Tuesday May 21, 2013

«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՆԵՐԱՌԵԱԼ` ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ, ՄԵԾ ՅՈՅՍԵՐ ԿԸ ԿԱՊԷԻՆ ՔԱԶԱՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՖՐԷՅԶԸՐ

By adminx - Sat Nov 05, 7:52 am

Սապինա Ֆրէյզըր

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միջազգային ճգնաժամային խմբակի Եւրոպական ծրագիրներու ղեկավար Սապինա Ֆրէյզըր Պաքուի մէջ յայտնած է, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ տեղաշարժեր չեն սպասուիր:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ մէջ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Այնուհետեւ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ», ըսած է Ֆրէյզըր` նշելով, որ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընտրութիւններու նախաշեմին բանակցային հոլովոյթները կը դանդաղին:

«Միջազգային հանրութիւնը, ներառեալ` համանախագահները, մեծ յոյսեր կը կապէին քազանեան հանդիպումին: Դժբախտաբար, այդ հանդիպումը արդիւնք չտուաւ», ըսած է Միջազգային ճգնաժամի խմբակի Եւրոպական ծրագիրներու ղեկավարը:

Սապինա Ֆրէյզըր ընդգծած է, որ եթէ նոյնիսկ բարձր մակարդակով հանդիպումներ տեղի չունենան, ապա շատ կարեւոր են երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւններուն միջեւ հանդիպումները:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement