ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄ, ՄԻՆՉ ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ՁԵՌՆԱԾԱԼ
By adminx - Wed Nov 09, 5:42 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
Անցեալ շաբաթ նախագահ Ալիեւ նշեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ (ՄԱԿ) իր երկրին տարած պատմական յաղթանակը: Ազրպէյճանը, առաջին անգամ ըլլալով ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընտրուեցաւ հեղինակաւոր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ, երկու տարուան համար:
Այս յօդուածը պիտի արծարծէ հետեւեալ երեք հարցերը.
1) Ազրպէյճան ինչպէ՞ս յաջողեցաւ ընտրուիլ նման հեղինակաւոր մարմինի մը կազմին մէջ. 2) Ազրպէյճան ի՞նչ պիտի իրագործէ իր ձեռք ձգած նոր անդամակցութեամբ. 3) Ի՞նչ միջոցներու ձեռնարկեցին հայերը` Ազրպէյճանի թեկնածութիւնը կանխելու համար:
Ազրպէյճանը, Հունգարիան եւ Սլովենիան կը մրցակցէին Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանին համար նախատեսուած Ապահովութեան խորհուրդի ոչմնայուն անդամի աթոռին համար: Ընդհանուր առմամբ, Ազրպէյճանը նման հեղինակաւոր մարմինի անդամ ընտրուելու հնարաւորութիւնը պէտք չէ ունենար, քանի որ այդ երեք երկիրներէն ամէնէն քիչ որակաւորում ունեցող պետութիւնն էր` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան պահանջները բաւարարելու առումով, միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան չնպաստելուն եւ ՄԱԿ-ի մարմիններու աշխատանքներուն չմասնակցելուն պատճառով:
Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Ազրպէյճանը յաղթահարած է իր թերութիւնները` ճանապարհորդական ծրարներ եւ դրամական պարգեւներ առաջարկելով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական օժանդակութիւն` տնտեսապէս թոյլ երկիրներուն` փոխան անոնց ձայներուն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ, որ կ՛ընտրէ Ապահովութեան խորհուրդի 10 ոչմնայուն անդամները: Օգտագործելով իր բոլոր լծակները` Ազրպէյճան ձեռք բերաւ իսլամական երկիրներու, Արաբական լիկայի, Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին եւ ԱՊՀ (նախկին Խորհրդային Միութեան) երկիրներուն, անոնց կարգին` Ռուսիոյ, աջակցութիւնը: Այնուամենայնիւ, հակառակ այս արտասովոր լոպիինկի մարտավարութեան, , երկու օր տեւողութեամբ 17 քուէարկութենէ ետք Ազրպէյճան մեծ դժուարութեամբ կրցաւ հաւաքել անհրաժեշտ ձայները, միայն այն ատեն, երբ անոր հիմնական մրցակից Սլովենիան, բողոքի իբրեւ նշան` հրաժարեցաւ մասնակցելէ: Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Սամուէլ Զպոկար հնչեցուց իր բողոքը առ այն, որ` «իր երկիրը հաւանութիւն չի տար նման ընտրարշաւի մը կերպին»: Թէեւ ան չմանրամասնեց, այնուամենայնիւ, ան նկատի ունէր Ազրպէյճանի շռայլ նուէրներ բաշխելու գործելակերպը:
Բնականաբար, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ դառնալով` Ազրպէյճան բարձրացուց իր միջազգային հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեռք բերաւ նոր միջավայր մը` իր անհատնում հայատեաց քարոզարշաւները իրականացնելու համար:
Այնուամենայնիւ, քիչ հաւանական է, որ Ազրպէյճանի պաշտօնատարները կարենան իրագործել իրենց կողմէ յայտարարուած նպատակը, որն է` Արցախի հիմնախնդիրը Խորհուրդի օրակարգին վրայ դնել: Մինսքի խումբի համանախագահներ Ֆրանսան, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները Ապահովութեան խորհուրդի վեթոյի իրաւունք ունեցող մնայուն հինգ անդամներէն երեքը բաւական յստակօրէն նշած են, որ այդ խնդիրով կը զբաղի միայն Մինսքի խումբը` ՄԱԿ-ի շրջանակներէն դուրս: Հետեւաբար Ազրպէյճանի ղեկավարները յուսախաբ ըրած կ՛ըլլան իրենց ժողովուրդը` զանոնք վստահեցնելով, որ Ապահովութեան խորհուրդը պիտի քննարկէ Ղարաբաղի հիմնախնդիրը: Ազրպէյճան կրնայ նաեւ մատնուիլ խիստ կնճռոտ կացութիւններու` ստիպուած ըլլալով դիրքորոշում ճշդել եւ քուէարկել այնպիսի վիճայարոյց խնդիրներու շուրջ, որոնք կրնան վերաբերիլ Իրանի, Իսրայէլի, Սուրիոյ եւ այլոց:
Մինչ Ալիեւի վարչակարգը տակնուվրայ կ՛ընէր աշխարհը, որպէսզի Ապահովութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուելու համար պահանջուող ձայները հաւաքէ, ի՞նչ կ՛ընէին հայերը Ազրպէյճանի ջանքերուն հակազդելու համար:
Երկրին մէջ ընդդիմադիրները կը քննադատէին Հայաստանի կառավարութիւնը` Ապահովութեան խորհուրդին անդամակցելու Հայաստանի թեկնածութիւնը չառաջադրելուն համար, պնդելով, որ ատիկա կը նուազեցնէ Ազրպէյճանի ձայներուն թիւը: Նման ռազմավարութիւն, սակայն, չէր կրնար բխիլ Երեւանի շահերէն, քանի որ Հայաստանը չի կրնար մրցիլ Պաքուի մեծաքանակ ընտրակաշառքի բաշխումին հետ, այլ, հակառակը, պիտի խլէր Սլովենիոյ ձայներուն մէկ մասը` ակամայ նպաստելով Ազրպէյճանի յաղթանակին:
Իմ նախկին յօդուածներէս մէկուն մէջ առաջարկած էի, որ սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւնները եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւնները, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ խորհրդակցութեամբ, նախաձեռնեն միջազգային քարոզարշաւի մը` Ազրպէյճանի թեկնածութեան հակազդելու համար: Ես կոչ կ՛ընէի աշխարհի բոլոր հայերուն, որ դիմեն իրենց բնակութեան երկիրներու կառավարութիւններուն` խնդրելով, որ անոնք չաջակցին Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ազրպէյճանի թեկնածութեան:
Ցաւօք, ո՛չ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ո՛չ ալ սփիւռքահայ ղեկավարները նման համակարգուած ջանքերու նախաձեռնեցին: Երկու ամիս առաջ, երբ 50 երկիրներէ պատուիրակներ հաւաքուած էին Երեւան, հոն կայացող Համահայկական համաժողովին նպատակով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները պէտք էր օգտուէին այդ առիթէն, եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ու անհատ գործիչներու հետ միասին մշակէին Ազրպէյճանի թեկնածութեան հակազդելուն ուղղուած ռազմավարութիւն: Հետաքրքրականօրէն, համաժողովի օրակարգի թեմաներէն մէկը «Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման կառուցակարգեր»-ուն մասին էր: Նման քննարկումներ օգտակար են, եթէ անոնց յաջորդեն գործողութիւններ:
Բարեբախտաբար հայերու համընդհանուր համակարգման գործունէութեան հիմքերը վերջերս ի գործ դրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած աշխատանքներուն: Այս նպատակով Երեւանի մէջ քանի մը ամիս առաջ տեղի ունեցաւ նախնական նիստ մը: Թուրքիան արդէն յայտարարած է, որ պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը 2015 թուականին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին անդամ դառնալու, ճիշդ այն ժամանակ, երբ հայերը պիտի նշեն Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Հարց կը յառաջանայ. «Արդեօ՞ք հայերը չորս տարի ետք աւելի լաւ կերպով պատրաստուած պիտի ըլլան հակազդելու համար Թուրքիոյ թեկնածութեան, քան էին այս տարի` Ազրպէյճանի թեկնածութեան հակազդելու հարցով»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print



