնի նահանջին մասին: Գանգատներ կ՛արձանագրուին, թէ հայութիւնը տարուած է օտարամոլութեամբ, կ՛ուզէ նոյնանալ օտարին հետ, որդեգրել անոր լեզուն ու մշակոյթը, շատեր նոյնիսկ կը մերժեն կամ չեն գիտեր հայերէն խօսիլ: Բայց կը հաւատամ, որ չափազանցութիւն է ըսելը, թէ արեւմտահայերէնը մահանալու կամ անհետանալու ճամբուն վրայ կը գտնուի: Տակաւին կան ու կը գործեն մեր հայկական վարժարանները, ուր կը դասաւանդուին հայ լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը, գոյութիւն ունին մեր հայկական թերթերը, միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց ջանքերը ի գործ կը դնեն վառ պահելու եւ զարգացնելու արեւմտահայերէնը: Պէտք չէ թերագնահատել կամ ոչինչի վերածել անոնց տարած աշխատանքները եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Այնքան ատեն որ մեր ազգի մանուկներուն, երիտասարդներուն եւ ժողովուրդին բերնէն կը հոսի արեւմտահայերէնը, անիկա ողջ կը մնայ եւ կը բարգաւաճի: Անշուշտ կան երեւոյթներ, որոնք կը մղեն մտահոգուելու արեւմտահայերէնի ապագայով, սակայն ճիշդ չէ զայն որակել իբրեւ մեռնող լեզու: Իւրաքանչիւր հայ միշտ ալ նախանձախնդիր եղած է հայ լեզուի, մշակոյթի, ինքնութեան պահպանման, եւ ոեւէ հայ պիտի չարտօնէ եւ պիտի չուզէ տեսնել իր լեզուին նահանջը կամ մահը: Բաւարար չէ միայն անդրադառնալ մտահոգիչ ազդակներուն, հարկ է աշխատանք տանիլ դէմ հանդիսանալու այս հոսանքին: Հետեւաբար պէտք է ձեռքի ձեռքի տալ, մէկտեղել ջանքերը եւ սատար հանդիսանալ արեւմտահայերէնի պահպանման, տարածման եւ զարգացման:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print



