ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ՍԻՐՈՂՆԵՐՈՒ ՑԵՂԱԽՈՒՄԲԸ
By adminx - Sat Nov 05, 9:00 am
- 0 Comments
- 58 views
- Tweet
Email
Print
Միլա, Լուի եւ անոնց ծնողները բաւական լեցուն շաբաթավերջեր ունին: Անոնք կը շինեն անջրպետանաւեր, բերդեր, մարդամեքենաներու տարազներ… Անոնք ձեռային աշխատանքի իսկական սիրահարներ են:
Միլայի եւ Լուի ծնողները` Ֆրետ եւ Ֆափիեն, ձեռային աշխատանքի այնքան սիրահար են, որ այս ժամանցը արհեստի վերածած են: Անոնք միասին կ՛երեւակայեն հացավաճառի խանութներու ներսի յարդարումը եւ դասաւորումը, որպէսզի անոնք միաժամանակ գեղեցիկ եւ գործնական ըլլան: Անոնք իրենց այս սէրը փոխանցած են իրենց զաւակներուն` անոնց փոքր տարիքէն:
***
Ընտանիքը առարկաներ կը ստեղծէ յատկապէս ուրիշ առարկաներու իբրեւ տուփ ծառայող խաւաքարտներ, գործածուած հին մեքենաներ, ինչպէս, օրինակի համար, գորգի հին մեքենայ մը… Կաղանդի առիթով անոնք շինած են 2 մեթր երկայնք ունեցող հրշէջներու փոխադրակառք մը, Հալոուինի համար` բաճկոնակ մը, որուն մէջէն անցած էր ծառ կտրելիք ինքնագործ սղոց մը, մարդամեքենայի ծպտուելու տարազ մը` Միլային Բարեկենդանի հաւաքոյթին համար եւ այլն: Անոնք այս ձեռային աշխատանքները կ՛ընեն հաճոյքի համար, հետեւաբար ամէն առիթ կ՛օգտագործեն:
***

Իւրաքանչիւրը իր գաղափարները կ՛առաջարկէ: Ապա պէտք է լուծումները գտնել` ընտրուած ծրագիրը իրականացնելու համար: Մարդամեքենայի տարազին համար, Ֆրետ եւ Լուի ներշնչուած են համացանցին վրայէն գտնուած ծալուած թուղթով օրինակէ մը: Ֆապիէն մտածած է համակարգիչի մուկի տուփի խաւաքարտը օգտագործել մարդամեքենային գլխուն վրայի պզտիկ բացուածքը ընելու համար:
***
Յաճախ Լուի եւ Ֆրետ կը սկսին նախ գծել իրարու միացուելիք կտորները: Միլա զանոնք կտրող ածելիով կը կտրէ: Ապա մեծերը բոլոր կտորները իրարու կ՛ագուցեն եւ կը միացնեն: Լուի կը զբաղի մանրամասնութիւններով եւ կ՛աւելցնէ երկրորդական կտորները` կոճակ, պեխ, սուր, պզտիկ լոյսեր եւ այլն: Եւ վերջապէս, Միլա կը ներկէ:
***
Ընտանիքը կ՛ընտրէ առաւելագոյնը երկու շաբաթէն իրագործուելիք ծրագիրներ` չձանձրանալու համար: Երբեմն մարդիկ իրենց գործեր կ՛ապսպրեն, ինչպէս, օրինակի համար, Միլային դպրոցի հանդէսին զարդարանքները: Սակայն յաճախ անոնք կը ներշնչուին ամէնօրեայ կեանքէն, ժապաւէններէն կամ վիտէօ-խաղերէն: Իրենց համար ամէնէն կարեւորը միասին աշխատիլ եւ հաճելի ժամանակ անցընելն է:
ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ՁՈՒԿԸ
Այս իւրայատուկ ձուկին «փուշերուն» վրայ կրնաս անցընել պզտիկ նոթեր, նկարներ…
ՊԷտք ունիս
Ճիւղի մը, խաւաքարտի, ջրաներկի, կպչուն երիզի, բարակ թելի:
Ինչպէ՞ս

3) Այս երկու կտորները փակցուր ճիւղին երկու կողմերը: Փակցուր նաեւ բարակ թելի պզտիկ կտոր մը: Ներկէ ամբողջութիւնը
ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐԿՆԱՔԵՐՆԵՐ
ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ
Առաջին երկնաքերները յայտնուած են 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այդ ժամանակաշրջանին պէտքը կար շինելու որքան կարելի էր բարձր շէնքեր` առաւելագոյն կերպով օգտուելու համար հողին տարածքէն, որուն գինը շատ բարձր էր:
1870-ական թուականներուն տարբեր նորութիւններ կարելիութիւնը տուին շինելու տասնեակաւոր մեթր բարձրութեամբ շէնքեր` Նիւ Եորքի եւ Շիքակոյի մէջ. արդի վերելակ, ջրհան, որ կրնար ջուրը հասցնել մինչեւ բարձր յարկերը, պողպատէ կառոյցներ (եւ այլեւս` ոչ փայտէ), որոնք կրնային շալկել բարձր յարկերու ծանրութիւնը…
Այժմ երկնաքեր մը կարելիութիւնը կու տայ քաղաքի մը կամ երկրի մը` աշխարհին ցոյց տալու, որ իրենք զարգացած են եւ ունին բարձր արհեստագիտութեան:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՓԻԶԱՅԻ ԱՇՏԱՐԱԿԸ ԾՌԱԾ Է
Փիզայի աշտարակին առաջին քարը դրուած է 1174-ի օգոստոսին, եւ առաջին յարկի շինութեան աւարտէն քիչ ետք, անիկա սկսաւ դէպի հարաւ հակիլ, որովհետեւ անոր հիմքերը կքած են հողին բնոյթին պատճառով:
Փիզայի աշտարակը, որուն շինարարութիւնը սկսած է 12-րդ դարու վերջաւորութեան, ռոմանական ոճ ունի: Անիկա ունի 54,50 մեթր բարձրութիւն, 8 յարկ եւ ունի կլոր դարձող աստիճան մը:
1993 թուականին, ուղղահայեաց առանցքին համեմատած, անոր թեքութիւնը հասած է 4,47 մեթրի. այս պատճառով նորոգութեան աշխատանքներ անմիջապէս կազմակերպուած են: Անոնք մեծ յաջողութիւն ունեցած են, եւ ըստ երեւոյթին, աշտարակէն հեռացուած է մօտակայ փլուզումի վտանգը: Այս կառոյցը ներկայիս Իտալիոյ խորհրդանիշներէն մէկն է:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
ԿԱՐՄԻՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԸ ԿԱՐՄԻՐ ՉԷ
Կարմիր հրապարակը այսպէս անուանուած է, որովհետեւ ռուսերէն «կարմիր» ածականը, «գեղեցիկ» ածականին պէս կ՛ըսուի, քրասնի:
Մոսկուայի բնակիչները շատ կը սիրէին ընդարձակ Կարմիր հրապարակը, որովհետեւ հոնկէ կարելի էր դիտել ու զմայլիլ անոր մէկ կողմը կառուցուած Ս. Վասիլ Շնորհալիի տաճարով:
Հետեւաբար այս հրապարակը իր անունը չի պարտիր մօտակայ Քրեմլին ամրոցին քարէ պարիսպներուն, ո՛չ ալ որովհետեւ կարմիրը 1917-1991 թուականին երկիրը կառավարող համայնավար վարչաձեւին նախասիրած գոյնն էր:
ԺԱՄԱՆՑ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
- 0 Comments
- 58 views
- Tweet
Email
Print











